Job 14
Esther « Job 13 ‹ Job 14 › Job 15 » Psalm
1
«Կնոջմէ ծնած մարդը՝ կարճ 1կեանք ունի, Վրդովումով 2յագեցած։
2Ծաղիկի պէս 3կը բուսնի՝՝, ապա կը կտրուի. Ստուերի պէս կը փախչի ու չի գոյատեւեր։
3Բայց անո՛ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս, Ու զիս քեզի հետ դատաստանի կը տանիս։
4Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել. Ո՛չ մէկը։
5Քանի անոր օրերը որոշուած են, Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման 4դրեր ես, Եւ ան չի կրնար անդին անցնիլ.
6Ուշադրութիւնդ դարձո՛ւր անկէ՝ որպէսզի հանգչի, Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։
7Արդարեւ եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ Որ վերստին ծլի ու մատաղատունկը պակաս չըլլայ։
8Թէեւ անոր արմատը գետինին մէջ ծերացած ըլլայ, Եւ անոր բունը՝ հողին մէջ մեռած,
9Ան ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի, Ու նոր տնկուած ծառի պէս ոստեր պիտի 5արձակէ։
10Բայց 6մարդը կը մեռնի եւ 7կը յաղթահարուի՝՝. Մարդը շունչը կու տայ, ու յետոյ ո՞ւր կ’ըլլայ։
11Ինչպէս 8լիճին ջուրերը 9կը հատնին՝՝, Գետը կը ցամքի եւ կը չորնայ,
12Մարդն ալ գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր. Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չարթննան, Եւ իրենց քունէն պիտի չսթափին։
13Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ կասիլը՝ 10Դժոխքին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս. Ինծի 11ժամանակ մը որոշէիր՝՝, յետոյ զիս յիշէիր։
14(Եթէ 12մարդը մեռնի, արդեօք դարձեալ պիտի ապրի՞։) 13Տառապանքիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ.
15Պիտի կանչես, ու ես քեզի պիտի պատասխանեմ. Քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս։
16Իսկ հիմա քայլերս կը հաշուես. Միթէ մեղքիս վրայ չե՞ս հսկեր։
17Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է, Բայց իմ անօրէնութեանս վրայ ուրիշներ 14կ’աւելցնես՝՝։
18Ճիշդ է թէ լեռը կրնայ խորտակուիլ ու փշրուիլ, Եւ վէմը իր տեղէն կը փոխադրուի.
19Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը, Երբ յորդին՝ գետինին հողերը կը քշեն կը տանին. Դուն ալ մարդուն յոյսը այդպէս կը կորսնցնես։
20Դուն ընդմիշտ անոր կը յաղթես, եւ ան կ’երթայ. Անոր դէմքը փոխելով՝ զայն կը վտարես։
21Անոր որդիները կը պատուուին, բայց ինք չի գիտնար. Անոնք կը ստորնանան, եւ ինք անոնց վիճակը չի 15նշմարեր։
22Իրեն համար՝ միայն իր 16մարմինը կը կոտտայ, Եւ իր անձը միայն իր վրայ կը սգայ»։