Genesis 46
Genesis 45 ‹ Genesis 46 › Genesis 47 » Exodus
ՅԱԿՈԲ ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ Կ’ԵՐԹԱՅ ԵԳԻՊՏՈՍ
1Իսրայէլ իր ամբողջ ունեցածով մեկնեցաւ, Բերսաբէ հասաւ, եւ իր հօր՝ Իսահակի Աստուծոյն զոհեր մատուցանեց։
2Աստուած գիշերը՝ տեսիլքի մէջ Իսրայէլի երեւցաւ ու ըսաւ. «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։
3Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։ Անոր ըսաւ. «Ես Աստուած եմ, քու հօրդ Աստուածը։ Եգիպտոս իջնելու մի՛ վախնար, որովհետեւ հոն մեծ ազգ մը պիտի ընեմ քեզ։
4Ե՛ս քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ ե՛ս քեզ անշուշտ պիտի հանեմ, ու Յովսէ՛փ քու աչքերուդ վրայ պիտի դնէ իր ձեռքը»։
5Յակոբ Բերսաբէէն 1մեկնեցաւ. Իսրայէլի որդիները փոխադրեցին իրենց հայրը՝ Յակոբը, իրենց մանուկներն ու կիները այն սայլերով՝ որ Փարաւոն ղրկեց զայն փոխադրելու համար։
6Առին իրենց խաշինքը եւ ինչքը, որ վաստկած էին Քանանի երկրին մէջ, ու Եգիպտոս եկան՝ Յակոբ եւ իր ամբողջ զարմը իրեն հետ.
7իր որդիներն ու որդիներուն որդիները իրեն հետ, իր աղջիկներն ու որդիներուն աղջիկները, եւ իր ամբողջ զարմը իրեն հետ Եգիպտոս բերաւ։
8Ահա՛ւասիկ անունները Իսրայէլի որդիներուն՝ որ Եգիպտոս եկան, Յակոբ եւ իր որդիները։ Յակոբի անդրանիկը՝ Ռուբէն,
9ու Ռուբէնի որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քարմի։
10Շմաւոնի որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին ու Սահառ, եւ քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ։
11Ղեւիի որդիները՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։
12Յուդայի որդիները՝ Էր, Օնան, Սելոմ, Փարէս եւ Զարա. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Փարէսի որդիները՝ Եսրոն եւ Համուլ։
13Իսաքարի որդիները՝ Թովղա, Փուա, 2Յոբ ու Սամրոն։
14Զաբուղոնի որդիները՝ Սարեդ, Ելոն եւ Յաղէլ։
15Ասոնք Լիայի որդիներն են, որ Միջագետքի մէջ ծնաւ Յակոբի, ու անոր աղջիկը՝ Դինան։ Անոր բոլոր որդիները եւ աղջիկները՝ երեսուներեք անձ էին։
16Գադի որդիները՝ Սափոն ու Անգի, Սունի եւ Եսբոն, Էրի, Արոդի ու Արելի։
17Ասերի որդիները՝ Յեմնա, Յեսուա, Յեսուի, Բարիա, եւ անոնց քոյրը՝ Սարա. Բարիայի որդիները՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ։
18Ասոնք Զեղփայի որդիներն են՝ որ Լաբան իր Լիա աղջիկին տուաւ, ու ան ծնաւ ասոնք Յակոբի՝ տասնվեց անձ։
19Յակոբի կնոջ՝ Ռաքէլի որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին։
20Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ Մանասէ ու Եփրեմ ծնան Յովսէփի, որ Արեգ քաղաքի քուրմին՝ Պետափրայի աղջիկը՝ Ասանէթ ծնաւ անոր։
21Բենիամինի որդիները՝ Բաղա, Բոքոր եւ Ասբէլ, Գերա ու Նէեման, Էհի եւ Ռովս, Մուփիմ, Ոփիմ ու Արեդ։
22Ասոնք Ռաքէլի որդիներն են՝ որ ծնան Յակոբի, բոլորը՝ տասնչորս անձ։
23Դանի որդին՝ Հուսիմ։
24Նեփթաղիմի որդիները՝ Յասիէլ, Գունի, Յասեր եւ Սիլլեմ։
25Ասոնք Բաղղայի որդիներն են՝ որ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկին տուաւ, ու ան ծնաւ ասոնք Յակոբի. բոլորը եօթը անձ էին։
26Յակոբի հետ Եգիպտոս եկող բոլոր անձերը, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբի որդիներուն կիներէն զատ՝ բոլորը վաթսունվեց անձ էին։
27Եւ Յովսէփի որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու անձ էին։ Եգիպտոս գացող Յակոբի ամբողջ տունը՝ եօթանասուն անձ էին։
ՅԱԿՈԲ ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
28Ան իր առջեւէն Յուդան ղրկեց Յովսէփի՝ որ 3Գեսէմը ցուցնէ իրեն՝՝, եւ անոնք Գեսէմի երկիրը հասան։
29Յովսէփ իր կառքը լծեց, ու իր հայրը՝ Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսէմ բարձրացաւ։ Երբ զայն տեսաւ, անոր վիզին վրայ ինկաւ, ու երկար ատեն անոր վիզին վրայ լացաւ։
30Իսրայէլ Յովսէփի ըսաւ. «4Այժմ՝ քու երեսդ տեսնելէս ետք՝ թող մեռնիմ, որովհետեւ տակաւին ողջ ես»։
31Յովսէփ իր եղբայրներուն եւ հօր տան ըսաւ. «Պիտի բարձրանամ, Փարաւոնի իմացնեմ, եւ անոր ըսեմ. “Իմ եղբայրներս ու հօրս ընտանիքը, որ Քանանի երկրին մէջ էին, ինծի եկան։
32Այս մարդիկը հովիւներ են, որովհետեւ խաշինքի տէր են, եւ իրենց ոչխարները, արջառներն ու ամբողջ ունեցածը բերին”։
33Երբ Փարաւոն ձեզ կանչէ եւ ըսէ. “Ի՞նչ է ձեր արհեստը”,
34ըսէ՛ք. “Քու ծառաներդ՝ մեր մանկութենէն մինչեւ հիմա, մե՛նք ալ, մեր հայրե՛րն ալ, խաշնարած ենք”. որպէսզի Գեսէմի երկրին մէջ բնակիք, որովհետեւ ամէն հովիւ՝ Եգիպտացիներուն առջեւ գարշելի է»։