Loading...

Isaiah 6

Song of Solomon  «  Isaiah 5  ‹  Isaiah 6  ›  Isaiah 7  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԵՍԱՅԻՆ՝ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ

1

Ոզիա թագաւորին մահուան տարին՝ Տէրը տեսայ, որ բարձր ու 1վեհանիստ գահի մը վրայ բազմած էր. անոր 2քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։

2

Վերեւը սերովբէներ կեցած էին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վեց թեւ ունէր. երկուքով իրենց երեսը կը ծածկէին, երկուքով իրենց ոտքերը կը ծածկէին, ու երկուքով կը թռչէին։

3

Իրարու գոչելով կ’ըսէին. «Սո՛ւրբ, սո՛ւրբ, սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Ամբողջ երկիրը անոր փառքով լեցուն է»։

4

3Գոչիւնին ձայնէն սեմերուն հիմերը ցնցուեցան, եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։

5

Ուստի ըսի. «Վա՜յ ինծի, ահա՛ կը կորսուիմ, Որովհետեւ ես 4պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ, Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մը մէջ կը բնակիմ, Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը՝ Թագաւորը տեսան»։

6

Բայց սերովբէներէն մէկը իմ քովս թռաւ, ձեռքը 5կայծ մը ունենալով՝ որ զոհասեղանէն ունելիով առած էր։

7

Բերանիս դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա՛ ասիկա քու շրթունքիդ դպաւ. Ուստի անօրէնութիւնդ ջնջուեցաւ Եւ մեղքդ քաւուեցաւ»։

8

Յետոյ լսեցի Տէրոջ ձայնը՝ որ կ’ըսէր. «Ո՞վ ղրկեմ, ու մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ես ալ պատասխանեցի. «Ահա՛ հոս եմ, զի՛ս ղրկէ»։

9

Այն ատեն ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. “6Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, 7Շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չգիտնաք”։

10

Այս ժողովուրդին սիրտը 8ընդարմացո՛ւր, Անոր ականջները ծանրացո՛ւր եւ աչքերը գոցէ՛, Որպէսզի իր աչքերով չտեսնէ, ականջներով չլսէ, Սիրտով չհասկնայ, եւ դարձի չգայ ու չբուժուի»։

11

Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով 9ամայանան, Տուներուն մէջ մարդ չըլլայ, Ու 10երկիրը բոլորովին աւերուի.

12

Մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը, Եւ երկրին մէջ մեծ 11ամայութիւն ըլլայ։

13

Սակայն անոր մէջ դեռ տասներորդ մաս մը պիտի մնայ, Ան 12պիտի վերադառնայ եւ՝՝ 13սպառի. Ինչպէս բեւեկնիին ու կաղնիին բունը կը մնայ՝ երբ տապալին, Այնպէս ալ սուրբ զարմը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ»։



1 Եբր.՝ բարձրացած
2 Եբր.՝ փէշերը
3 Եբր.՝ Գոչողին
4 Եբր.՝ անմաքուր
5 Կամ՝ տաք քար
6 Եբր.՝ Լսելով
7 Եբր.՝ Տեսնելով
8 Եբր.՝ պարարտացո՛ւր
9 Եբր.՝ անբնակ ըլլան
10 Եբր.՝ հողը
11 Եբր.՝ լքուածութիւն
12 Կամ՝ դարձեալ պիտի
13 Եբր.՝ այրի