Loading...

Job 15

Esther  «  Job 14  ‹  Job 15  ›  Job 16  »  Psalm


ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (15. 1-21. 34)

1

Այն ատեն Թեմանացի Եղիփազ պատասխանեց.

2

«Միթէ իմաստուն մարդը 1դատարկ խօսքերո՞վ՝՝ պիտի պատասխանէ, Եւ իր 2կուրծքը արեւելեան հովո՞վ պիտի 3ուռեցնէ։

3

Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի, Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։

4

Մանաւանդ դուն Աստուծոյ վախը 4կ’անտեսես՝՝, Եւ Աստուծոյ առջեւ կատարուելիք խոկումը կ’արգիլես։

5

Արդարեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ, Ու խորամանկներուն լեզուն ընտրեցիր։

6

Բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ, եւ ո՛չ թէ ես. Շրթո՛ւնքդ քեզի դէմ պիտի վկայէ։

7

Միթէ դո՞ւն ես առաջին ծնած մարդը, Կամ բլուրներէն առա՞ջ 5ստեղծուեցար։

8

Աստուծոյ գաղտնիքները մտիկ ընելով՝ Իմաստութիւնը միայն քեզի՞ վերապահեցիր։

9

Դուն ի՞նչ գիտես, որ մենք չենք գիտեր. Ի՞նչ հասկացողութիւն ունիս, որ մենք ալ չունինք։

10

Մեր մէջ ալ ճերմակ մազերով Ու շատ տարեց մարդիկ կան, Քու հօրմէդ աւելի ծեր։

11

Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները, 6Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը՝՝։

12

Ինչո՞ւ սիրտդ քեզ կը յափշտակէ Եւ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն աչքերդ,

13

Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ կը դարձնես Ու բերանդ այդպիսի խօսքեր կ’արտաբերէ։

14

Մարդը ի՞նչ է՝ որ ամբիծ ըլլայ, Եւ կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ.

15

Ահա՛ Աստուած իր սուրբերուն չի վստահիր, Ու երկինքն ալ անոր աչքերուն առջեւ ամբիծ չէ.

16

Ո՞ւր կը մնայ գարշելի եւ անպիտան մարդը, Որ անիրաւութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։

17

Մտի՛կ ըրէ ինծի. քեզի պիտի պարզեմ Ու տեսածս պիտի պատմեմ,

18

Ինչ որ իմաստունները իմացուցին, Ինչ որ իրենց հայրերէն ստացան եւ բնաւ չծածկեցին։

19

(Երկիրը միայն անոնց յանձնուած էր, Եւ անոնց մէջէն ո՛չ մէկ օտար անցած էր։)

20

Ամբարիշտը իր բոլոր օրերուն մէջ 7կը տանջուի՝՝, Ինչ ալ ըլլայ բռնակալին վերապահուած տարիներուն թիւը։

21

Երկիւղի ձայնը անոր ականջն է. Խաղաղութեան մէջ բնաջնջողը պիտի հասնի անոր վրայ.

22

Չի հաւատար թէ խաւարէն պիտի 8հեռանայ, Եւ թէ սուրը 9իրեն կը սպասէ՝՝։

23

Հացի համար կը թափառի՝ ըսելով. “Ո՞ւր է”։ Գիտէ թէ խաւար օրը պատրաստ է, իր ձեռքն է։

24

Տագնապն ու տուայտանքը զայն կը զարհուրեցնեն, Եւ պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն,

25

Որովհետեւ Աստուծոյ դէմ ձեռք 10վերցուց, Եւ Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։

26

Անոր վրայ 11յարձակեցաւ 12գոռոզութեամբ, Իր վահաններուն թանձր 13ցցուածքով.

27

Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց, Ու կողերը 14պարարտութեամբ պատեց՝՝։

28

Ան աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ, 15Փլելու 16մօտ եղող անբնակ տուներու մէջ.

29

Բայց պիտի չհարստանայ, Իր գոյքը պիտի չհաստատուի, Եւ իր ստացուածքը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։

30

Խաւարին մէջէն պիտի չհեռանայ. Բոցը պիտի չորցնէ անոր մատաղատունկը, Ու Աստուծոյ բերանին շունչով պիտի 17ոչնչանայ։

31

Ունայնութեան թող չվստահի՝ մոլորելով, Որովհետեւ իր հատուցումը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։

32

Ասիկա իր ժամանակէն առաջ պիտի 18կատարուի, Եւ իր ճիւղը դարձեալ պիտի չկանաչնայ։

33

Որթատունկի պէս՝ իր ազոխները պիտի թօթափէ, Ու ձիթենիի պէս՝ իր ծաղիկները պիտի նետէ։

34

Արդարեւ կեղծաւորներուն համայնքը անպտուղ պիտի ըլլայ, Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք ստացողներուն վրանները։

35

Անոնք անիրաւութիւն կը յղանան, 19անօրէնութիւն կը ծնանին, Եւ իրենց 20սիրտը խաբէութիւն կը պատրաստէ»։



1 Եբր.՝ հովի պէս գիտութեա՞մբ
2 Եբր.՝ փորը
3 Եբր.՝ լեցնէ
4 Եբր.՝ կը խզես
5 Եբր.՝ երկնուեցար
6 Կամ՝ Արդեօք ծածուկ բան մը ունի՞ս
7 Եբր.՝ երկունքի ցաւ կը քաշէ
8 Կամ՝ վերադառնայ
9 Եբր.՝ զինք կը դիտէ
10 Եբր.՝ երկարեց
11 Եբր.՝ վազեց
12 Եբր.՝ վիզով
13 Կամ՝ կռնակով
14 Եբր.՝ պարարտ ըրաւ
15 Եբր.՝ քարակոյտի վերածուելու
16 Եբր.՝ պատրաստ
17 Եբր.՝ հեռանայ
18 Եբր.՝ լրանայ
19 Կամ՝ ունայնութիւն
20 Եբր.՝ փորը