Genesis 48
Genesis 47 ‹ Genesis 48 › Genesis 49 » Exodus
ՅԱԿՈԲ Կ’ՕՐՀՆԷ ԵՓՐԵՄՆ ՈՒ ՄԱՆԱՍԷՆ
1Այս բաներէն ետք՝ Յովսէփի ըսուեցաւ. «Ահա՛ քու հայրդ հիւանդ է»։ Ան ալ իր երկու որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ իրեն հետ առաւ։
2Յակոբի իմացուցին եւ ըսին. «Ահա՛ քու որդիդ՝ Յովսէփ քեզի կու գայ»։ Իսրայէլ ուժովցաւ ու մահիճին վրայ նստաւ։
3Յակոբ Յովսէփի ըսաւ. «Ամենակարող Աստուածը ինծի երեւցաւ Քանանի երկիրը՝ Լուզի մէջ, զիս օրհնեց,
4եւ ինծի ըսաւ. “Ահա՛ քեզ պիտի աճեցնեմ ու բազմացնեմ, քեզ ժողովուրդներու համախմբում մը պիտի ընեմ, եւ այս երկիրը քեզմէ ետք քու զարմիդ պիտի տամ՝ իբր յաւիտենական կալուած”։
5Հիմա քու երկու որդիներդ, որ քեզի ծնան Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ Եգիպտոս քեզի գալէս առաջ, ի՛մս են. Եփրեմն ու Մանասէն՝ Ռուբէնի եւ Շմաւոնի պէս ի՛մս պիտի ըլլան։
6Անոնցմէ ետք քու ծնած 1զաւակներդ քո՛ւկդ ըլլան, ու իրենց ժառանգութեան մէջ՝ իրենց եղբայրներուն անուններով կոչուին։
7Երբ Միջագետքէն կու գայի, Ռաքէլ ճամբան մեռաւ՝ իմ քովս, Քանանի երկրին մէջ, երբ տակաւին քիչ մը տեղ կար Եփրաթա երթալու. եւ զայն հո՛ն՝ Եփրաթայի, այսինքն՝ Բեթլեհէմի ճամբային մէջ թաղեցի»։
8Իսրայէլ Յովսէփի որդիները տեսաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ են ասոնք»։
9Յովսէփ իր հօր ըսաւ. «Իմ որդիներս են, որ Աստուած հոս ինծի տուաւ»։ Ան ալ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի՛ բեր զանոնք՝ որպէսզի օրհնեմ»։
10Իսրայէլի աչքերը ծերութենէն ծանրացած էին, այնպէս որ չէր կրնար տեսնել։ Յովսէփ զանոնք մօտեցուց անոր. ան ալ զանոնք համբուրեց ու գրկեց։
11Իսրայէլ Յովսէփի ըսաւ. «Ես չէի մտածեր քու երեսդ տեսնել, եւ ահա՛ Աստուած քու զարմդ ալ ցուցուց ինծի»։
12Յովսէփ հանեց զանոնք անոր ծունկերէն, ու իր դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ երկրպագեց։
13Յովսէփ առաւ անոնց երկուքն ալ, Եփրեմը իր աջ ձեռքով՝ Իսրայէլի ձախ կողմը, եւ Մանասէն իր ձախ ձեռքով՝ Իսրայէլի աջ կողմը, ու մօտեցուց անոր։
14Իսրայէլ իր աջ ձեռքը երկարեց եւ Եփրեմի գլուխին վրայ դրաւ՝ որ կրտսերն էր, ու իր ձախ ձեռքը՝ Մանասէի գլուխին վրայ. ան գիտակցաբար իր ձեռքերը փոխեց, որովհետեւ Մանասէ անդրանիկն էր,
15եւ Յովսէփը օրհնեց՝ ըսելով. «Այն Աստուածը, որուն առջեւ իմ հայրերս՝ Աբրահամ եւ Իսահակ ընթացան, այն Աստուածը՝ որ ծնած ատենէս մինչեւ այսօր զիս սնուցանեց,
16այն Հրեշտակը՝ որ զիս ամէն չարիքէ ազատեց, թող օրհնէ այս պատանիները, ու իմ անունս եւ իմ հայրերուս՝ Աբրահամի ու Իսահակի անունը ասոնց վրայ թող կանչուի, ու երկրին մէջ թող յոյժ շատնան»։
17Երբ Յովսէփ տեսաւ թէ իր հայրը աջ ձեռքը Եփրեմի՛ գլուխին վրայ դրաւ, ատիկա 2իրեն անհաճոյ՝՝ եղաւ. ուստի իր հօր ձեռքը բռնեց, որպէսզի զայն Եփրեմի գլուխին վրայէն 3փոխադրէ Մանասէի գլուխին վրայ։
18Յովսէփ իր հօր ըսաւ. «Ո՛չ այդպէս, իմ հա՛յրս, որովհետեւ ա՛յս է անդրանիկը. քու աջ ձեռքդ ասո՛ր գլուխին վրայ դիր»։
19Իսկ հայրը մերժեց եւ ըսաւ. «Գիտե՛մ, որդեա՛կս. գիտե՛մ, ասիկա՛ ալ ժողովուրդ պիտի ըլլայ, ու ասիկա՛ ալ մեծ պիտի ըլլայ. բայց անոր պզտիկ եղբայրը անկէ աւելի՛ մեծ պիտի ըլլայ, եւ անոր զարմը ազգերու 4բազմութիւն պիտի ըլլայ»։
20Այդ օրը զանոնք օրհնեց ու ըսաւ. «Իսրայէլ քեզմով պիտի օրհնէ՝ ըսելով. “Աստուած քեզ Եփրեմի պէս եւ Մանասէի պէս ընէ”». ու Եփրեմը Մանասէէն առաջ դրաւ։
21Իսրայէլ Յովսէփի ըսաւ. «Ահա՛ ես կը մեռնիմ. բայց Աստուած ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ու ձեզ պիտի վերադարձնէ ձեր հայրերուն երկիրը։
22Քու եղբայրներէդ մէ՛կ բաժին աւելի տուի քեզի, որ Ամորհացիներուն ձեռքէն իմ սուրովս եւ աղեղովս առի»։