Loading...

Genesis 49

Genesis 48  ‹  Genesis 49  ›  Genesis 50  »  Exodus


ՅԱԿՈԲԻ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ

1

Յակոբ իր որդիները կանչեց եւ ըսաւ. «Հաւաքուեցէ՛ք, որպէսզի ձեզի իմացնեմ ի՛նչ որ վերջին օրերը ձեզի պիտի պատահի։

2

Հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք, Յակոբի՛ որդիներ, Ձեր հօր՝ Իսրայէլի մտի՛կ ըրէք։

3

Ռուբէ՛ն, դո՛ւն ես իմ անդրանիկս, Իմ ոյժս, եւ իմ կորովիս սկիզբը, Գերազանց՝ վեհութեան մէջ, գերազանց՝ զօրութեան մէջ։

4

Ջուրի պէս եռացիր. առաջին պիտի չըլլաս, Որովհետեւ քու հօրդ անկողինը ելար. Այն ատեն պղծեցիր զայն։ (Իմ անկողի՜նս ելաւ։)

5

Շմաւոն ու Ղեւի եղբայրներ են. Իրենց սուրերը բռնութեան գործիքներ են։

6

Իմ անձս անոնց գաղտնիքներուն մէջ թող չմտնէ, Իմ փառքս անոնց համախմբումին թող չմիանայ. Որովհետեւ իրենց բարկութեամբ մարդ սպաննեցին, Եւ իրենց քմահաճոյքին համար ցուլի ջիղ կտրեցին։

7

Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը՝ որովհետեւ սաստիկ էր, Ու անոնց ցասումը՝ քանի որ խիստ էր. Զանոնք Յակոբի մէջ պիտի բաժնեմ, Եւ զանոնք Իսրայէլի մէջ պիտի ցրուեմ։

8

Յուդա՛, քու եղբայրներդ քեզ պիտի գովեն. Քու ձեռքդ քու թշնամիներուդ ծոծրակին վրայ պիտի ըլլայ, Քու հօրդ որդիները քեզի պիտի երկրպագեն։

9

Յուդա առիւծի ձագ է. Որդեա՛կս, 1կողոպուտէն վերադարձար՝՝։ Առիւծի պէս ծռեցաւ, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. Զայն ո՞վ պիտի արթնցնէ։

10

Իշխանութեան գաւազանը Յուդայէ պիտի չհեռանայ, Ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, Մինչեւ որ 2Սելովը գայ Ու ժողովուրդները անոր հնազանդին։

11

Իր աւանակը որթատունկին պիտի կապէ, Եւ իր մատակ իշուն ձագը՝ ընտիր որթատունկին։ Իր պատմուճանը գինիով պիտի լուայ, Ու իր հանդերձը՝ խաղողի արիւնով։

12

Իր աչքերը՝ գինիէն կարմիր, Եւ իր ակռաները՝ կաթէն ճերմակ պիտի ըլլան։

13

Զաբուղոն ծովուն եզերքը պիտի բնակի. Ան նաւերուն հանգիստը պիտի ըլլայ, Եւ անոր 3սահմանը մինչեւ Սիդոն պիտի հասնի։

14

Իսաքար ուժեղ էշ մըն է՝ Որ գոմերուն մէջտեղ կը պառկի։

15

Տեսնելով թէ հանգստութիւնը լաւ էր, Ու երկիրը հաճելի էր, Իր ուսը ծռեց՝ բեռ կրելու, Եւ հարկատու հպատակ եղաւ։

16

Դան իր ժողովուրդը պիտի դատէ՝ Իսրայէլի տոհմերէն մէկուն պէս։

17

Դան ճամբայի վրայ օձ մը պիտի ըլլայ, Ուղիի վրայ՝ իժ մը, Որ ձիուն կրունկը կը խածնէ, Այնպէս որ հեծեալը 4կռնակի վրայ՝՝ կ’իյնայ։

18

Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ յուսացի։

19

Գադի վրայ գունդ մը պիտի յարձակի, Բայց վերջապէս ի՛նք պիտի յարձակի։

20

Ասերի հացը պարարտ պիտի ըլլայ, Եւ ինք թագաւորի համադամ կերակուրներ պիտի տայ։

21

Նեփթաղիմ գեղեցիկ խօսքեր 5արտասանող Ազատ արձակուած եղնիկ մըն է։

22

Յովսէփ պտղատու 6ոստ մըն է, Աղբիւրի քով տնկուած պտղատու ոստ մը, Որուն բողբոջները պատի վրայ կ’ելլեն։

23

Աղեղնաւորները դառնացուցին զայն, Նետաձիգ եղան անոր ու ատեցին զայն.

24

Բայց անոր աղեղը տոկուն մնաց, Եւ իր 7ձեռքերն ու բազուկները՝՝ ուժովցան Յակոբի հզօր Աստուծոյն ձեռքերով։ Իսրայէլի վէմը եղող հովիւը անկէ է,

25

Քու հօրդ Աստուծմէն է՝ որ քեզի պիտի օգնէ, Ամենակարողէն՝ որ քեզ պիտի օրհնէ Վերէն՝ երկինքի օրհնութիւններով, Վարը պառկող անդունդին օրհնութիւններով, Ծիծերուն եւ արգանդին օրհնութիւններով։

26

Քու հօրդ օրհնութիւնները՝ 8իմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն բարձրացան Մինչեւ յաւիտենական բլուրներուն գագաթը՝՝. Յովսէփի գլուխին վրայ պիտի ըլլան, Անոր գագաթին վրայ՝ որ իր եղբայրներուն մէջէն նուիրաբերուած է։

27

Բենիամին բզքտող գայլ պիտի ըլլայ. Առտուն որսը պիտի լափէ, Եւ իրիկունը աւարը պիտի բաժնէ»։

28

Ասոնք բոլորը Իսրայէլի տասներկու տոհմերն են. ա՛յս է՝ որ իրենց հայրը խօսեցաւ անոնց, եւ օրհնեց զանոնք։ Իւրաքանչիւրին օրհնութեան համեմատ օրհնեց զանոնք,

29

ու պատուիրեց անոնց. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի ամփոփուիմ։ Իմ հայրերուս հետ ա՛յն քարայրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնի արտին մէջ է.

30

այն քարայրին մէջ, որ Քանանի երկիրը՝ Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, որ Աբրահամ արտին հետ Քետացի Եփրոնէ գնեց՝ իբր գերեզմանի կալուած։

31

Աբրահամը եւ անոր կինը՝ Սառան հոն թաղեցին. Իսահակն ու անոր կինը՝ Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի.

32

այդ արտը եւ հոն եղող քարայրը Քետի որդիներէն գնուեցան»։

33

Երբ Յակոբ աւարտեց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը մահիճին մէջ ամփոփեց, շունչը տուաւ, եւ իր ժողովուրդին մէջ ամփոփուեցաւ։



1 Եբր.՝ որսէն բարձրացար
2 Այսինքն՝ խաղաղը, կամ՝՝ որուն կը վայլէ
3 Եբր.՝ կողմը
4 Եբր.՝ ետեւ
5 Եբր.՝ տուող
6 Եբր.՝ որդի
7 Եբր.՝ ձեռքերուն բազուկները
8 Կամ՝ մշտնջենաւոր լեռներուն օրհնութիւններէն, եւ յաւիտենական բլուրներուն վայելչութենէն վեր զօրացան