Joshua 2
Deuteronomy « Joshua 1 ‹ Joshua 2 › Joshua 3 » Judges
ՅԵՍՈՒ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿԷ ԵՐԻՔՈՎ
1Նաւէի որդին՝ Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ երկիրը գաղտնի լրտեսելու համար, ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ զննեցէ՛ք այդ երկիրը ու Երիքովը»։ Անոնք ալ գացին, Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան, եւ հոն 1մնացին։
2Երբ Երիքովի թագաւորին ըսուեցաւ. «Ահա՛ այս գիշեր Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկան հոս՝ երկիրը խուզարկելու համար»,
3Երիքովի թագաւորը Ռախաբի մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դո՛ւրս հանէ, քանի որ անոնք այս ամբողջ երկիրը խուզարկելու եկած են»։
4Կինը այդ երկու մարդիկը առաւ եւ պահեց. ապա ըսաւ. «Իրաւ այդ մարդիկը ինծի եկան, բայց իրենց ուրկէ՛ ըլլալը չգիտցայ։
5Դրան գոցուելու ատենը՝ խաւարին մէջ այդ մարդիկը դուրս ելան։ Այդ մարդոց ո՛ւր երթալը չեմ գիտեր. շուտո՛վ զանոնք հետապնդեցէք, քանի որ անոնց պիտի հասնիք»։
6Իսկ ինք տանիքը բարձրացնելով զանոնք՝ պահած էր վուշի ցօղուններու մէջ, որ տանիքին վրայ զետեղած էր։
7Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ անցքերը զանոնք հետապնդեցին՝ Յորդանանի ճամբայով. զանոնք հետապնդողներուն դուրս ելլելէն ետք՝ դուռը գոցեցին։
82Լրտեսները դեռ չէին պառկած՝ երբ 3կինը տանիք բարձրացաւ անոնց քով,
9եւ մարդոց ըսաւ. «Ես գիտեմ թէ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ. ձեր ահը մեր վրայ ինկաւ, ու ձեր 4պատճառով այս երկրին բոլոր բնակիչները հալեցան։
10Արդարեւ մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց, երբ Եգիպտոսէն ելաք. նաեւ ինչ որ ըրիք Յորդանանի միւս կողմը բնակող Ամորհացիներուն երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնի եւ Ովգի, որ անճիտեցիք։
11Ուստի երբ այս բաները լսեցինք՝ մեր սիրտը հալեցաւ, ու ո՛չ մէկուն 5վրայ համարձակութիւն մնաց ձեր պատճառով՝՝. քանի որ ձեր Աստուածը՝ Եհովան միայն ի՛նք Աստուած է, վերը՝ երկինքի մէջ, եւ վարը՝ երկրի վրայ։
12Հիմա կ’աղերսե՛մ, Տէրոջմով երդո՛ւմ ըրէք ինծի, թէ քանի ես ձեզի հետ կարեկցութեամբ վարուեցայ՝ դուք ալ իմ հօրս տան հետ կարեկցութեամբ պիտի վարուիք. ինծի 6վստահելի նշան մը տուէք,
13թէ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք, եւ մեր անձը մահէն պիտի ազատէք»։
14Այդ մարդիկը անոր պատասխանեցին. «Եթէ մեր այս արարքը չիմացնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի հետ կարեկցութեամբ ու ճշմարտութեամբ պիտի վարուինք»։
15Յետոյ զանոնք պարանով մը պատուհանէն իջեցուց, (քանի որ իր տունը բերդաքաղաքին պարիսպին վրայ էր, եւ ինք պարիսպին վրայ կը բնակէր,)
16ու անոնց ըսաւ. «Լե՛ռը գացէք, որ հետապնդողները ձեզի չհանդիպին. հոն երե՛ք օր պահուըտեցէք, մինչեւ որ հետապնդողները վերադառնան. յե՛տոյ ձեր ճամբան գացէք»։
17Այդ մարդիկը անոր ըսին. «Այդ մեզի ընել տուած երդումէդ սա՛պէս անպարտ պիտի ըլլանք.—
18ահա՛ երբ այս երկիրը մտնենք, սա՛ կրկնակի կարմիր դերձանէ առասանը ա՛յն պատուհանին կապէ՝ ուրկէ մեզ իջեցուցիր, եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու հօրդ ամբողջ ընտանիքը քո՛վդ հաւաքէ՝ այս տան մէջ։
19Անոնցմէ ո՛վ որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլուխին վրայ պիտի ըլլայ, եւ մենք անպարտ պիտի ըլլանք։ Բայց եթէ քու քովդ՝ այս տան մէջ բոլոր եղողներուն վրայ ձեռք դրուի, անոնց արիւնը մեր գլուխին վրայ պիտի ըլլայ։
20Իսկ եթէ մեր այս արարքը իմացնես, մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։
217Կինը ըսաւ. «Ա՛յդպէս թող ըլլայ, ձեր խօսքերուն համաձայն», ու զանոնք ղրկեց. անոնք ալ գացին, եւ ինք այդ կրկնակի կարմիր առասանը պատուհանին կապեց։
22Անոնք անկէ գացին, լեռնակողմը հասան, ու հոն երեք օր կեցան, մինչեւ որ հետապնդողները վերադարձան։ Հետապնդողները զիրենք ամբողջ ճամբային մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։
23Հետեւաբար այդ երկու մարդիկը վերադարձան, լեռնէն իջան, Յորդանանէն անցան, Նաւէի որդիին՝ Յեսուի գացին, եւ անոր պատմեցին ամէն ինչ որ իրենց պատահած էր։
24Ապա Յեսուի ըսին. «Ի՛րապէս Տէրը այդ ամբողջ երկիրը մեր ձեռքը մատնած է, ու նոյնիսկ այդ երկրին բոլոր բնակիչները մեր պատճառով կը հալին»։