Job 6
Esther « Job 5 ‹ Job 6 › Job 7 » Psalm
1
Յոբ պատասխանեց.
2«Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս լաւ կշռուէր, Ու իմ աղէտս միասին կշիռքի մէջ դրուէր,
3Քանի որ ան հիմա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլար. Հետեւաբար իմ խօսքերս կը 1հատնին։
4Արդարեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսս են, Իմ հոգիս անոնց ժահրը կը ծծէ. Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմի շարուած են։
5Միթէ վայրենի էշը դալարին քով կը զռնչէ՞, Կամ եզը իր 2կերին քով կը բառաչէ՞։
6Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։
7Այն բաները, որոնց անձս կը մերժէր դպչիլ, Իմ 3զազրելի կերակուրս՝՝ եղան։
8Երանի՜ թէ խնդրանքս կատարուէր, Եւ Աստուած տար իմ ակնկալածս,
9Այսինքն՝ Աստուած բարեհաճէր զիս ճզմել, Ու ձեռքը 4երկարելով զիս տապալէր՝՝։
10Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ, Եւ անխնայ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Քանի որ Սուրբին խօսքերը չուրացայ։
11Ոյժս ի՞նչ է՝ որ 5դիմանամ, Ու վախճանս ի՞նչ է՝ որ կեանքս երկարեմ։
12Միթէ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղինձէ՞ է։
13Միթէ 6օգնութենէ զրկուած չե՞մ՝՝, Եւ օժանդակութիւնը 7հեռացած չէ՞ ինձմէ։
14Թշուառութեան մէջ եղողը՝ իր բարեկամին կարեկցութեան կը կարօտի, Բայց ան Ամենակարողին վախը կը լքէ։
15Իմ եղբայրներս անհաւատարիմ եղան՝ վտակներու պէս, Ձորերու վտակներու պէս՝ որոնք 8կ’անհետանան՝՝.
16Անոնք սառէն կը մթագնին, Երբ 9անոնց մէջ ձիւնը կը թաքնուի՝՝.
17Սակայն 10հոսելէ ետք՝՝ կը ցամքին, Տաք ատեն իրենց տեղէն կ’աներեւութանան։
18Կարաւանները իրենց ուղիէն կը շեղին, Բայց 11զուր տեղը՝՝ բարձրանալով՝ կը կորսուին.
19Թեմայի կարաւանները կը նայէին, Սաբայի ճամբորդները անոնց կը յուսային.
20Սակայն ամչցան՝ քանի որ կը վստահէին, Երթալու ատեն շիկնեցան։
21Արդարեւ ինծի անօգուտ էք. Զարհուրանք տեսաք, ու սոսկացիք։
22Միթէ ձեզի ըսի՞. “Բերէ՛ք ինծի, Ընծա՛յ տուէք ինծի ձեր ստացուածքէն”։
23Կամ. “Ազատեցէ՛ք զիս հակառակորդին ձեռքէն, Փրկեցէ՛ք զիս բռնակալներուն ձեռքէն”։
24Սորվեցուցէ՛ք ինծի, ու պիտի լռեմ. Հասկցուցէ՛ք ինծի թէ ի՛նչ բանի մէջ սխալեր եմ։
25Ուղիղ խօսքերը ո՛րչափ 12պարտաւորիչ են. Բայց ձեր կշտամբանքը ի՞նչ կը 13նշանակէ։
26Արդեօք խօսքերո՞ւ համար կը մտածէք զիս կշտամբել. Յուսահատին խօսքերը հով են։
27Մանաւանդ որբին վրայ կ’իյնաք, Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։
28Ուստի հիմա հաճեցէ՛ք ինծի նայիլ. Միթէ ձեր 14առջեւ կը ստե՞մ։
29Վերադարձէ՛ք, կ’աղերսե՛մ, որ անիրաւութիւն չըլլայ. Այո՛, դա՛րձեալ վերադարձէք, որ ասով իմ արդարութիւնս յայտնուի։
30Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս աղէտը չի՞ կրնար զանազանել»։