Job 18
Esther « Job 17 ‹ Job 18 › Job 19 » Psalm
1
Այն ատեն սոքեցի Բաղդատ պատասխանեց.
2«Ե՞րբ պիտի 1վերջացնէք այդ խօսքերը. Մտածեցէ՛ք, յետոյ կը խօսինք։
3Ինչո՞ւ անասուններու պէս համարուինք, Ու ձեր աչքերուն առջեւ անմաքուր սեպուինք։
42Դո՛ւն որ բարկութեանդ մէջ անձդ կը բզքտես՝՝, Միթէ երկիրը քեզի համար պիտի լքուի՞, Եւ վէմը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։
5Անշո՛ւշտ ամբարիշտին լոյսը պիտի շիջանի, Ու անոր կրակին բոցը պիտի չճառագայթէ.
6Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի, Եւ անոր ճրագը իրեն հետ պիտի շիջանի։
7Անոր կորովին քայլերը պիտի 3կաշկանդուին, Ու անոր խորհուրդը զինք գետինը պիտի նետէ.
8Արդարեւ ի՛ր ոտքերը զինք ցանցի մէջ պիտի 4նետեն, Եւ օղակի վրայ պիտի քալէ։
9Վարմը զինք կրունկէն պիտի բռնէ, Ու 5ծուղակը անոր պիտի յաղթէ։
10Անոր համար գետինին մէջ թակարդ պահուած է, Եւ անոր ճամբային վրայ՝ որոգայթ։
11Արհաւիրքը զայն ամէն կողմէ պիտի զարհուրեցնէ, Ու զայն իր ոտքերով 6հոս-հոն պիտի վազցնէ՝՝։
12Անոր կորովը պիտի անօթենայ, Եւ ձախորդութիւնը անոր քով պատրաստ է՝
13Որ անոր մորթին ոյժը սպառէ. Մահուան առջինեկը պիտի սպառէ անոր ոյժը։
14Անոր ապահովութիւնը իր վրանէն պիտի փրցուի, Եւ 7ինք պիտի քշուի՝՝ դէպի արհաւիրքի թագաւորը։
15Իրեններէն ո՛չ մէկը պիտի բնակի իր վրանին մէջ. Անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։
16Տակէն՝ անոր արմատները պիտի չորնան, Ու վերէն՝ անոր ոստերը պիտի կտրուին։
17Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի, Եւ անոր անունը 8հրապարակին մէջ պիտի չլսուի՝՝։
18Անիկա լոյսէն դէպի խաւարը պիտի քշուի, Ու երկրագունդէն պիտի 9վռնտուի։
19Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակներ պիտի ունենայ, ո՛չ ալ թոռներ, Եւ անոր 10բնակարաններուն մէջ ո՛չ մէկը պիտի մնայ։
2011Յաջորդները անոր օրուան վրայ պիտի ապշին, Իսկ 12նախորդները 13պիտի սոսկան՝՝։
21Անտարակոյս ա՛յսպէս պիտի ըլլան անիրաւին բնակարանները, Ա՛յս պիտի ըլլայ Աստուած չճանչցողին տեղը»։