Job 7
Esther « Job 6 ‹ Job 7 › Job 8 » Psalm
1
«Միթէ մարդը երկրի վրայ զինուորութեան ասպարէզ մը չունի՞, Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն։
2Ինչպէս ստրուկը իրիկուան շուքին կը փափաքի Ու վարձկանը իր 1աշխատավարձին կը սպասէ,
3Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են ինծի, Եւ թշուառութեան գիշերներ սահմանուած են ինծի։
4Պառկած ատենս կ’ըսեմ. “Ե՞րբ պիտի ելլեմ, Եւ իրիկունը ե՞րբ պիտի անցնի”. Մինչեւ այգաբաց անհանգստութեամբ կը 2լեցուիմ։
5Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է. Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։
6Օրերս ոստայնանկի կկոցէն արագընթաց են, Եւ կը սպառին առանց յոյսի։
7Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է. Աչքս ասկէ ետք բարիք պիտի չտեսնէ,
8Զիս տեսնողին աչքերը դարձեալ զիս պիտի չդիտեն. Քու աչքերդ իմ վրաս յառած են, ու ես պիտի 3չքանամ։
9Ինչպէս ամպը 4կ’անհետանայ եւ կ’երթայ, Այնպէս 5դժոխք իջնողը վեր պիտի չելլէ.
10Ա՛լ իր տունը պիտի չվերադառնայ, Եւ իր բնակարանը ա՛լ զինք պիտի չճանչնայ։
11Ուստի իմ բերանս պիտի չզսպեմ. Հոգիիս տագնապով պիտի խօսիմ, 6Սիրտիս դառնութեամբ պիտի գանգատիմ։
12Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ 7կէ՞տ, Որ վրաս պահակագունդ կը դնես։
13Երբ կ’ըսեմ. “Մահիճս զիս պիտի հանգստացնէ, Եւ անկողինս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ”,
14Զիս երազներով կը վախցնես Ու տեսիլքներով կը զարհուրեցնես։
15Ուստի անձս կը նախընտրէ խեղդուելով մեռնիլ, Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը։
16Ես ձանձրացած եմ, ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։ Թո՛ղ զիս, որովհետեւ իմ օրերս ունայնութիւն են։
17Մարդը ո՞վ է՝ որ զայն 8մեծ բան մը կը համարես՝՝, Եւ 9անոր հոգ կը տանիս՝՝.
18Ամէն առտու զինք աչքէ կ’անցընես, Ամէն վայրկեան զինք կը փորձարկես։
19Մինչեւ ե՞րբ նայուածքդ ինծի պիտի դարձնես. Պիտի թողո՞ւս որ թուքս կլլեմ։
20Եթէ մեղանչած եմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ մարդոց Պահապան. Ինչո՞ւ զիս քու նշանակէտդ ըրիր, ու ես ինծի բեռ եղայ։
21Ինչո՞ւ յանցանքս չես ներեր, Եւ իմ անօրէնութիւնս չես 10հեռացներ. Որովհետեւ հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ Ու եթէ 11փութով զիս փնտռես՝ պիտի 12չգտնուիմ»։