Loading...

Job 23

Esther  «  Job 22  ‹  Job 23  ›  Job 24  »  Psalm


1

Յոբ պատասխանեց.

2

«Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է, 1Անոր հարուածը՝՝ հառաչանքէս ծանր է։

3

Երանի՜ թէ 2կարենայի գտնել զինք, Մինչեւ իր նստավայրը երթալ.

4

Իմ դատս իր առջեւ կը 3ներկայացնէի, Ու բերանս փաստերով կը լեցնէի։

5

Կը գիտնայի թէ ի՛նչ խօսքերով ինծի պիտի պատասխանէր, Եւ կը հասկնայի ինչ որ ինծի ըսէր։

6

Միթէ իր մեծ կարողութեա՞մբ ինծի հետ պիտի վիճէր. ո՛չ. Հապա ի՛նք 4զիս պիտի զօրացնէր՝՝։

7

Ուղիղները հոն կրնան վիճաբանիլ անոր հետ, Ու ես Դատաւորէս ընդմիշտ կ’ազատէի։

8

Բայց ահա՛ դէպի 5արեւելք կ’երթամ, եւ ան հոն չէ. Դէպի 6արեւմուտք, ու զայն չեմ 7նշմարեր։

9

Դէպի 8հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ, Բայց զայն չեմ 9գտներ. 10Հարաւային կողմը կը ծածկուի, Եւ զայն չեմ տեսներ։

10

Իսկ ան գիտէ իմ ճամբաս. Երբ զիս փորձարկէ, զուտ ոսկիի պէս դուրս պիտի ելլեմ։

11

Ոտքս անոր քայլերուն վրայ 11հաստատուեցաւ. Անոր ճամբան պահելով՝ չխոտորեցայ։

12

Անոր շրթունքին պատուիրաններէն չհեռացայ. Անոր բերանին խօսքերը իմ սովորութիւններէս աւելի պահեցի։

13

Բայց ան մէկ մտածում ունի, Եւ ո՞վ կրնայ զինք 12հրաժարեցնել. Ինչ որ իր անձը փափաքի՝ կ’ընէ։

14

Ուրեմն ինծի համար 13վճռուածը պիտի գործադրէ. Այդպիսի շատ բաներ կան անոր քով։

15

Ուստի անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ. Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։

16

Արդարեւ Աստուած սիրտս կը թուլցնէ, Եւ Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ.

17

Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն առաջ չբնաջնջուեցայ, Ու մութը երեսէս չծածկեց»։



1 Եբր.՝ Ձեռքս
2 Եբր.՝ գիտնայի
3 Եբր.՝ զետեղէի
4 Եբր.՝ իմ մէջս զօրութիւն պիտի դնէր
5 Կամ՝ առջեւ
6 Եբր.՝ ետեւ
7 Եբր.՝ հասկնար
8 Եբր.՝ ձախ
9 Եբր.՝ տեսներ
10 Եբր.՝ Աջ
11 Եբր.՝ բռնուեցաւ
12 Եբր.՝ դարձնել
13 Եբր.՝ որոշուածը