Job 9
Esther « Job 8 ‹ Job 9 › Job 10 » Psalm
1
Յոբ պատասխանեց.
2«Ի՛րապէս այդպէս ըլլալը գիտեմ. Բայց մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։
3Եթէ ուզէ անոր հետ վիճիլ, Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխանել։
4Ան սիրտով իմաստուն է, եւ ոյժով՝ կարող. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու 1յաջողութիւն գտեր է։
5Ան լեռները կը տեղափոխէ, եւ անոնք չեն գիտնար. Իր բարկութեամբ զանոնք տակնուվրայ կ’ընէ։
6Երկիրը իր տեղէն կը սարսէ, Ու անոր սիւները կ’երերան։
7Արեւին կը հրամայէ, եւ ան չի ծագիր. Աստղերն ալ կը կնքէ։
8Ի՛նք առանձին կը տարածէ երկինքը, Ու կը քալէ ծովուն 2ալիքներուն վրայ։
9Ի՛նք շինեց Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը Նաեւ հարաւի 3շտեմարանները։
10Ի՛նք անհետազօտելի մեծագործութիւններ կը կատարէ, Նաեւ սքանչելիքներ՝ առանց թիւի։
11Ահա՛ ան քովէս կ’անցնի, բայց ես չեմ տեսներ. Առջեւէս կ’անցնի, ու չեմ 4նշմարեր։
125Եթէ յափշտակէ՝՝, ո՞վ կրնայ զայն արգիլել. Ո՞վ անոր պիտի ըսէ. “Ի՞նչ կ’ընես”։
13Աստուած իր բարկութիւնը չի կասեցներ. Հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին.
14Ա՛լ ի՞նչպէս ես անոր պատասխանեմ, Եւ անոր դէմ վիճելու համար խօսքերս ընտրեմ։
15Արդար ալ ըլլամ՝ անոր պիտի չպատասխանեմ, Հապա իմ Դատաւորիս պիտի աղաչեմ։
16Եթէ իրեն գոչէի եւ ինծի պատասխանէր, Պիտի չհաւատայի թէ ան ձայնս 6լսած է.
17Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճզմեց, Եւ առանց 7պատճառի վէրքերս բազմապատկեց։
18Ինծի չի թոյլատրեր որ շունչ առնեմ, Հապա զիս դառնութիւններով կը կշտացնէ։
19Եթէ ոյժ փնտռուի, ահա՛ ան հզօր է. Իսկ եթէ դատաստան՝ 8ո՞վ զիս ատեան պիտի կանչէ՝՝։
20Եթէ անձս արդարացնեմ, բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ պարկեշտ ըլլայի, ցոյց պիտի տար ծուռ ըլլալս։
21Եթէ պարկեշտ ըլլայի, իմ անձս պիտի չճանչնայի. Իմ կեանքս կ’անարգեմ։
22Ամէն ինչ մէկ է. հետեւաբար ըսի. “Ան թէ՛ պարկեշտը կը 9բնաջնջէ, թէ՛ ալ ամբարիշտը”։
23Երանի՜ թէ 10հարուածը յանկարծ մեռցնէր. Սակայն ան անմեղին պատահած փորձութեան վրայ կը 11ծիծաղի։
24Երկիրը ամբարիշտին ձեռքը յանձնուած է, Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ. Եթէ ինք չէ՝ ուրեմն ո՞վ է։
25Իմ օրերս սուրհանդակէն արագընթաց են. Կը փախին՝ առանց բարիք տեսնելու,
26Կ’անցնին 12արագընթաց նաւերու պէս, 13Որսի վրայ խոյացող արծիւի պէս։
27Եթէ ըսեմ. “Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս թողում ու զուարթ ըլլամ”,
28Բոլոր ցաւերէս կը վախնամ. Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես,
29Եւ ամբարիշտ պիտի սեպուիմ. Ինչո՞ւ զուր տեղը յոգնիմ։
30Եթէ ձիւնի ջուրով լուացուիմ, Ու ձեռքերս օճառով մաքրեմ,
31Այն ատեն զիս 14փոսին մէջ պիտի ընկղմես Եւ հանդերձս պիտի գարշի ինձմէ։
32Արդարեւ ինծի պէս մարդ չէ՝ որ անոր պատասխանեմ, Ու միասին դատաստանի երթանք.
3315Իրաւարար մը չկայ մեր միջեւ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։
34Իր գաւազանը վրայէս թող վերցնէ, Եւ անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ.
35Այն ատեն պիտի խօսիմ ու իրմէ պիտի չվախնամ։ Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։