Loading...

Job 26

Esther  «  Job 25  ‹  Job 26  ›  Job 27  »  Psalm


1

Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.

2

«Ոյժ չունեցողին ի՞նչպէս օգնեցիր, Ու զօրութիւն չունեցող բազուկը ի՞նչպէս ազատեցիր։

3

Իմաստութիւն չունեցողը ի՞նչպէս խրատեցիր, Եւ ո՞րչափ շատ իմաստութիւն գիտցուցիր։

4

Որո՞ւ ուղղեցիր այս խօսքերը. Որո՞ւն ներշնչումը 1կը բխի՝՝ քեզմէ։

5

Ուրուականները 2կը սարսափին՝՝ Ջուրերէն եւ անոնց բնակիչներէն վար։

6

3Դժոխքը 4բաց է անոր առջեւ, Ու 5վիհը ծածկոց չունի։

7

Ան հիւսիսը դատարկութեան վրայ կը տարածէ, Երկիրը ոչինչին վրայ կը կախէ։

8

Ջուրերը իր թանձր ամպերուն մէջ կ’ամփոփէ, Եւ անոնց տակ ամպը չի պատռիր։

9

Իր գահին երեսը կը 6ծածկէ՝ Անոր վրայ իր ամպը տարածելով։

10

Ջուրերուն մակերեսին վրայ 7շրջանակ դրաւ, Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրագոյն սահմանը։

11

Երկինքի սիւները կը սարսին Եւ անոր սաստէն կը զարմանան։

12

Իր կարողութեամբ ծովը կը խաղաղեցնէ, Ու իր հանճարով անոր հպարտութիւնը կը կոտրէ։

13

Իր Հոգիով երկինքը զարդարեց. Իր ձեռքը Փախչող վիշապը 8ստեղծեց։

14

Ահա՛ ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Եւ ո՜րչափ տկար է անոր մասին մեր լսած 9շշունջը. Հապա ո՞վ կրնայ հասկնալ անոր զօրութեան որոտումը»։



1 դուրս կ’ելլէ
2 Կամ՝ երկունքի ցաւ կը քաշեն
3 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանը
4 Եբր.՝մերկ
5 Եբր.՝ ապադոնը, այսինքն՝ կորուստը
6 Եբր.՝ բռնէ
7 Կամ՝ կամար
8 Եբր.՝ երկնեց
9 Եբր.՝ լուրը