Loading...

Job 8

Esther  «  Job 7  ‹  Job 8  ›  Job 9  »  Psalm


1

Այն ատեն սոքեցի Բաղդատ պատասխանեց.

2

«Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս, Ու բերանիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։

3

Միթէ Աստուած իրաւունքը կը ծռէ՞, Կամ Ամենակարողը արդարութիւնը կը ծռէ՞։

4

Եթէ քու որդիներդ անոր դէմ մեղանչեր են, Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք։

5

Եթէ 1փութով Աստուած փնտռես Ու Ամենակարողին աղաչես,

6

Եթէ ամբիծ եւ ուղիղ ըլլաս, Անշուշտ ան հիմա քեզի համար պիտի արթննայ, Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։

7

Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, Վախճանդ յոյժ պիտի մեծնայ։

8

Ուրեմն հարցո՛ւր նախորդ սերունդներուն, Եւ պատրաստուէ՛ անոնց հայրերը հետազօտելու.

9

(Արդարեւ մենք երէկուընէ ենք, ու բան մը չենք գիտեր, Քանի որ մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է։)

10

Ահա՛ անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին, Եւ իրենց սիրտէն խօսքեր պիտի հանեն։

11

Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։

12

Դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չփրցուած՝ Ան կը չորնայ ամէն խոտէ առաջ։

13

Այսպէս պիտի ըլլան ուղիները բոլոր անոնց՝ որ Աստուած կը մոռնան, Ու 2կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի.

14

Անոր յոյսը պիտի կտրուի, Եւ անոր վստահութիւնը սարդի 3ոստայնին պէս պիտի ըլլայ.

15

Ան իր տան պիտի կռթնի, Բայց ան կայուն պիտի չըլլայ. Անոր պիտի կառչի, Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։

16

4Արեւը չծագած՝՝ դալար է, Եւ անոր մատաղատունկը իր եղած պարտէզին մէջ 5կը բուսնի՝՝։

17

Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ու քարերուն տունը կը տեսնէ։

18

Եթէ մէկը զայն իր տեղէն 6խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զայն՝ ըսելով. “Ես քեզ չտեսայ”։

19

Ահա՛ ա՛յս է անոր ճամբային բերկրանքը, Եւ հողէն ուրիշներ պիտի բուսնին։

20

Ահա՛ Աստուած պարկեշտ մարդը չի մերժեր, Ո՛չ ալ չարագործները կ’ուժովցնէ,

21

Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ, Ու շրթունքդ՝ ուրախութեան գոչիւնով.

22

Քեզ ատողները ամօթ պիտի հագնին, Եւ ամբարիշտներուն վրանը պիտի չքանայ»։



1 Եբր.՝ արշալոյսին
2 Կամ՝ ամբարիշտին
3 Եբր.՝ տան
4 Եբր.՝ Արեւէն առաջ
5 Եբր.՝ դուրս կ’ելլէ
6 Եբր.՝ կլլէ