Loading...

Job 4

Esther  «  Job 3  ‹  Job 4  ›  Job 5  »  Psalm


ԱՌԱՋԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (4. 1-14. 22)

1

Այն ատեն Թեմանացի Եղիփազ պատասխանեց.

2

«Արդեօք պիտի ձանձրանա՞ս՝ եթէ փորձենք քեզի խօսիլ։ Բայց ո՞վ կրնայ ինքզինք զսպել՝ որ չխօսի։

3

Ահա՛ դուն շատերը խրատեցիր, Եւ տկար ձեռքերը ուժովցուցիր.

4

Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին, Ու դուն տկարացած ծունկերը զօրացուցիր։

5

Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ, եւ հիւծեցար. Քեզի դպաւ, ու բոլորովին շփոթեցար։

6

Միթէ 1աստուածպաշտութիւնդ քու յոյսդ չէ՞, Ու ճամբաներուդ պարկեշտութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։

7

Կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛. ո՞ր անմեղը անհետացաւ, Եւ ո՞ւր ուղիղները անհետացան։

8

Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն սերմանողները նոյնը կը հնձեն։

9

Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին, Ու անոր ռունգերուն հովէն կը 2բնաջնջուին։

10

Ան կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ 3մռնչող առիւծին՝՝ ձայնը, Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։

11

Առոյգ առիւծը առանց որսի կը կորսուի, Ու մատակ առիւծին ձագերը կը ցրուին։

12

Ինծի խօսք մը գաղտագողի ըսուեցաւ, Եւ անոր շշունջը ականջս 4հասաւ.

13

Գիշերուան տեսիլքներու կասկածներուն մէջ եղած ատենս, Երբ թմբիր մը մարդոց վրայ կ’իյնայ,

14

Երկիւղ մը եկաւ վրաս, Ու դող մը ցնցեց բոլոր ոսկորներս։

15

Առջեւէս ոգի մը անցաւ, Ու մարմինիս մազերը ցցուեցան։

16

Ան կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ, ու ձայն մը լսեցի՝ որ կ’ըսէր.

17

“Միթէ մարդը Աստուծմէ աւելի արդար կրնա՞յ ըլլալ, 5Մարդը իր Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ”։

18

Ահա՛ անիկա իր ծառաներուն չի վստահիր, Եւ իր հրեշտակներուն վրայ ալ թերութիւն կը գտնէ.

19

Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք՝ որ կաւէ տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը 6հողին մէջ է, եւ ցեցի պէս կը ճզմուին։

20

Անոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը 7ճնշուին, Եւ առանց մէկուն 8ուշադրութիւն դարձնելուն՝՝ ընդմիշտ կը կորսուին։

21

Ահա՛ անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի. Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։



1 Եբր.՝ Աստուծոյ վախդ
2 Եբր.՝ սպառին
3 Կամ՝ վագրին
4 Եբր.՝ ստացաւ
5 Եբր.՝ Զօրաւոր մարդը
6 Կամ՝ փոշիին
7 Եբր.՝ ծեծուին
8 Եբր.՝ սիրտին մէջ դնելուն