Job 1
Esther « Esther 10 ‹ Job 1 › Job 2 » Psalm
ՍԱՏԱՆԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՅՈԲԸ
1Հուսի երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այդ մարդը պարկեշտ, ուղիղ եւ աստուածավախ էր, ու չարութենէ կը հեռանար։
2Անոր եօթը որդի ու երեք աղջիկ ծնան։
3Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար, երեք հազար ուղտ, հինգ հարիւր զոյգ եզ եւ հինգ հարիւր մատակ էշ էր, ու յոյժ շատ ծառաներ ունէր։ Այդ մարդը բոլոր 1արեւելքցիներէն մեծ էր։
4Անոր որդիները կ’երթային, եւ իւրաքանչիւրը իր օրը իր տան մէջ խնճոյք կը սարքէր. մարդ ղրկելով իրենց երեք քոյրերը կը հրաւիրէին, որպէսզի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։
5Երբ խնճոյքին օրերը կ’աւարտէին, Յոբ 2կանչել կու տար զանոնք՝՝ եւ կը սրբացնէր. առտուն կանուխ ելլելով՝ անոնց բոլորին թիւով ողջակէզներ կը մատուցանէր, որովհետեւ Յոբ կ’ըսէր. «Թերեւս որդիներս մեղանչեցին, եւ իրենց սիրտին մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Յոբ 3ամէն ատեն՝՝ այսպէս կ’ընէր։
64Օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին 5Տէրոջ առջեւ ներկայանալու. 6Սատանան ալ գնաց անոնց մէջ։
7Տէրը Սատանային ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան Տէրոջ պատասխանեց. «Երկրի վրայ շրջագայելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։
8Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ ծառայիս՝ Յոբի 7ուշադրութիւն դարձուցի՞ր՝՝։ Երկրի վրայ անոր պէս պարկեշտ եւ ուղիղ, աստուածավախ ու չարութենէ հեռացող մարդ չկայ»։
9Սատանան Տէրոջ պատասխանեց. «Միթէ Յոբ ձրի՞ 8կը պաշտէ Աստուած՝՝։
10Դուն զինք, անոր տունը եւ անոր բոլոր ունեցածները չցանկապատեցի՞ր. անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր, ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։
11Հիմա ձեռքդ երկարէ՛ եւ անոր ամբողջ ունեցածին դպչէ՛, ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։
12Տէրը Սատանային ըսաւ. «Ահա՛ անոր ամբողջ ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իր վրայ ձեռք մի՛ երկարեր»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջ առջեւէն 9գնաց։
ՅՈԲԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ
13Օր մը անոր որդիներն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօր տան մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։
14Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբի եւ ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածէին,
15Սաբայեցիները յարձակեցան, զանոնք առին, եւ ծառաները սուրի բերանէ անցուցին. միայն ե՛ս ճողոպրեցայ, ու եկայ՝ որպէսզի քեզի պատմեմ»։
16Երբ ան տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Երկինքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ, ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց. միայն ե՛ս ճողոպրեցայ, եւ եկայ՝ որպէսզի քեզի պատմեմ»։
17Երբ ան տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները՝ երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք յափշտակեցին, ու ծառաները սուրի բերանէ անցուցին. միայն ե՛ս ճողոպրեցայ, եւ եկայ՝ որպէսզի քեզի պատմեմ»։
18Երբ ան տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Մինչ որդիներդ եւ աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօր տան մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին,
19ահա՛ անապատէն մեծ հով մը եկաւ, տան չորս կողմերը այնպէս զարկաւ՝ որ երիտասարդներուն վրայ փլաւ, եւ անոնք մեռան. միայն ե՛ս ճողոպրեցայ, ու եկայ՝ որպէսզի քեզի պատմեմ»։
20Այն ատեն Յոբ կանգնեցաւ, իր պարեգօտը պատռեց եւ գլուխին մազերը կտրեց, ու գետինը իյնալով երկրպագեց
21եւ ըսաւ. «Մօրս 10արգանդէն մերկ ելայ, ու հոն մերկ պիտի վերադառնամ։ Տէ՛րը տուաւ ու Տէ՛րը առաւ, օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրոջ անունը»։
22Այս բոլորին մէջ Յոբ չմեղանչեց, եւ Աստուծոյ հանդէպ 11անպատշաճ չեղաւ՝՝։