Loading...

Job 13

Esther  «  Job 12  ‹  Job 13  ›  Job 14  »  Psalm


1

«Ահա՛ այս բոլորը իմ աչքս տեսաւ, Ականջս լսեց զայն ու հասկցաւ։

2

Ձեր գիտցածը ե՛ս ալ գիտեմ. Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։

3

Բայց ես Ամենակարողի՛ն պիտի խօսիմ, Եւ կը բաղձամ Աստուծո՛յ հետ վիճաբանիլ։

4

Իսկ դուք 1սուտեր կը հնարէք. Բոլորդ ալ 2կեղծ բժիշկներ էք։

5

Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք. Ատիկա՛ պիտի ըլլար ձեր իմաստութիւնը։

6

Ուրեմն լսեցէ՛ք իմ պաշտպանողականս, Ու ուշադի՛ր եղէք շրթունքիս փաստերուն։

7

Աստուա՞ծ պաշտպանելու համար անիրաւութեամբ կը խօսիք. Անո՞ր համար խաբէութիւններ կ’արտաբերէք։

8

Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր, Կամ Աստուծոյ դա՞տը կը պաշտպանէք։

9

3Հաճելի՞ է որ ի՛նք ձեզ 4քննէ. Միթէ պիտի խաբէ՞ք զինք՝ մարդ խաբելու պէս։

10

Եթէ ծածկաբար աչառութիւն ընէք, Անշուշտ ինք ձեզ պիտի յանդիմանէ։

11

Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ զարհուրեցներ, Եւ անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։

12

Ձեր 5ասացուածքները մոխիրի առակներ են, Ձեր 6պատնէշները կաւէ պատնէշներու՝՝ պէս են։

13

Լռեցէ՛ք իմ առջեւս՝ որ ե՛ս խօսիմ, Ի՛նչ որ ալ պատահի ինծի։

14

Ինչո՞ւ միսս ակռաներուս մէջ առնեմ, Եւ 7կեանքս վտանգեմ՝՝։

15

Թէեւ ան զիս մեռցնէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ ճամբաներս պիտի պաշտպանեմ անոր առջեւ։

16

Անիկա՛ է իմ փրկութիւնս, Քանի բնաւ կեղծաւոր մը անոր չի ներկայանար։

17

Լա՛ւ մտիկ ըրէք իմ խօսքս, Եւ իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի։

18

Ահա՛ ուրեմն իմ դատս կը 8ներկայացնեմ. Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։

19

Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. Արդարեւ եթէ հիմա լռեմ, շունչս պիտի տամ։

20

Միայն սա՛ երկու բաները 9շնորհէ՛ ինծի, Եւ այն ատեն քու 10ներկայութենէդ պիտի չպահուըտիմ.—

21

Ձեռքդ վրայէս հեռացո՛ւր, Ու քու երկիւղդ զիս թող չզարհուրեցնէ։

22

Յետոյ՝ դո՛ւն կանչէ, եւ ես պատասխանեմ, Կամ թէ ե՛ս խօսիմ, ու դուն ինծի պատասխանէ։

23

Ո՞րչափ են իմ անօրէնութիւններս եւ մեղքերս. Գիտցո՛ւր ինծի իմ յանցանքս ու մեղքս։

24

Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես, Եւ զիս քեզի թշնամի կը սեպես։

25

Հովէն քշուած տերե՞ւ մը պիտի ահաբեկես, Կամ թէ չոր խոզա՞ն մը պիտի հալածես.

26

Որովհետեւ 11դառնութեան վճիռ կ’արձակես՝՝ ինծի դէմ, Եւ մանկութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգել կու տաս.

27

Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես, Բոլոր ուղիներս կը զննես, Եւ իմ ոտքերուս 12քայլերուն սահման կը դնես՝՝։

28

Այս մարմինս փտած բանի պէս, Ցեցէն կրծուած հագուստի պէս կը մաշի»։



1 Եբր.՝ կեղծիք
2 Եբր.՝ ոչնչութեան
3 Եբր.՝ Լա՞ւ
4 Եբր.՝ հետազօտէ
5 Եբր.՝ յիշատակութիւնները
6 Եբր.՝ կռնակները կաւէ կռնակներու
7 շունչս ափիս մէջ դնեմ
8 Եբր.՝ զետեղեմ
9 Եբր.՝ մի՛ ըներ
10 Եբր.՝ երեսէդ
11 Եբր.՝ դառնութիւններ կը գրես
12 Եբր.՝ արմատներուն շուրջ կը փորագրես