Loading...

Job 3

Esther  «  Job 2  ‹  Job 3  ›  Job 4  »  Psalm


ՅՈԲԻ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

1

Անկէ ետք Յոբ իր բերանը բացաւ եւ իր օրը անիծեց։

2

Յոբ 1խօսեցաւ ու ըսաւ.

3

«Կորսուի՛ այն օրը՝ երբ ես ծնայ, Եւ այն գիշերը՝ որուն մէջ ըսին. “2Արու զաւակ՝՝ մը 3ծնաւ”։

4

Այդ օրը խաւար ըլլայ. Աստուած չփնտռէ զայն վերէն, Ու երբեք լոյս չփայլի անոր վրայ։

5

Խաւարն ու մահուան շուքը 4սեփականացնեն զայն, Ամպը ծածկէ զայն. Օրուան մթութիւնը վախցնէ զայն։

6

Այդ գիշերը մութը պաշարէ. Անիկա տարուան օրերուն 5չմիանայ, Եւ ամիսներուն մէջ 6չհամրուի։

7

Ահա՛ այդ գիշերը թող անպտուղ մնայ, Ու անոր մէջ ցնծութեան ձայն չմտնէ։

8

Օրը անիծողները թող անիծեն զայն, Որոնք պատրաստ են 7վիշապը արթնցնելու։

9

Անոր այգաբացին աստղերը թող աղօտանան. Լոյսին թող սպասէ ու չունենայ, Արշալոյսին 8ճառագայթները չտեսնէ.

10

Որովհետեւ իմ մօրս 9արգանդին դռները չգոցեց, Եւ տաժանքը աչքերէս չծածկեց։

11

Ինչո՞ւ մօրս արգանդին մէջ շունչս չտուի, Ու չկորսուեցայ՝ երբ որովայնէն ելայ։

12

Ինչո՞ւ ծունկերը 10ընդունեցին զիս՝՝, Եւ ինչո՞ւ ծիծ տուին ինծի՝ որ ես ծծեմ։

13

Արդարեւ հիմա պառկած 11կը հանգչէի՝՝ ու կը քնանայի. Այդ ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝

14

Իրենց համար աւերակները 12վերակառուցանող Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ,

15

Կամ ոսկի ունեցող իշխանաւորներուն հետ, Որոնք իրենց տունը արծաթով կը լեցնեն.

16

Կամ թէ 13պահուած վիժածի մը պէս 14կ’ոչնչանայի, Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։

17

Հոն ամբարիշտները մարդ վրդովելէն կը դադրին Ու հոն ոյժէ ինկածները կը հանգստանան։

18

Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին, Եւ ա՛լ չեն լսեր ճնշողին ձայնը։

19

Պզտիկն ու մեծը հոն են, Ստրուկն ալ իր տիրոջմէն ազատ արձակուած է։

20

Ինչո՞ւ թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս, Ու դառնահոգիներուն՝ կեանք տրուի.

21

Անոնք մահուան կը սպասեն՝ բայց ան չի գար, Եւ պահուած գանձերէն աւելի կը փնտռեն զայն.

22

Երբ գերեզմանը գտնեն՝ Չափազանց կ’ուրախանան ու կը բերկրին։

23

Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի 15մարդու մը՝ որուն ճամբան ծածկուած է, Եւ Աստուած 16արգելափակած է զայն ամէն կողմէ.

24

Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հառաչանքս կու գայ, Ու 17աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։

25

Արդարեւ ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի՝ ա՛ն ինծի հանդիպեցաւ, Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի՝ ա՛ն ինծի հասաւ։

26

Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն, Ո՛չ ալ հանդարտութիւն. հապա վրդովումը եկած է իմ վրաս»։



1 Եբր.՝ պատասխանեց
2 Եբր.՝ Զօրաւոր մարդ
3 Եբր.՝ յղացուեցաւ
4 Կամ՝ պղծեն
5 Կամ՝ մէջ չուրախանայ
6 Եբր.՝ չթուարկուի
7 Եբր.՝ Լեւիաթանը
8 Եբր.՝ թարթիչները
9 Եբր.՝ փորին
10 Եբր.՝ իմ առջեւս եկան
11 Եբր.՝ հանդարտ կը կենայի
12 Եբր.՝ կառուցանող
13 Կամ՝ թաղուած
14 Եբր.՝ չէի ըլլար
15 Եբր.՝ զօրաւոր մարդու
16 Եբր.՝ ծածկած
17 Եբր.՝ մռնչիւններս