Loading...

Joshua 3

Deuteronomy  «  Joshua 2  ‹  Joshua 3  ›  Joshua 4  »  Judges


ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ Կ’ԱՆՑՆԻՆ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ

1

Յեսու առտուն՝ կանուխ ելաւ, եւ ինք ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէն մեկնեցան, մինչեւ Յորդանան հասան, եւ անցնելէ առաջ հոն գիշերեցին։

2

Երեք օր ետք՝ ոստիկանները բանակին մէջէն անցան

3

ու ժողովուրդին պատուիրեցին. «Երբ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք, եւ Ղեւտացի քահանաները՝ որ զայն կը կրեն, դո՛ւք ալ ձեր տեղերէն մեկնեցէք ու անոր հետեւեցէք։

4

Բայց ձեր եւ անոր միջեւ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պիտի ըլլայ։ Անոր մի՛ մօտենաք, որպէսզի ձեր երթալիք ճամբան գիտնաք. քանի որ 1ասկէ առաջ՝՝ այս ճամբայէն անցած չէք»։

5

Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք, որովհետեւ Տէրը վաղը ձեր մէջ սքանչելիքներ պիտի ընէ»։

6

Յետոյ Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Կրեցէ՛ք ուխտին տապանակը ու անցէ՛ք ժողովուրդին առջեւէն»։ Ուստի անոնք ուխտին տապանակը կրեցին եւ ժողովուրդին առջեւէն գացին։

7

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Այսօր պիտի սկսիմ ամբողջ Իսրայէլի աչքերուն առջեւ քեզ մեծցնել, որպէսզի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսի հետ էի, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի ըլլամ։

8

Ուստի ուխտին տապանակը կրող քահանաներուն պատուիրէ՛. “Երբ Յորդանանի ջուրերուն եզերքը հասնիք, Յորդանանի մէջ կայնեցէ՛ք”»։

9

Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցէք եւ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն խօսքե՛րը մտիկ ըրէք»։

10

Ու Յեսու ըսաւ. «Սա՛պէս պիտի գիտնաք թէ ապրող Աստուածը ձեր մէջն է, եւ ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամորհացիներն ու Յեբուսացիները պիտի վտարէ։

11

Ահա՛ ամբողջ երկրի Տէրոջ ուխտին տապանակը ձեր առջեւէն պիտի անցնի Յորդանանի մէջ։

12

Հիմա Իսրայէլի տոհմերէն տասներկո՛ւ մարդ առէք, ամէն տոհմէ մէկ մարդ։

13

Երբ ամբողջ երկրի Տէրոջ՝ Եհովայի տապանակը կրող քահանաներուն ոտքերու ներբանները Յորդանանի ջուրերուն մէջ 2մտնեն, Յորդանանի ջուրերը պիտի կտրուին, ու վերէն իջնող ջուրերը կարկառի մը պէս պիտի կայնին»։

14

Երբ ժողովուրդը իր վրաններէն մեկնեցաւ՝ Յորդանանէն անցնելու համար, ուխտին տապանակը կրող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային։

15

Երբ տապանակը կրողները Յորդանան հասան ու տապանակը կրող քահանաներուն ոտքերը թաթխուեցան եզերքի ջուրին մէջ (արդարեւ հունձքի ամբողջ ժամանակը՝ Յորդանանը իր բոլոր ափերը կ’ողողէ,)

16

վերէն իջնող ջուրերը կայնեցան, եւ Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու՝ կարկառի մը պէս կանգնեցան. իսկ դաշտին ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողները բոլորովին կտրուեցան, ու ժողովուրդը անցաւ՝ Երիքովի դիմաց։

17

Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող քահանաները Յորդանանի մէջտեղը՝ ցամաքի վրայ անշարժ կայնեցան, երբ ամբողջ Իսրայէլը ցամաքով կ’անցնէր, մինչեւ որ ամբողջ ազգին Յորդանանէն անցնիլը լրացաւ։



1 Եբր.՝ Երէկ ու նախորդ օրը
2 Եբր.՝ հանգչին