Loading...

Job 16

Esther  «  Job 15  ‹  Job 16  ›  Job 17  »  Psalm


1

Յոբ պատասխանեց.

2

«Ես ասոնց պէս շատ բաներ լսած եմ. Բոլորդ ալ 1ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։

3

Ձեր 2դատարկ խօսքերը վախճան ունի՞ն. Կամ ի՞նչ բանէ պարտաւորուած կը պատասխանես։

4

Ե՛ս ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ. Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար, Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել Ու ձեզի դէմ գլուխս շարժել.

5

Սակայն իմ բերանովս ձեզ պիտի զօրացնէի, Ու շրթունքիս 3մխիթարութիւնը ձեր կոտտանքը պիտի մեղմացնէր։

6

Եթէ խօսիմ՝ կոտտանքս չի մեղմանար, Իսկ եթէ 4լռեմ, միթէ ինձմէ պիտի 5հեռանա՞յ։

7

Բայց հիմա Աստուած զիս հիւծեց. Ամբողջ 6տունս ամայացուց՝՝,

8

Նաեւ զիս 7խորշոմներով ծածկեց՝՝, եւ ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է. Նիհարութիւնս ինծի դէմ կանգնելով՝ 8զիս կ’ամբաստանէ՝՝։

9

Անոր բարկութիւնը զիս կը բզքտէ ու զիս կ’ատէ. Իր ակռաները ինծի դէմ կը կրճտէ. Հակառակորդս իր աչքերը ինծի դէմ կը սրէ։

10

Իրենց բերանը ինծի դէմ կը բանան, Ու զիս նախատելու համար՝ այտերուս ապտակ կը զարնեն. Միասին ինծի դէմ կը 9համախմբուին։

11

Աստուած զիս ամբարիշտին յանձնեց, Եւ անօրէններուն ձեռքը ձգեց։

12

Անդորր էի, ու զիս պատռեց. Ծոծրակէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց, Եւ զիս իրեն նշանակէտ 10ըրաւ։

13

Անոր աղեղնաւորները զիս շրջապատեցին. Երիկամունքս կը խոցէ, եւ ինծի չի խնայեր. Մաղձս գետինը կը թափէ։

14

11Հարուածի վրայ հարուած՝՝ տալով զիս կը 12զարնէ, Իմ վրաս զօրաւոր մարդու մը պէս կը 13յարձակի։

15

Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի, Ու եղջիւրս հողին մէջ թաւալեցի։

16

Երեսս լալէն 14ուռած է՝՝, Եւ կոպերուս վրայ մահուան շուքը կայ,

17

Թէպէտ ձեռքերուս մէջ բռնութիւն չկայ Ու աղօթքս մաքուր է։

18

Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր, Եւ աղաղակիս թող տեղ չըլլայ։

19

Նոյնիսկ հիմա՝ ահա՛ իմ վկաս երկինքի մէջ է, Փաստաբանս բարձր վայրն է։

20

Բարեկամներս զիս կը ծաղրեն. Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը 15թափեն։

21

Երանի՜ թէ 16մարդուն համար 17իրաւարար մը ըլլար Աստուծոյ քով, Ինչպէս 18մարդ իր ընկերին դատը կը պաշտպանէ։

22

Արդարեւ 19քիչ տարիներ 20անցնելէն ետք՝ Ուղի մը պիտի երթամ, ուրկէ պիտի չվերադառնամ»։



1 Եբր.՝ տաժանելի
2 Եբր.՝ հովի պէս
3 Եբր.՝ շարժումը
4 Եբր.՝ խօսելէ հրաժարիմ
5 Եբր.՝ երթա՞յ
6 Եբր.՝ խումբս ամայացուցիր
7 Կամ՝ բռնեցիր
8 Եբր.՝ երեսիս կը պատասխանէ
9 Եբր.՝ լեցուին
10 Եբր.՝ կանգնեցուց
11 Եբր.՝ պատռուածքի վրայ պատռուածք
12 Եբր.՝ պատռէ
13 Եբր.՝ վազէ
14 Կամ՝ կարմրեցաւ
15 Եբր.՝ կաթեցնեն
16 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
17 Եբր.՝ վճիռ տուող
18 Եբր.՝ մարդու որդին
19 Եբր.՝ փոքր թիւով
20 Եբր.՝ գալէն