Job 25
Esther « Job 24 ‹ Job 25 › Job 26 » Psalm
1
Սոքեցի Բաղդատ պատասխանեց.
2«Իշխանութիւնն ու երկիւղը անոր քով են. Իր բարձր վայրերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։
3Անոր գունդերը թիւ ունի՞ն. Անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի 1ծագիր։
4Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ. Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ ամբիծ ըլլալ։
5Ահա՛ լուսինն ալ չի շողար, Եւ անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ ամբիծ չեն.
6Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը՝ որ որդ մըն է, Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։