Loading...

Joshua 4

Deuteronomy  «  Joshua 3  ‹  Joshua 4  ›  Joshua 5  »  Judges


ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՔԱՐԵՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԵՑՆԵՆ

1

Երբ ամբողջ ազգին Յորդանանէն անցնիլը լրացաւ, Տէրը Յեսուի ըսաւ.

2

«Ժողովուրդէն տասներկո՛ւ մարդ առէք, ամէն տոհմէ մէկ մարդ,

3

եւ անոնց պատուիրեցէ՛ք. “Ասկէ՝ Յորդանանի մէջտեղէն, քահանաներուն ոտքերուն անշարժ կեցած տեղէն, ձեզի տասներկո՛ւ քար կրեցէք. զանոնք 1փոխադրեցէ՛ք ձեզի հետ, ու դրէ՛ք այն իջեւանը՝ ուր այս գիշեր պիտի իջեւանիք”»։

4

Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր 2որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն տոհմէ մէկ մարդ,

5

եւ Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջտեղը, Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն տապանակին առջե՛ւ անցէք, ու Իսրայէլի որդիներուն տոհմերուն թիւով՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ուսին վրայ քա՛ր մը թող վերցնէ անկէ.

6

որպէսզի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ։ Երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնեն. “Ի՞նչ են այս քարերը ձեզի համար”,

7

անոնց պատասխանեցէ՛ք. “Տէրոջ ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ ան Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան, եւ այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ իբր յիշատակ պիտի ըլլան յաւիտեան”»։

8

Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին համաձայն ըրին. Յորդանանի մէջտեղէն տասներկու քար կրեցին՝ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերուն թիւով, ինչպէս Տէրը Յեսուի հրամայեր էր, զանոնք իրենց հետ իջեւանը փոխադրեցին, ու հոն դրին։

9

Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց՝ Յորդանանի մէջտեղը, ուխտին տապանակը կրող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը. անոնք մինչեւ այսօր հոն են։

10

Տապանակը կրող քահանաները Յորդանանի մէջտեղը կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ ամէն ինչ՝ որ Տէրը Յեսուի պատուիրեր էր ժողովուրդին ըսելու, Մովսէսի Յեսուի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն. ապա ժողովուրդը շտապելով անցաւ։

11

Երբ ամբողջ ժողովուրդին անցնիլը լրացաւ, Տէրոջ տապանակն ու քահանաները անցան՝ ժողովուրդին առջեւ։

12

Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները եւ Մանասէի կէս տոհմը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ 3սպառազինեալ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր.

13

քառասուն հազարի չափ զինուած զօրք Տէրոջ առջեւ անցաւ Երիքովի դաշտը՝ պատերազմի համար։

14

Այդ օրը՝ Տէրը ամբողջ Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց, ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրմէ վախցան՝ ինչպէս Մովսէսէ կը վախնային։

15

Տէրը Յեսուի ըսաւ.

16

«Պատուիրէ՛ Վկայութեան տապանակը կրող քահանաներուն՝ որ Յորդանանէն բարձրանան»։

17

Ուստի Յեսու քահանաներուն պատուիրեց. «Յորդանանէն բարձրացէ՛ք»։

18

Երբ Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող քահանաները Յորդանանի մէջտեղէն ցամաք բարձրացան, ու քահանաներուն ոտքերու ներբանները ցամաքի վրայ 4կոխեցին, Յորդանանի ջուրերը իրենց տեղը վերադարձան եւ 5առաջուան պէս իր բոլոր 6ափերը ողողեցին՝՝։

19

Առաջին ամսուան տասներորդ օրը, ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով՝ Գաղգաղա բանակեցաւ, Երիքովի արեւելեան ծայրը։

20

Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց այն տասներկու քարերը՝ որ Յորդանանէն առեր էին,

21

եւ Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Երբ վաղը ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնեն. “Ի՞նչ են այս քարերը”,

22

ձեր որդիներուն գիտցուցէ՛ք՝ ըսելով. “Իսրայէլ այս Յորդանանը անցաւ ցամաքի վրայէն”։

23

Արդարեւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց՝ մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս Տէրը՝ ձեր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, զայն ցամքեցնելով մեր առջեւէն՝ մինչեւ որ մենք անցանք.

24

որպէսզի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Տէրոջ ձեռքը ուժեղ է, ու դուք Տէրոջմէն՝ ձեր Աստուծմէն վախնաք 7ամէն ատեն՝՝»։



1 Եբր.՝ անցուցէ՛ք
2 Եբր.՝ պատրաստած
3 Կամ՝ գունդ-գունդ
4 Եբր.՝ քաշուեցան
5 Եբր.՝ երէկուան ու նախորդ օրուան
6 Եբր.՝ ափերուն վրայ գացին
7 Եբր.՝ բոլոր օրերը