Loading...

Isaiah 5

Song of Solomon  «  Isaiah 4  ‹  Isaiah 5  ›  Isaiah 6  »  Jeremiah


ԱՅԳԻԻՆ ԵՐԳԸ

1

Հիմա իմ սիրելիիս երգեմ Սիրականիս երգը՝ իր այգիին մասին. Իմ սիրելիս այգի մը ունէր Շատ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։

2

Զայն ցանկապատեց, մէջէն քարերը հանեց, Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։ Անոր մէջտեղը աշտարակ կառուցանեց, Ու հոն հնձան մըն ալ փորեց, Եւ կ’ակնկալէր որ խաղող տար. Բայց ան ազոխ տուաւ։

3

Ուստի հիմա դո՛ւք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ, Իմ եւ այգիիս միջեւ 1դատաւո՛ր եղէք՝՝։

4

Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ ընելու էի՝ Որ անոր չըրի. Ան ինչո՞ւ ազոխ տուաւ, Երբ կ’ակնկալէի որ խաղող տայ։

5

Հետեւաբար հիմա ձեզի գիտցնեմ Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս.— Անոր շրջափակը պիտի 2քակեմ, որպէսզի անասուններու 3ճարակ ըլլայ՝՝. Անոր ցանկապատը պիտի 4քանդեմ, որպէսզի կոխկռտուի։

6

Զայն խոպանացած պիտի թողում. Ան պիտի չյօտուի ու չբրուի, Եւ ցախ ու փուշ պիտի բուսցնէ. Թանձր ամպերուն պիտի հրամայեմ՝ Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղացնեն։

7

Արդարեւ զօրքերու Տէրոջ այգին Իսրայէլի տունն է, Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր հաճելի տունկը. Ան իրաւունքի կը սպասէր, եւ ահա՛ արիւնահեղութիւն եղաւ, Արդարութիւն կ’ակնկալէր, եւ ահա՛ աղաղակ լսուեցաւ։


ՄԱՐԴՈՑ ԸՐԱԾ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

8

Վա՜յ անոնց՝ որ տունը տան 5կը միացնեն՝՝, Արտ արտի վրայ 6կ’աւելցնեն, Մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ Եւ մինակ 7բնակին երկրին մէջ։

9

Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս ըսաւ. «Իրա՛ւ շատ տուներ ամայի պիտի ըլլան, Մեծ ու գեղեցիկ տուներ բնակիչ պիտի չունենան.

10

Արդարեւ տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ, Եւ մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։

11

Վա՜յ անոնց՝ որ առտուն կանուխ կ’ելլեն Ու օղի խմելու հետամուտ կ’ըլլան, Եւ մթնշաղին ալ կ’ուշանան, Մինչեւ որ գինին զիրենք բոցավառէ։

12

Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ, Թմբուկ, սրինգ եւ գինի կայ. Բայց Տէրոջ արարքներուն 8ուշադրութիւն չեն դարձներ՝՝, Եւ անոր ձեռքերուն գործերը չեն տեսներ։

13

Ուստի իմ ժողովուրդս կը տարագրուի՝ Քանի որ Տէրը 9չի ճանչնար՝՝, Անոր պատուաւոր 10մարդիկը սովամահ կ’ըլլան, Եւ բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։

14

Հետեւաբար 11դժոխքը ինքզինք կ’ընդարձակէ, Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ. 12Անոնց փառաւորութիւնն ու բազմութիւնը, Եւ ժխորն ու հրճուանքը անոր մէջ պիտի իջնեն.

15

Ռամիկ մարդը նկուն պիտի ըլլայ, Ազնուական մարդը պիտի նուաստանայ, Եւ խրոխտներուն աչքերը պիտի 13ցածնան.

