Job 10
Esther « Job 9 ‹ Job 10 › Job 11 » Psalm
1
«Անձս կեանքէս ձանձրացաւ. Համարձակ պիտի գանգատիմ, 1Սիրտիս դառնութեամբ պիտի խօսիմ,
2Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. “Մի՛ դատապարտեր զիս, Գիտցո՛ւր ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.
32Հաճելի՞ է քեզի՝ զիս հարստահարել, Ձեռքերուդ գործը անարգել, Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդը 3լուսաւորել։
4Միթէ դուն մարմնաւոր աչքե՞ր ունիս. Կը տեսնե՞ս՝ ինչպէս մարդը կը տեսնէ։
5Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են, Քու տարիներդ 4մարդուն տարիներուն չա՞փ են,
6Որ իմ անօրէնութիւնս կը փնտռես Ու մեղքս կը քննես։
7Գիտես թէ ամբարիշտ չեմ. Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ զիս ազատէ։
8Քո՛ւ ձեռքերդ զիս 5ստեղծեցին Եւ 6իմ բոլոր անդամներս կազմեցին՝՝, Ու զիս կը 7կորսնցնես։
9Կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր, Եւ զիս հողին պիտի վերադարձնես։
10Միթէ զիս կաթի պէս չթափեցի՞ր, Ու պանիրի պէս 8թանձրացուցիր։
11Զիս մորթով եւ միսով հագուեցուցիր, Ու զիս ոսկորներով եւ ջիղերով հիւսեցիր.
12Ինծի կեանք ու կարեկցութիւն շնորհեցիր, Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահպանեց։
13Ասոնք սիրտիդ մէջ պահեցիր. Գիտեմ թէ ասոնք 9միտքդ են։
14Եթէ մեղանչեմ, դուն զիս կը դիտես Եւ իմ անօրէնութենէս անպատիժ չես թողուր զիս։
15Եթէ ամբարիշտ ըլլամ, վա՜յ է ինծի. Եթէ արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ վերցներ, Անարգանքով 10յագեցած ըլլալով. Հիմա նայէ՛ իմ տառապանքիս,
1611Որ կ’աւելնայ՝՝։ 12Մռնչող առիւծի՝՝ պէս զիս կը հետապնդես, Եւ դարձեալ իմ վրաս 13յաղթող կ’ըլլաս.
17Ինծի դէմ վկաներդ կը վերանորոգես, Ու քու 14սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես. Փոփոխութիւններու եւ պատերազմի կը հանդիպիմ։
18Ուրեմն ինչո՞ւ զիս արգանդէն հանեցիր. Երանի՜ թէ հոն շունչս տայի եւ աչք չտեսնէր զիս,
19Որ չեղածի պէս ըլլայի Ու մօրս 15արգանդէն գերեզմանը տարուէի։
20Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն. Հրաժարէ՛ ինձմէ, եւ թո՛ղ որ քիչ մը հանգչիմ
21Այն տեղը երթալէս առաջ, ուրկէ պիտի չվերադառնամ.— Խաւարի եւ մահուան շուքի երկիրը,
22Այդ մութ երկիրը, մահուան շուքին պէս մութ, Ուր անկարգութիւն կայ, ու լոյսը մթութեան պէս է”»։