Job 19
Esther « Job 18 ‹ Job 19 › Job 20 » Psalm
1
Յոբ պատասխանեց.
2«Մինչեւ ե՞րբ անձս պիտի տրտմեցնէք Ու զիս խօսքերով պիտի ճզմէք։
3Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը խայտառակէք. Չէ՞ք ամչնար որ զիս ապուշ կը սեպէք։
4Եթէ ի՛րապէս սխալեր եմ, Սխալս իմ քովս կը 1մնայ։
5Եթէ ի՛րապէս կ’ուզէք ինծի դէմ 2հպարտանալ, Ու նախատինքիս համար զիս կշտամբել,
6Գիտցէ՛ք ուրեմն թէ Աստուած ինծի անիրաւութիւն ըրաւ, Եւ իր ցանցով զիս շրջապատեց։
7Ահա՛ կ’աղաղակեմ ինծի եղած 3անիրաւութեան համար, սակայն պատասխանող չկայ, Կը 4բողոքեմ, բայց դատաստան չկայ։
8Ան իմ ուղիս փակեց՝ որ չանցնիմ. Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։
9Զիս իմ փառքէս մերկացուց, Եւ գլուխէս պսակը վերցուց։
10Զիս ամէն կողմէ տապալեց, ու ես կ’երթամ. Իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն 5խլեց։
11Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ, Ու զիս իր թշնամիներէն մէկը սեպեց։
12Անոր գունդերը միասին եկան, Իրենց ճամբան հարթեցին ինծի դէմ, Եւ վրանիս շուրջը բանակեցան։
13Ան եղբայրներս ինձմէ հեռացուց, Ու ճանչուորներս ի՛րապէս օտարացան ինձմէ։
14Մերձաւորներս զիս թողուցին, Եւ ճանչուորներս զիս մոռցան։
15Տունս պանդխտացողներն ու աղախիններս զիս 6անծանօթ կը սեպեն. Անոնց աչքերուն առջեւ օտարազգի եղած եմ։
16Ծառաս կանչեցի, բայց չպատասխանեց, Թէեւ բերանովս անոր աղաչեցի։
17Իմ շունչս 7ատելի եղաւ կնոջս, Եւ աղաչանքս՝ իմ մօրս 8արգանդին որդիներուն։
18Մանուկներն ալ զիս կ’անարգեն, Ու երբ կանգնիմ, ինծի դէմ կը խօսին։
19Բոլոր մտերիմ 9բարեկամներս ինձմէ կը գարշին, Եւ անոնք որ կը սիրէի՝ ինծի դէմ դարձան։
20Ոսկորներս մորթիս ու միսիս փական, Միայն ակռաներուս մորթով ճողոպրեցայ։
21Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի. Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանի որ Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։
22Ինչո՞ւ զիս կը հետապնդէք՝ Աստուծոյ պէս, Ու միսէս չէք կշտանար»։
23«Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին. Երանի՜ թէ գիրքի մը մէջ 10արձանագրուէին.
24Երկաթէ գրիչով եւ կապարով՝ Վէմի վրայ յաւերժ փորագրուած ըլլային։
25Արդարեւ գիտեմ թէ իմ 11Փրկարարս ողջ է, Ու վերջին ժամանակը պիտի կանգնի 12երկրի վրայ։
26Թէեւ մորթէս ետք այս մարմինս ալ 13փճանայ, Իմ մարմինո՛վս Աստուած պիտի տեսնեմ։
27Զայն ինծի՛ համար պիտի տեսնեմ. Ի՛մ աչքերս պիտի դիտեն զայն, եւ ո՛չ թէ ուրիշը. Ուստի 14սիրտս սպասելէն կը 15հալի իմ ներսս։
28Եթէ ըսէք. “Ի՞նչպէս հետապնդենք զինք”, Ու խնդիրին արմատը իմ մէջս գտնուի,
29Սուրէ՛ն վախցէք. որովհետեւ սուրը ցասումի գործիքն է անօրէնութիւնը պատժելու համար, Որպէսզի գիտնաք թէ դատաստան կայ»։