Loading...

Genesis 11

Genesis 10  ‹  Genesis 11  ›  Genesis 12  »  Exodus


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՇՏԱՐԱԿԸ

1

Ամբողջ երկիրը մէ՛կ լեզու եւ մէ՛կ խօսուածք ունէր։

2

Երբ արեւելքէն կը ճամբորդէին, Սենաարի երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։

3

Եւ իրարու ըսին. «Եկէ՛ք աղիւսներ շինենք, ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ եղան, եւ կուպրը անոնց 1շաղախի տեղ եղաւ։

4

Նաեւ ըսին. «Եկէ՛ք մեզի քաղաք մը եւ աշտարակ մը կառուցանենք, որուն գագաթը մինչեւ երկինք հասնի, ու մեզի անուն 2վաստկինք, որ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ չցրուինք»։

5

Եւ Տէրը իջաւ մարդոց որդիներուն կառուցանած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու։

6

Տէրը ըսաւ. «Ահա՛ ասոնք մէկ ժողովուրդ են, եւ բոլորին լեզուն մէ՛կ է. ասիկա շինելու սկսան, ու հիմա ոչինչ պիտի արգիլէ զանոնք ընելէ ինչ որ կը խորհին։

7

Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէսզի մէկը միւսին լեզուն 3չհասկնայ»։

8

Ու Տէրը անկէ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ցրուեց զանոնք, եւ քաղաքը կառուցանելէն դադրեցան։

9

Ատոր համար անոր անունը 4Բաբելոն կոչուեցաւ, քանի որ Տէրը հոն ամբողջ երկրի լեզուն խառնակեց, ու Տէրը անկէ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ցրուեց զանոնք։


ՍԷՄԻ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 24-27)

10

Ահա՛ւասիկ Սէմի ծնունդները. Սէմ հարիւր տարեկան էր՝ երբ ծնաւ Արփաքսադը ջրհեղեղէն երկու տարի ետք։

11

Սէմ Արփաքսադը ծնանելէն ետք՝ հինգ հարիւր տարի ապրեցաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։

12

Արփաքսադ երեսունհինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Սաղան։

13

Արփաքսադ Սաղան ծնանելէն ետք՝ չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։

14

Սաղա երեսուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Եբերը։

15

Սաղա Եբերը ծնանելէն ետք՝ չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

16

Եբեր երեսունչորս տարի ապրեցաւ, եւ ծնաւ Փաղէկը։

17

Եբեր Փաղէկը ծնանելէն ետք՝ չորս հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։

18

Փաղէկ երեսուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ռագաւը։

19

Փաղէկ Ռագաւը ծնանելէն ետք՝ երկու հարիւր ինը տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

20

Ռագաւ երեսուներկու տարի ապրեցաւ, եւ ծնաւ Սերուգը։

21

Ռագաւ Սերուգը ծնանելէն ետք՝ երկու հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։

22

Սերուգ երեսուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Նաքովրը։

23

Սերուգ Նաքովրը ծնանելէն ետք՝ երկու հարիւր տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

24

Նաքովր քսանինը տարի ապրեցաւ, եւ ծնաւ Թարան։

25

Նաքովր Թարան ծնանելէն ետք՝ հարիւր տասնինը տարի ապրեցաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։

26

Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը։


ԹԱՐԱՅԻ ԶԱՐՄԸ

27

Ահա՛ւասիկ Թարայի ծնունդները։ Թարա ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը. Առան ծնաւ Ղովտը։

28

Առան մեռաւ իր հօր՝ Թարայի առջեւ, իր 5ծննդավայրին՝ Քաղդէացիներուն Ուր քաղաքին մէջ։

29

Աբրամ ու Նաքովր իրենց կիներ առին. Աբրամի կնոջ անունը Սարա էր, իսկ Նաքովրի կնոջ անունը՝ Մեղքա, աղջիկը Առանի՝ որ Մեղքայի ու Յեսքայի հայրն էր։

30

Սարա ամուլ էր. զաւակ չունէր։

31

Թարա՝ իր որդին Աբրամը, իր թոռը՝ Առանի որդին Ղովտը, ու իր որդիին՝ Աբրամի կինը, իր հարսը՝ Սարան առաւ, եւ անոնց հետ Քաղդէացիներուն Ուր քաղաքէն ելաւ՝ Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան ու հոն բնակեցան։

32

Թարայի օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան, եւ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ։



1 Եբր.՝ կաւի
2 Եբր.՝ ընենք
3 Եբր.՝ մտիկ չընէ
4 Այսինքն՝ Խառնակութիւն
5 Եբր.՝ ծնունդի երկրին