Job 12
Esther « Job 11 ‹ Job 12 › Job 13 » Psalm
1
Յոբ պատասխանեց.
2«Արդարեւ ժողովուրդը դո՛ւք էք, Եւ իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։
3Ե՛ս ալ ձեզի պէս 1խելք ունիմ, ու ձեզմէ նուաստ չեմ. Այսպիսի բաներ 2ո՞վ չի գիտեր՝՝։
4Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ՝ Որ Աստուծոյ կը գոչէ, Եւ ան իրեն պիտի պատասխանէ։ Արդար ու պարկեշտ մարդուն վրայ կը ծիծաղին։
5Ա՛ն՝ որուն ոտքերը 3կը տատանին՝՝, արհամարհուած ջահ մըն է՝ Անխռով ապրողին կարծիքին համաձայն։
64Աւազակներուն վրանները անդորր են, Եւ Աստուած բարկացնողները ապահով են, Որոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը 5լեցնէ։
7Բայց կ’աղերսե՛մ, անասուններո՛ւն հարցուր՝ որպէսզի քեզի սորվեցնեն, Ու երկինքի թռչուններուն՝ որպէսզի քեզի իմացնեն.
8Կամ երկրի՛ն ըսէ, եւ ան քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։
9Այս բոլորէն ո՞վ չի գիտեր Թէ Տէրո՛ջ ձեռքը ըրած է ասիկա.
10Անո՛ր ձեռքին մէջ է ամէն ապրողի անձը, Եւ ամէն մարդկային մարմինի հոգին։
11Միթէ ականջը խօսքերը չի քններ, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ.
12Իմաստութիւնը տարեցներուն քով է, Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեան մէջ։
136Անո՛ր քով են իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը. Անո՛րն են խորհուրդն ու հանճարը։
14Ահա՛ ան կը փլցնէ, եւ ա՛լ չի կառուցանուիր. Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։
15Ահա՛ ան ջուրերը կը կուտակէ, եւ կը ցամքին. Զանոնք կ’արձակէ, ու երկիրը տակնուվրայ կ’ընեն։
16Անո՛ր հետ են զօրութիւնը եւ խոհականութիւնը. Անո՛րն են մոլորեալն ու մոլորեցնողը։
17Խորհրդականները իբր աւար կը տանի, Եւ դատաւորները կը խենթացնէ։
18Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ, Եւ իրենց մէջքը չուան կը կապէ։
197Նախարարները իբր աւար կը տանի, Ու 8զօրաւորները կը տապալէ։
209Հաւատարիմները կը պապանձեցնէ՝՝, Եւ ծերերը դատողութենէն կը 10զրկէ։
21Ազնուականներուն վրայ արհամարհանք կը թափէ, Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։
22Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ, Եւ մահուան շուքը 11կը լուսաւորէ՝՝։
23Ազգերը կը մեծցնէ, ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը հոս-հոն կը տարածէ, եւ անոնց կ’առաջնորդէ։
24Երկրի ժողովուրդներուն գլխաւորներուն խելքը կ’առնէ, Ու անոնց դեգերիլ կու տայ ամայութեան մէջ, ուր ճամբայ չկայ։
25Անոնք խաւարին մէջ կը խարխափեն՝ առանց լոյսի, Եւ անոնց դեգերիլ կու տայ՝ գինովներու պէս»։