Job 5
Esther « Job 4 ‹ Job 5 › Job 6 » Psalm
1
«Հիմա գոչէ՛. արդեօք կա՞յ մէկը՝ որ քեզի պատասխանէ, Եւ սուրբերէն որո՞ւն պիտի դարձնես քու երեսդ։
2Ստոյգ է թէ գրգռութիւնը յիմարը կը սպաննէ, Ու նախանձը 1անմիտը կը մեռցնէ։
3Ես յիմարին արմատանալը տեսայ, Բայց իսկոյն անոր բնակութիւնը անիծեցի։
4Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են. Անոնք դրան մէջ կը կոխկռտուին Եւ ազատող մը չկայ։
5Անօթի՛ն կ’ուտէ անոր հունձքը, Ու զայն փուշերու մէջէն իսկ կը յափշտակէ. Եւ 2ծարաւա՛ծը կը կլլէ անոնց գոյքերը։
6Արդարեւ պատուհասը հողէն չ’ելլեր, Ու տաժանքը գետինէն չի բուսնիր.
7Թէպէտ մարդը տաժանքի համար կը ծնի, Ինչպէս 3կրակի կայծերը՝՝ վեր կը թռչին։
8Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, Իմ հարցս Աստուծոյ պիտի յանձնէի,
9Որ անհետազօտելի մեծագործութիւններ կը կատարէ, Սքանչելիքներ՝ առանց թիւի։
10Ի՛նք երկրի վրայ անձրեւ կու տայ, Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ։
11Նաեւ ցածերը կը բարձրացնէ, Եւ 4սգաւորները ապահովութեան կը 5հասցնէ։
12Ի՛նք խորամանկներուն 6հնարքները կը ձախողեցնէ, Որպէսզի անոնց ձեռքերը չկարենան իրենց գաղափարները գործադրել։
13Իմաստունները իրենց 7խորագիտութեան մէջ կը բռնէ, Ու խոտորածներուն խորհուրդը շուտով կը խափանուի.
14Ցերեկը խաւարի կը հանդիպին, Եւ կէսօրին կը խարխափեն՝ ինչպէս գիշերուան մէջ։
15Իսկ աղքատը սուրէն, անոնց բերանէն Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ.
16Այսպէս՝ չքաւորը յոյս կ’ունենայ, Սակայն 8անիրաւը իր բերանը կը գոցէ։
17Ահա՛ երանելի է այն մարդը՝ որ Աստուած կը յանդիմանէ։ Ուրեմն Ամենակարողին պատիժը մի՛ անարգեր.
18Արդարեւ ի՛նք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ, Ի՛նք կը խոցէ եւ իր ձեռքերը կը բուժեն։
19Վեց տագնապներէ քեզ պիտի ազատէ, Ու եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի.
20Սովի ժամանակ քեզ մահէն պիտի ազատէ, Եւ պատերազմի մէջ՝ սուրին ձեռքէն։
21Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս, Ու կործանումէն պիտի չվախնաս՝ երբ ան գայ։
22Կործանումին եւ սովին վրայ պիտի ծիծաղիս, Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս.
23Արդարեւ դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի կնքես, Եւ դաշտին գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին։
24Պիտի գիտնաս թէ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ. Քու բնակարանդ աչքէ պիտի անցընես, ու 9ոչինչ պակաս պիտի գտնես՝՝։
25Պիտի գիտնաս թէ զարմդ բազմաթիւ է, Ու քու շառաւիղներդ՝ երկրի բոյսին պէս։
2610Լա՛ւ ծերացած՝՝ գերեզմանը պիտի մտնես, Ցորենի խուրձի մը պէս՝ որ իր ժամանակին կը վերցնեն։
27Ահա՛ մենք ասիկա 11քննեցինք, այս այսպէս է. Մտիկ ըրէ՛ ասիկա ու գիտցի՛ր զայն՝ քու բարիքիդ համար»։