Loading...

Joshua 1

Deuteronomy  «  Deuteronomy 34  ‹  Joshua 1  ›  Joshua 2  »  Judges


ՏԷՐԸ ԿԸ ՀՐԱՀԱՆԳԷ ՅԵՍՈՒԻ ԳՐԱՒԵԼ ՔԱՆԱՆԸ

1

Տէրոջ ծառային՝ Մովսէսի մահէն ետք, Տէրը խօսեցաւ Նաւէի որդիին՝ Յեսուի, Մովսէսի սպասարկուին, ըսելով.

2

«Իմ ծառաս՝ Մովսէս մեռաւ. հիմա կանգնէ՛ եւ անցի՛ր այս Յորդանանէն, դուն ու այս ամբողջ ժողովուրդը, դէպի այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ։

3

Ձեր ոտքի ներբանին կոխած ամէն տեղը ձեզի տուի, ինչպէս Մովսէսի ըսի.—

4

ձեր հողամասը պիտի ըլլայ անապատէն եւ այս Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը — Եփրատ գետը —, Քետացիներուն ամբողջ երկիրը, ու մինչեւ Մեծ ծովը՝ արեւմտեան կողմը։

5

Կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ՝ ո՛չ մէկը պիտի կարենայ առջեւդ կայնիլ։ Ինչպէս Մովսէսի հետ էի, նոյնպէս քեզի հետ պիտի ըլլամ. քեզ պիտի չթողում եւ քեզ պիտի չլքեմ։

6

Ուժովցի՛ր եւ քա՛ջ եղիր, քանի որ այս ժողովուրդին դո՛ւն ժառանգել պիտի տաս այն երկիրը, որուն համար անոնց հայրերուն երդում ըրի՝ որ իրենց տամ։

7

Միայն թէ ուժովցի՛ր եւ շա՛տ քաջ եղիր, որպէսզի իմ ծառայիս՝ Մովսէսի քեզի պատուիրած ամբողջ Օրէնքը զգուշութեամբ գործադրես. անկէ աջ կողմ կամ ձախ կողմ մի՛ շեղիր, որպէսզի ո՛ւր որ երթաս՝ 1յաջողիս։

8

Այս Օրէնքին գիրքը բերանէդ թող չհեռանայ, հապա գիշեր-ցերեկ անոր մասին խորհրդածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները զգուշութեամբ գործադրես. քանի որ ա՛յն ատեն քու ճամբաներդ պիտի յաջողցնես, եւ ա՛յն ատեն 2պիտի յառաջդիմես՝՝։

9

3Ահա՛ քեզի կը պատուիրեմ՝՝. “Ուժովցի՛ր եւ քա՛ջ եղիր, մի՛ ահաբեկիր ու մի՛ զարհուրիր. որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի հետ է՝ ո՛ւր որ երթաս”»։


ՅԵՍՈՒ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

10

Ուստի Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրեց.

11

«Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին պատուիրեցէ՛ք. “Ձեզի պաշա՛ր պատրաստեցէք. քանի որ երեք օրէն ետք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէսզի մտնէք եւ տիրանաք այն երկրին, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի կու տայ իբր ստացուածք”»։

12

Յետոյ Յեսու Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս տոհմին ըսաւ.

13

«Յիշեցէ՛ք այն խօսքը՝ որ Տէրոջ ծառան, Մովսէս, ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզ հանգստացուց, եւ այս երկիրը ձեզի տուաւ։

14

Ձեր կիները, մանուկներն ու խաշինքը թող մնան այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի այս կողմը։ Բայց դուք՝ որ զօրաւոր կտրիճներ էք, բոլորդ 4սպառազինեալ՝ անցէ՛ք ձեր եղբայրներուն առջեւ եւ օգնեցէ՛ք անոնց,

15

մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ, ու անոնք ալ տիրանան այն երկրին, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը անոնց կու տայ։ Յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր ստացուածքին երկիրը եւ տիրացէ՛ք անոր, որ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի այս կողմը, դէպի արեւելք”»։

16

Անոնք ալ Յեսուի պատասխանեցին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի գործադրենք, եւ ո՛ւր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։

17

Ինչպէս Մովսէսի կը հնազանդէինք, այնպէս ալ քեզի պիտի հնազանդինք. միայն թէ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսի հետ էր։

18

Ո՛վ որ քու 5հրամանիդ դէմ ընդվզի եւ խօսքերդ մտիկ չընէ ամէն բանի մէջ՝ որ իրեն պատուիրես, պիտի մեռցուի. միայն թէ ուժովցի՛ր եւ քա՛ջ եղիր»։



1 Կամ՝ ուշիմ ըլլաս
2 Կամ՝ ուշիմ պիտի ըլլաս
3 Եբր.՝ Միթէ քեզի չպատուիրեցի՞
4 Կամ՝ գունդ-գունդ
5 Եբր.՝ բերանիդ