Loading...

Job 21

Esther  «  Job 20  ‹  Job 21  ›  Job 22  »  Psalm


1

Յոբ պատասխանեց.

2

«Խօսքս լա՛ւ մտիկ ըրէք. Ասիկա՛ ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։

3

Հանդուրժեցէ՛ք ինծի՝ որ խօսիմ, Ու խօսելէս ետք ծաղրեցէք։

4

Միթէ ես մարդո՞ւ կը գանգատիմ, Եւ ինչո՞ւ հոգիս չվհատի։

5

Նայեցէ՛ք ինծի, ապշեցէ՛ք, Ու ձեր ձե՛ռքը դրէք ձեր բերանին վրայ։

6

Այս բաները յիշելով կը շփոթիմ, Եւ ահուդողը մարմինս կը համակէ։

7

Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին. Կը ծերանան ու իրենց ոյժը կը զօրանայ։

8

Անոնց զարմը իրենց հետ կը հաստատուի՝ իրենց առջեւ, Նաեւ անոնց շառաւիղները՝ իրենց աչքերուն առջեւ։

9

Իրենց տուները խաղաղութեան մէջ են, երկիւղէ զերծ, Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։

10

Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի առանց վրիպելու, Անոնց կովը 1հորթ կը ծնանի՝՝ առանց վիժումի։

11

Իրենց պզտիկները դուրս կը հանեն՝ ոչխարի հօտի պէս, Եւ անոնց զաւակները ուրախութեամբ կը ցատկռտեն.

12

Թմբուկով ու քնարով 2կ’երգեն, Եւ սրինգին ձայնով կ’ուրախանան։

13

Անոնք իրենց օրերը բարօրութեամբ կ’աւարտեն, Ու մէկ վայրկեանի մէջ 3դժոխք կ’իջնեն։

14

Անոնք Աստուծոյ կ’ըսեն. “Հեռացի՛ր մեզմէ, Որովհետեւ չենք բաղձար քու ճամբաներդ ճանչնալ։

15

Ամենակարողը ո՞վ է՝ որ զայն պաշտենք, Եւ ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք՝ անոր դիմելով”։

16

Ահա՛ անոնց 4բարիքը իրենց ձեռքը չէ. Ամբարիշտին խորհուրդը հեռո՛ւ ըլլայ ինձմէ։

17

Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՜ անգամ կը շիջանի, Եւ իրենց ձախորդութիւնը անոնց վրայ կը հասնի։ Աստուած իր բարկութեամբ անոնց 5ցաւեր կը բաժնէ։

18

Հովին առջեւ եղած յարդին պէս կ’ըլլան, Ու փոթորիկին 6յափշտակած մղեղին պէս։

19

“Աստուած անոր պատիժը իր որդիներուն կը վերապահէ”, կ’ըսեն. Անոր պիտի հատուցանէ, ան ալ պիտի գիտնայ։

20

Անոր աչքերը իր կորուստը պիտի տեսնեն, Եւ Ամենակարողին ցասումէն պիտի խմէ։

21

Ան ի՞նչ հաճոյք պիտի ստանայ իր տան մէջ՝ իրմէ ետք, Քանի իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։

22

Միթէ կարելի՞ է գիտութիւն սորվեցնել Աստուծոյ, Քանի ի՛նք կը դատէ 7գոռոզները։

23

Մէկը կը մեռնի իր առոյգութեան մէջ, Ամբողջովին հանդարտ եւ անդորր.

24

Անոր 8կուշտերը ճարպով՝՝ լեցուն են, Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է։

25

Իսկ ուրիշ մը կը մեռնի 9սիրտին դառնութեամբ, Առանց բարօրութիւն ճաշակած ըլլալու։

26

Սակայն երկուքը հաւասարապէս հողին մէջ կը պառկին, Եւ որդերը զանոնք կը ծածկեն։

27

Ահա՛ գիտեմ ձեր մտածումները, Ու ձեր 10անիրաւ հնարքները՝՝ ինծի դէմ։

28

Արդարեւ կ’ըսէք. “Ո՞ւր է ազնուականին տունը, Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը”։

29

Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք, Անոնց 11նշաններուն ուշադրութիւն չէ՞ք դարձներ՝՝։

30

Արդարեւ ձախորդութեան օրուան համար չարին կը խնայուի, Ու ցասումի օրուան համար անոնք կը տարուին։

31

Ո՞վ անոր երեսին պիտի 12զարնէ իր ճամբան, Եւ ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ իր ըրածին փոխարէնը։

32

Բայց ան գերեզմանը պիտի տարուի, Ու շիրիմին մէջ պիտի մնայ։

33

Ձորին հողակոշտերը անոր 13անոյշ պիտի ըլլան. Ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի 14երթայ, Իսկ անոր առջեւէն գացողները անթիւ են։

34

Ուրեմն ի՞նչպէս զուր տեղը զիս կը մխիթարէք, Քանի ձեր պատասխաններուն մէջ 15կեղծիք կայ՝՝»։



1 Եբր.՝ կ’ազատի
2 Եբր.՝ ձայն կը բարձրացնեն
3 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը
4 Կամ՝ բարօրութիւնը
5 Եբր.՝ երկունքի ցաւեր
6 Եբր.՝ գողցած
7 Կամ՝ բարձրերը
8 Կամ՝ անօթները կաթով
9 Եբր.՝ անձին
10 Եբր.՝ բռնութեան մտադրութիւնները
11 Եբր.՝ նշանները չէ՞ք ճանչնար
12 Եբր.՝ բացատրէ
13 Եբր.՝ քաղցր
14 Եբր.՝ քաշուի
15 Եբր.՝ ուխտազանցութիւն կը մնայ