Loading...

Genesis 12

Genesis 11  ‹  Genesis 12  ›  Genesis 13  »  Exodus


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԱԲՐԱՄԸ

1

Տէրը Աբրամի ըսաւ. «Քու երկրէդ, ազգականներէդ ու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ։

2

Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ, եւ քեզ պիտի օրհնեմ. քու անունդ պիտի մեծցնեմ, ու դուն 1օրհնեա՜լ պիտի ըլլաս։

3

Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ, քեզ անիծողները պիտի անիծեմ, ու երկրագունդի բոլոր գերդաստանները քեզմո՛վ պիտի օրհնուին»։

4

Եւ Աբրամ գնաց՝ ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր. Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունհինգ տարեկան էր՝ երբ Խառանէն դուրս ելաւ։

5

Աբրամ առաւ իր կինը՝ Սարան, իր եղբօրորդին՝ Ղովտը, իրենց վաստկած ամբողջ ինչքը, եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած անձերը, ու դուրս ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան,

6

եւ Աբրամ այդ երկրէն անցաւ մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մորէի կաղնին։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այդ երկրին մէջ։

7

Տէրը երեւցաւ Աբրամի ու ըսաւ. «Քու զարմի՛դ պիտի տամ այս երկիրը»։ Եւ հոն զոհասեղան կառուցանեց Տէրոջ՝ որ իրեն երեւցաւ։

8

Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը փոխադրուեցաւ, ու իր վրանը լարեց՝ Բեթէլը 2արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով. եւ հոն Տէրոջ զոհասեղան կառուցանեց ու Տէրոջ անունը կանչեց։

9

Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը ճամբորդէր։


ԱԲՐԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

10

Այդ երկրին մէջ սով եղաւ. եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ՝ հոն պանդխտանալու համար, որովհետեւ այդ երկրին մէջ սովը սաստկցաւ։

11

Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ՝ Սարայի ըսաւ. «3Ահա՛ գիտեմ թէ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես։

12

Թերեւս երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն՝ ըսեն. “Ասիկա անոր կինն է”, ու զիս սպաննեն, բայց քեզ ողջ պահեն։

13

Կ’աղերսե՛մ, ըսէ՛ թէ դուն քոյրս ես, որ քու պատճառովդ ինծի բարիք ըլլայ, եւ քու պատճառովդ իմ անձս ողջ մնայ»։

14

Երբ Աբրամ Եգիպտոս հասաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը՝ որ շատ գեղեցիկ էր։

15

Փարաւոնի իշխանաւորներն ալ տեսան, եւ գովեցին զայն Փարաւոնի առջեւ. ու կինը Փարաւոնի տունը 4տարուեցաւ։

16

Անոր պատճառով Աբրամի բարիք ըրաւ, եւ ան ոչխարներ, արջառներ ու էշեր, ստրուկներ ու ստրկուհիներ, մատակ էշեր եւ ուղտեր ունեցաւ։

17

Բայց Տէրը մեծ ախտերով հարուածեց Փարաւոնն ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարայի պատճառով։

18

Փարաւոն կանչեց Աբրամը եւ ըսաւ. «Այս ի՞նչ է՝ որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չիմացուցիր թէ ասիկա կինդ է։

19

Ինչո՞ւ ըսիր. “Ասիկա քոյրս է”. ես ալ զայն ինծի կին պիտի առնէի։ Ուստի հիմա ահա՛ կինդ. առ՛ ու գնա՛»։

20

Եւ Փարաւոն իր մարդոց պատուիրեց անոր մասին, ու զայն ուղարկեցին՝ իր կնոջ հետ եւ իր ամբողջ ունեցածով։



1 Եբր.՝ օրհնութիւն
2 Եբր.՝ ծովուն
3 Եբր.՝ Ահա՛ կ’աղերսե՛մ,
4 Եբր.՝ առնուեցաւ