16

Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ, Սուրբ Աստուածը արդարութեամբ 14պիտի փառաւորուի՝՝։

17

Գառները հոն պիտի արածին որպէս թէ իրենց արօտավայրին մէջ, Եւ 15գաղթականնե՛րը պիտի ուտեն հարուստներուն աւերակները՝՝։

18

Վա՜յ անոնց՝ որ անօրէնութիւնը ունայնութեան պարաններով կը քաշեն, Ու մեղքը՝ որպէս թէ սայլի փոկերով։

19

Անոնք կ’ըսեն. «Թող շտապէ, Իր գործը թող փութացնէ՝ որպէսզի զայն տեսնենք։ Իսրայէլի Սուրբին խորհուրդը Թող մօտենայ ու գայ, որպէսզի զայն գիտնանք»։

20

Վա՜յ անոնց՝ որ չարին բարի կ’ըսեն, ու բարիին՝ չար. Որ խաւարը լոյս 16կը սեպեն՝՝, ու լոյսը՝ խաւար. Որ դառնը քաղցր կը սեպեն, ու քաղցրը՝ դառն։

21

Վա՜յ անոնց՝ որ իրենց աչքերուն իմաստուն են, Եւ իրենց առջեւ՝ խելացի։

22

Վա՜յ անոնց՝ որ գինի խմելու համար զօրաւոր են, Ու օղի խառնելու համար՝ կտրիճ.

23

Որ կաշառքով ամբարիշտը կ’արդարացնեն, Եւ 17արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն՝՝։

24

Հետեւաբար՝ ինչպէս խոզանը կրակէն կը սպառի, Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը 18հատնի, Այնպէս ալ անոնց արմատը 19պիտի նեխի՝՝, Եւ անոնց ծաղիկը 20պիտի փոշիանայ՝՝, Որովհետեւ զօրքերու Տէրոջ օրէնքը մերժեցին, Ու Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։

25

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ, Եւ անոնց վրայ ձեռքը երկարեց ու զարկաւ զանոնք, Այնպէս որ լեռները սարսեցան, Ու անոնց դիակները փողոցներուն մէջ 21աղբի պէս մնացին՝՝. Հակառակ այս բոլորին՝ անոր բարկութիւնը չկասեցաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկարած է։

26

Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի բարձրացնէ, Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։ Ահա՛ անոնք արտորալով եւ արագօրէն պիտի գան։

27

Անոնցմէ ո՛չ մէկը պարտասած պիտի ըլլայ, ո՛չ մէկը պիտի գայթի. Ո՛չ մէկը պիտի մրափէ, ո՛չ ալ քնանայ։ Ո՛չ մէկուն մէջքի գօտին պիտի քակուի, Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի փրթի։

28

Անոնց նետերը սուր են, Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։ Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը 22նմանին, Եւ կառքերուն անիւները փոթորիկի պէս են։

29

Անոնք մատակ առիւծի պէս կը մռնչեն. Կորիւններու պէս կը մռնչեն, Կը գոռան, որսը կը 23յափշտակեն Ու կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։

30

Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոռան՝ ծովուն գոռումին պէս, Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա՛ խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ, Ու լոյսը անոր 24ամպերուն մէջ պիտի խաւարի։



1 Եբր.՝ դատեցէ՛ք
2 Եբր.՝ վերցնեմ
3 Եբր.՝ այրի
4 Եբր.՝ պատռեմ
5 Եբր.՝ կը դպցնեն
6 Եբր.՝ կը մօտեցնեն
7 Եբր.՝ բնակիք
8 Եբր.՝ չեն նայիր
9 Եբր.՝ ճանաչում չունի
10 Եբր.՝ այր մարդիկը
11 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը
12 Եբր.՝ Անոր
13 Եբր.՝ նուաստանան
14 Եբր.՝ սուրբ պիտի ըլլայ
15 Կամ՝ պարարտ ուլե՛րը պիտի ճարակին աւերակներուն մէջ
16 Եբր.՝ կ’ընեն
17 Եբր.՝ արդարէն իր իրաւունքը կը հանեն
18 Եբր.՝ տկարանայ
19 Եբր.՝ նեխութեան պէս պիտի ըլլայ
20 Եբր.՝ փոշիի պէս պիտի բարձրանայ
21 Եբր.՝ աղբ եղան
22 Եբր.՝ սեպուին
23 Եբր.՝ բռնեն
24 Կամ՝ երկինքին