Isaiah 4
Song of Solomon « Isaiah 3 ‹ Isaiah 4 › Isaiah 5 » Jeremiah
1
1Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն եւ ըսեն. «Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք, Միայն թէ քու անունովդ կոչուինք՝ Մեր նախատինքը 2վերցնելու համար»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
2Այն օրը՝ Տէրոջ շառաւիղը Փառաւոր եւ պատուական պիտի ըլլայ, Ու երկրին պտուղը մեծափառութեան եւ շքեղութեան համար պիտի ըլլայ Իսրայէլի ազատուածներուն.
3Այն ատեն՝ Սիոնի մէջ ճողոպրածը Ու Երուսաղէմի մնացորդը, Այսինքն՝ Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ 3մնացողները Սուրբ պիտի 4կոչուին,
4Երբ Տէրը Սիոնի աղջիկներուն աղտը լուայ, Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։
5Տէրը Սիոն լերան իւրաքանչիւր բնակավայրին վրայ, Եւ անոր ժողովատեղիներուն վրայ, Ցերեկը՝ ամպ եւ մուխ պիտի ստեղծէ, Ու գիշերը՝ պայծառ կրակի բոց, Որովհետեւ ամբողջ փառքին վրայ ամպհովանի մը պիտի ըլլայ։
6Տաղաւար մը պիտի ըլլայ՝ Իբր հովանի՝ ցերեկուան 5տաքութեան դէմ, Եւ իբր 6ապաստանարան ու 7ծածկոյթ՝ 8Փոթորիկին եւ անձրեւին դէմ։