Job 24
Esther « Job 23 ‹ Job 24 › Job 25 » Psalm
1
«Քանի ժամանակները պահուած չեն Ամենակարողէն, Ի՞նչպէս զայն ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ։
2Չարերը սահմանաքարեր կը տեղափոխեն, Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն.
3Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին, Այրիին եզը գրաւ կ’առնեն.
4Աղքատները ճամբայէն կը շեղեցնեն, Ու երկրի դժբախտները միասին կը պահուըտին։
5Ահա՛ անոնք՝ անապատի վայրենի էշերուն պէս՝ 1Կանուխ իրենց գործին 2կ’երթան՝ որս փնտռելու. Անապատը 3անոնց տղաներուն հաց կու տայ։
6Իրենց չեղած արտին մէջ 4կեր կը հնձեն, Եւ 5ամբարշտութեամբ այգին ճռաքաղ կ’ընեն։
7Մերկին գիշերել կու տան առանց հանդերձի, Ու ցուրտ ատեն առանց ծածկոցի կը թողուն.
8Անոնք լեռներուն հեղեղներէն կը թրջուին, Եւ 6ապաստանարան չունենալով՝ վէմերը կը գրկեն։
9Որբը ծիծէն կը 7փրցնեն, Ու դժբախտէն գրաւ կ’առնեն։
10Մերկերուն առանց հանդերձի շրջիլ կու տան, Եւ անօթիները անոնց ցորենի որաները կը կրեն։
11Իրենց 8շրջափակին մէջ իւղ հանողները, Ու հնձաններուն մէջ խաղող կոխողները կը ծարաւնան։
12Քաղաքին մէջ 9մարդիկ կը հեծեծեն, Եւ վիրաւորներուն անձը կ’աղաղակէ. Բայց Աստուած անոնց ըրածը անպատշաճութիւն չի համարեր։
13Անոնք լոյսին դէմ ըմբոստացողներէն են. Անոր ճամբաները չեն գիտեր, Եւ անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար։
14Մարդասպանը 10արշալոյսին հետ կ’ելլէ՝՝, Դժբախտն ու աղքատը կը սպաննէ, Իսկ գիշերը 11կը գողնայ՝՝։
15Շնացողին աչքն ալ մթնշաղին կը 12սպասէ՝ ըսելով. “Զիս աչք չնշմարէ”. ու երեսին ծածկոց կը դնէ։
16Խաւարին մէջ կը ծակեն այն տուները՝ 13Որոնց վրայ ցերեկը նշան դրած են՝՝։ Անոնք լոյսը չեն ճանչնար.
17Արդարեւ առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց, Սակայն մահուան շուքի 14արհաւիրքին վարժուած են՝՝։
1815Անոնք ջուրերու մակերեսին վրայ թեթեւաշարժ են՝՝. Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է, Եւ այգիներու ճամբան 16չեն վերադառնար՝՝։
19Չորութիւնն ու տաքութիւնը ձիւնի ջուրը կը 17հատցնեն, Նոյնպէս ալ 18դժոխքը՝ մեղանչողները։
20Արգանդը զայն պիտի մոռնայ. Որդե՛րը 19զայն պիտի ըմբոշխնեն՝՝. Ան ա՛լ պիտի չյիշուի. Անիրաւութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի։
21Ան զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ, Եւ այրիին բարիք չ’ըներ։
22Աստուած իր կարողութեամբ 20հզօրներուն կեանքն ալ կ’երկարաձգէ՝՝. Իսկ երբ կանգնի, ո՛չ մէկուն կեանքը ապահովուած կ’ըլլայ։
2321Անոնց ապահովութիւն կու տայ՝ որպէսզի անոր 22ապաւինին, Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։
24Անոնք քիչ մը ատեն բարձրացան, յետոյ նուաստանալով չքացան. Բոլորին պէս 23կորսուեցան Ու հասկի գլուխի պէս կտրուեցան։
25Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս 24պիտի հերքէ՝՝, Եւ իմ խօսքս ոչնչութեան վերագրէ»։