Loading...

Job 11

Esther  «  Job 10  ‹  Job 11  ›  Job 12  »  Psalm


1

Այն ատեն Նաամացի Սոփար պատասխանեց.

2

«Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞, Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։

3

Քու զրաբանութիւններդ 1մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Երբ դուն կը ծաղրես, մէկը պիտի չըլլա՞յ՝ որ քեզ խայտառակէ։

4

Արդարեւ դուն ըսիր. “Իմ խօսքս անխարդախ է, Եւ քու աչքերուդ 2անարատ եմ”։

5

Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր, Քեզի դէմ իր շրթունքը բանար,

6

Ու քեզի յայտնէր իր իմաստութեան 3գաղտնիքը, Որ մարդուն հասկացողութեան կրկինն է։ Ուստի գիտցի՛ր թէ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մեծ մասը 4կ’անտեսէ։

7

Կրնա՞ս հետազօտութեամբ Աստուած յայտնաբերել, Ամենակարողը 5կատարելապէս 6հետախուզել։

8

Ան երկինքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. 7Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։

9

Անոր չափը՝ երկրէն երկայն Ու ծովէն լայն է։

10

Եթէ ան խոցէ, գոցէ կամ համախմբէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ.

11

Արդարեւ ինք ունայն 8մարդիկը կը ճանչնայ, Եւ անօրէնութիւնը կը տեսնէ. ուստի պիտի չնկատէ՞։

12

Իսկ դատարկամիտ մարդը կը սոնքայ, Թէեւ մարդը վայրենի աւանակի պէս կը ծնի։

13

Երբ սիրտդ 9ուղղես Ու ձեռքերդ անոր 10երկարես,

14

Եթէ ձեռքդ անօրէնութիւն կայ՝ հեռացո՛ւր զայն քեզմէ, Եւ մի՛ թողուր որ վրաններուդ մէջ անիրաւութիւն բնակի։

15

Այն ատեն կրնաս անարատ երեսդ բարձրացնել, Հաստատ կ’ըլլաս, ու բանէ մը չես վախնար։

16

Քու տաժանքդ պիտի մոռնաս, 11Հոսած ջուրերու պէս պիտի յիշես զայն։

17

Քու 12կեանքդ կէսօրուան արեւէն 13պայծառ պիտի ըլլայ. Քու խաւարդ առտուան պէս պիտի ըլլայ։

18

Ապահով պիտի ըլլաս, որովհետեւ յոյս կայ քեզի. Շուրջդ պիտի խուզարկես, եւ ապահովութեամբ քնանաս։

19

Պիտի պառկիս, ու քեզ դողացնող պիտի չըլլայ, Եւ շատերը քեզի պիտի պաղատին։

20

Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին. Անոնք 14ապաստանարան պիտի չունենան՝՝, Եւ իրենց միակ յոյսը պիտի ըլլայ 15հոգին աւանդել՝՝»։



1 Եբր.՝ այր մարդիկը
2 Եբր.՝ վճիտ սիրտ ունիմ
3 Եբր.՝ թաքուն պահուածը
4 Եբր.՝ քեզի կը մոռցնէ
5 Կամ՝ մինչեւ ծայրը
6 Եբր.՝ յայտնաբերել
7 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանէն
8 Եբր.՝ այր մարդիկը
9 Եբր.՝ հաստատես, կամ՝ պատրաստես
10 Եբր.՝ տարածես
11 Եբր.՝ անցած
12 Եբր.՝ կեանքիդ տեւողութիւնը
13 Եբր.՝ բարձրացած
14 Եբր.՝ ապաստանարանը պիտի կորսուի
15 Եբր.՝ շունչը փչել