Loading...

Job 20

Esther  «  Job 19  ‹  Job 20  ›  Job 21  »  Psalm


1

Այն ատեն Նաամացի Սոփար պատասխանեց.

2

«Սա՛ պատճառով իմ կասկածներս ինծի պատասխանել կու տան, Եւ ասոր համար կ’արտորամ.—

3

Զիս խայտառակող խրատ մը լսեցի, Բայց 1իմ հոգիիս իմաստութիւնը՝՝ պատասխանել կու տայ։

4

Դուն ասիկա չե՞ս գիտեր՝ թէ 2մի՛շտ, Մարդուն երկրի վրայ դրուելէն ի վեր,

5

Ամբարիշտին ցնծութիւնը 3կարճատեւ է, Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։

6

Թէեւ անոր 4հասակը մինչեւ երկինք ելլէ Եւ գլուխը թանձր ամպերուն հասնի,

7

Իր կղկղանքին պէս ընդմիշտ պիտի կորսուի, Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն. “Ո՞ւր է ան”։

8

Երազի պէս պիտի թռչի եւ պիտի չգտնուի. Գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։

9

Զայն տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ, Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։

10

Անոր որդիները 5չքաւորներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝՝, Եւ անոր ձեռքերը իր 6յափշտակածը պիտի վերադարձնեն։

11

Անոր ոսկորները իր 7երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժով լեցուն են, Եւ անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։

12

Եթէ չարութիւնը իր բերանին մէջ քաղցր է, Ու եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զայն,

13

Եթէ անոր խնայէ եւ չլքէ, Ու իր քիմքին տակ պահէ զայն,

14

Իր 8կերակուրը իր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Քարբի մաղձ պիտի ըլլայ իր ներսը։

15

Անիկա հարստութիւններ կլլեց, բայց զանոնք պիտի փսխէ. Աստուած իր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։

16

Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ, Եւ իժի լեզուն զինք պիտի մեռցնէ։

17

Ան պիտի չտեսնէ մեղրի ու կոգիի Առուները, գետակներն ու վտակները։

18

Իր աշխատանքով վաստկածը պիտի վերադարձնէ եւ պիտի չկլլէ, Ու փոխարինածը իր հարստութեան չափ պիտի ըլլայ. Անով պիտի չհրճուի։

19

Քանի չքաւորները 9ճնշեց ու լքեց, Եւ իր չկառուցանած տունը յափշտակեց,

20

Անշո՛ւշտ իր 10ներսը անդորրութիւն պիտի 11չզգայ, Ու ցանկացածը պիտի չկարենայ ազատել։

21

Անոր կերակուրէն ոչինչ պիտի մնայ, Ուստի 12ո՛չ մէկը երկունքի ցաւ պիտի քաշէ անոր բարիքներուն համար՝՝։

22

Իր առատութեան լիութեան մէջ ալ պիտի տագնապի. Տաժանքի մէջ եղողներուն բոլոր ձեռքերը անոր վրայ պիտի գան։

23

Մինչ իր փորը կը լեցնէ, Աստուած իր բորբոքած բարկութիւնը անոր վրայ պիտի արձակէ, Եւ անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի տեղացնէ՝ իբր կերակուր։

24

Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղինձէ աղեղը զայն պիտի խոցէ։

25

Իրեն դէմ արձակուած նետը կը քաշէ, ու մարմինէն կը հանէ. Երբ փայլատակող նետը անոր մաղձէն 13ելլէ, Ահը անոր վրայ պիտի գայ։

26

Ամբողջ խաւարը անոր պահեստներուն մէջ պիտի պահուի. Կրակ մը՝ որուն վրայ մէկը չէ փչած՝ զայն պիտի սպառէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը պիտի 14դժբախտանայ։

27

Երկինքը անոր անօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիրն ալ անոր դէմ պիտի կանգնի։

28

Անոր տան հասոյթը պիտի 15յափշտակուի, Ջուրի պէս պիտի թափի Աստուծոյ բարկութեան օրը։

29

Ասիկա՛ է ամբարիշտ մարդուն բաժինը՝ որ Աստուծմէ պիտի ստանայ, Ասիկա՛ է այն ժառանգութիւնը՝ որ Աստուած անոր համար 16սահմաներ է»։



1 Եբր.՝ խելքիս հոգին ինծի
2 Եբր.՝ յաւիտեան
3 Եբր.՝ մօտ
4 Կամ՝ բարձրութիւնը
5 Եբր.՝ չքաւորներուն հաճելի պիտի ըլլան
6 Կամ՝ ինչքը
7 Կամ՝ ծածուկ
8 Եբր.՝ հացը
9 Կամ՝ խոշտանգեց
10 Եբր.՝ փորին մէջ
11 Եբր.՝ չգիտնայ
12 Կամ՝ անոր յաջողութիւնը պիտի չտեւէ
13 Եբր.՝ երթայ
14 Կամ՝ սպառի
15 Եբր.՝ փոխադրուի
16 Եբր.՝ հրամայեր