Job 17
Esther « Job 16 ‹ Job 17 › Job 18 » Psalm
1
«Շունչս 1կը կտրի՝՝, օրերս կը շիջանին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ։
2Միթէ հեգնողները իմ քովս չե՞ն, Եւ աչքս չի՞ գիշերեր անոնց 2անարգանքին մէջ։
3Կ՛աղերսե՛մ, երաշխաւո՛ր մը նշանակէ քու քովդ՝ ինծի համար. Ո՞վ ձեռքը պիտի 3տայ ինծի։
4Արդարեւ դուն ուշիմութիւնը ծածկեցիր անոնց սիրտէն, Հետեւաբար պիտի չբարձրացնես զանոնք։
5Ո՛վ որ իր 4բարեկամները կը շողոքորթէ՝՝, Անոր որդիներուն աչքերը պիտի նուաղին։
6Զիս ժողովուրդներուն 5նշաւակ ըրաւ. Անոնց առջեւ 6պժգալի եղայ։
7Նաեւ աչքս վիշտէն մթագնեցաւ, Ու մարմինիս բոլոր անդամները ստուերի պէս եղան։
8Ուղիղները ասոր վրայ պիտի ապշին, Եւ անմեղը պիտի գրգռուի կեղծաւորին դէմ.
9Արդարն ալ պիտի 7հաստատուի իր ճամբային մէջ, Ու մաքուր ձեռք ունեցողը 8հետզհետէ պիտի զօրանայ՝՝։
10Իսկ դուք բոլորդ ալ վերադարձէ՛ք ու եկէ՛ք, Որովհետեւ ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։
11Իմ օրերս անցան, Իմ մտադրութիւններս — սիրտիս 9խորհուրդները — 10խափանուեցան։
12(Անոնք գիշերը ցերեկի 11կը փոխեն՝՝, Եւ կ’ըսեն թէ լոյսը մօտ է՝ 12երբ դեռ խաւար է՝՝։)
13Միայն 13դժոխքին կը սպասեմ, որ իմ տունս պիտի ըլլայ. Անկողինս խաւարին մէջ պիտի փռեմ։
14Ապականութեան կ’աղաղակեմ. “Դուն իմ հայրս ես”, Եւ որդերուն. “Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք”։
15Ուրեմն ո՞ւր է իմ յոյսս. Իմ յոյսս ո՞վ պիտի նշմարէ։
16Դժոխքին առանձնութեան մէջ պիտի իջնէ, Երբ միասին հողին մէջ հանգստանանք»։