Job 22
Esther « Job 21 ‹ Job 22 › Job 23 » Psalm
ԵՐՐՈՐԴ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (22. 1-27. 33)
1Այն ատեն Թեմանացի Եղիփազ պատասխանեց.
2«Միթէ 1մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Ուշիմ մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։
3Ամենակարողը հաճոյք կը ստանա՞յ՝ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը՝ եթէ քու ճամբաներուդ մէջ պարկեշտ ըլլաս։
4Միթէ քեզմէ վախնալո՞ւն համար քեզի հետ կը վիճաբանի, Քեզի հետ 2դատարան կ’երթայ.
5Քու մեծ չարութեանդ համար չէ՞, Եւ անվախճան անօրէնութիւններուդ համար։
6Արդարեւ առանց 3պատճառի եղբայրներէդ գրաւ առիր, Ու մերկերը իրենց հագուստներէն մերկացուցիր.
74Պապակածին ջուր չխմցուցիր Եւ անօթիին հաց տալ մերժեցիր։
8Երկիրը 5հուժկու մարդուն էր, Ու յարգելին կը բնակէր անոր մէջ։
9Այրի կիները պարապ ձեռքով ղրկեցիր, Եւ որբերուն բազուկները ճզմուեցան։
10Հետեւաբար քու շուրջդ վարմեր կան, Ու յանկարծահաս երկիւղը քեզ կը շփոթեցնէ։
11Կամ խաւարը քեզ պատած է, եւ չես կրնար տեսնել, Ու ջուրերուն առատութիւնը քեզ կը ծածկէ։
12Աստուած երկինքի բարձրութեան մէջ չէ՞. Նայէ՛ աստղերուն 6կամարին, ո՜րչափ բարձր են։
13Իսկ դուն ըսիր. “Աստուած ի՞նչ գիտէ. Մառախուղին մէջէն կրնա՞յ դատել։
14Թանձր ամպերը իրեն ծածկոյթ են, ու չի տեսներ. Միայն երկինքի կամարին վրայ կը շրջի”։
157Դիտեցի՞ր այն հնադարեան ուղին՝՝, Ուրկէ անօրէն 8մարդիկը քալեցին.
16Անոնք 9ատենէն առաջ՝՝ յափշտակուեցան, Անոնց հիմերը 10հեղեղը ընկղմեց՝՝։
17Անոնք Աստուծոյ կ’ըսէին. “Հեռացի՛ր մեզմէ”. Նաեւ. “Ամենակարողը 11մեզի ի՞նչ կրնայ ընել”,
18Թէեւ անոնց տունը բարիքներով լեցուցեր էր։ Ամբարիշտներուն խորհուրդը հեռո՛ւ ըլլայ ինձմէ։
19Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Անմեղները զանոնք պիտի ծաղրեն՝ ըսելով.
20“Մեր թշնամիները անհետացած են, Եւ անոնց մնացորդը կրակը սպառեց”։
21Ուրեմն 12հաշտուէ՛ անոր հետ ու խաղաղութի՛ւն ըրէ. Ա՛յսպէս՝ բարօրութիւն պիտի 13ըլլայ քեզի։
22Ընդունէ՛ օրէնքը անոր բերանէն, Եւ 14ուշադրութի՛ւն դարձուր անոր խօսքերուն՝՝։
23Եթէ Ամենակարողին վերադառնաս՝ պիտի 15հաստատուիս. Եթէ անիրաւութիւնը վրաններէդ հեռացնես,
24Ոսկին հողին 16հետ դնես, Ու Ոփիրի ոսկին՝ վտակներու խճաքարերուն 17հետ,
25Ամենակարո՛ղը պիտի ըլլայ քու ոսկիդ, Քու արծաթդ, քու ոյժդ։
26Արդարեւ այն ատեն Ամենակարողը քու վայելքդ պիտի ըլլայ, Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես.
27Անոր պիտի թախանձես, ու քեզ պիտի լսէ, Եւ ուխտերդ պիտի կատարես։
28Եթէ 18բան մը որոշես՝՝, քեզի պիտի յաջողի, Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։
29Երբ մէկը նուաստանայ, պիտի ըսես. “ 19Բարձրացի՛ր”. Այն ատեն Տէրը պիտի ազատէ ա՛ն՝ որուն աչքերը խոնարհած են։
30Անմեղ չեղողն ալ պիտի ազատէ. Ան ձեռքերուդ մաքրութեամբ պիտի ազատուի»։