Job 2
Esther « Job 1 ‹ Job 2 › Job 3 » Psalm
ՍԱՏԱՆԱՆ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՅՈԲԸ
1Ուրիշ օր մըն ալ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջ առջեւ ներկայանալու։ Սատանան ալ գնաց անոնց մէջ՝ Տէրոջ առջեւ ներկայանալու։
2Տէրը Սատանային ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան Տէրոջ պատասխանեց. «Երկրի վրայ շրջագայելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։
3Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ ծառայիս՝ Յոբի 1ուշադրութիւն դարձուցի՞ր՝՝։ Երկրի վրայ անոր պէս պարկեշտ եւ ուղիղ, աստուածավախ ու չարութենէ հեռացող մարդ չկայ։ Ան տակաւին իր պարկեշտութեան կառչած է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել որ զայն առանց 2պատճառի 3կորսնցնեմ»։
4Սատանան Տէրոջ պատասխանեց. «Մորթի տեղ՝ մորթ. մարդ մը իր ամբողջ ստացուածքը իր կեանքին համար կու տայ։
5Բայց հիմա ձեռքդ երկարէ՛ եւ անոր ոսկորին ու մարմինին դպչէ՛, ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։
6Տէրը Սատանային ըսաւ. «Ահա՛ զայն քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ պահէ՛ անոր կեանքը»։
7Սատանան Տէրոջ առջեւէն 4գնաց, ու Յոբը՝ ոտքին ներբանէն մինչեւ գագաթը՝ 5չարչարալից պալարներով զարկաւ։
8Ան ալ 6խեցատ մը առաւ՝ որպէսզի անով քերուի, ու մոխիրի մէջ նստաւ։
9Անոր կինը իրեն ըսաւ. «Դուն տակաւին պարկեշտութեանդ կը կառչի՞ս. Աստուծո՛յ հայհոյէ ու մեռի՛ր»։
10Յոբ անոր ըսաւ. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք, ու 7չարիք չընդունի՞նք»։ Այս բոլորին մէջ Յոբ իր շրթունքով չմեղանչեց։
ՅՈԲԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ
11Յոբի երեք բարեկամները, Թեմանացի Եղիփազ, 8Սոքեցի Բաղդատ, ու Նաամացի Սոփար, երբ լսեցին անոր վրայ հասած այս բոլոր ձախորդութիւնները, եկան՝ իւրաքանչիւրը իր տեղէն. իրարու հանդիպելով՝ գացին անոր ցաւակցելու եւ զինք մխիթարելու։
12Հեռուէն իրենց աչքերը վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զայն. ուստի իրենց ձայնը բարձրացնելով լացին։ Իւրաքանչիւրը իր պարեգօտը պատռելով՝ դէպի երկինք նետելով հող ցանեցին իրենց գլուխին վրայ։
13Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետինը նստան. ո՛չ մէկը անոր խօսք մը ըսաւ, որովհետեւ տեսան թէ անոր կոտտանքը յոյժ սաստիկ էր։