Joshua 5
Deuteronomy « Joshua 4 ‹ Joshua 5 › Joshua 6 » Judges
1
Երբ Ամորհացիներուն բոլոր թագաւորները՝ որ Յորդանանի այս արեւմտեան կողմը կը բնակէին, ու Քանանացիներուն բոլոր թագաւորները՝ որ 1ծովեզերքը կը բնակէին, լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն, մինչեւ անոնց անցնիլը, Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուցեր է, անոնց սիրտը հալեցաւ, եւ Իսրայէլի որդիներուն պատճառով անոնց վրայ 2համարձակութիւն չմնաց՝՝։
ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ ԳԱՂԳԱՂԱՅԻ ՄԷՋ
2Այդ ատեն Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Քեզի 3գայլախազէ դանակնե՛ր շինէ, ու դա՛րձեալ թլփատէ Իսրայէլի որդիները, երկրորդ անգամ»։
3Յեսու իրեն գայլախազէ դանակներ շինեց ու Թլիփներու բլուր կոչուած տեղը Իսրայէլի որդիները թլփատեց։
4Ահա՛ւասիկ ի՛նչ պատճառով Յեսու զանոնք թլփատեց. Եգիպտոսէն ելած ամբողջ ժողովուրդը, արուները, բոլոր պատերազմիկները ճամբան՝ անապատին մէջ մեռան, Եգիպտոսէն ելլելէ ետք։
5Թէպէտ դուրս ելած ամբողջ ժողովուրդը թլփատուած էր, Եգիպտոսէն ելլելէ ետք ճամբան՝ անապատին մէջ ծնած ժողովուրդը թլփատուած չէր։
6Արդարեւ Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի անապատին մէջ քալեցին, մինչեւ որ Եգիպտոսէն ելլող պատերազմիկներուն ամբողջ ազգը սպառեցաւ. քանի անոնք Տէրոջ խօսքը մտիկ չըրին, Տէրը անոնց երդում ըրաւ թէ իրենց պիտի չցուցնէ այն երկիրը, որուն համար Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ որ մեզի տայ, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ։
7Ուստի անոնց տեղ իրենց որդիները 4հանեց, եւ Յեսու զանո՛նք թլփատեց, քանի որ անթլփատ էին. արդարեւ ճամբան զանոնք թլփատած չէին։
8Երբ ամբողջ ազգին թլփատուիլը լրացաւ, բանակավայրին մէջ իրենց տեղը կեցան՝ մինչեւ որ առողջացան։
9Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Այսօր Եգիպտոսի նախատինքը ձեր վրայէն 5վերցուցի»։ Ուստի այդ տեղին անունը մինչեւ այսօր 6Գաղգաղա կոչուեցաւ։
10Իսրայէլի որդիները Գաղգաղա բանակեցան, եւ ամսուան տասնչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Երիքովի դաշտերուն մէջ Զատիկը կատարեցին։
11Զատիկին հետեւեալ օրը՝ այդ երկրին արտադրութենէն բաղարջ կերան. նոյն օրը բոհրած ցորեն ալ կերան։
12Մանանան դադրեցաւ հետեւեալ օրը, երբ այդ երկրին արտադրութենէն կերան։ Անկէ ետք Իսրայէլի որդիները ա՛լ մանանայ չունեցան, հապա այդ տարին Քանանի երկրին բերքէն կերան։
ՅԵՍՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐՈՎ ՄԱՐԴԸ
13Երբ Յեսու Երիքովի մօտ էր, աչքերը վերցնելով տեսաւ թէ ահա՛ իր դիմացը մարդ մը կայնած էր, որուն ձեռքը մերկ սուր մը կար։ Յեսու անոր 7մօտենալով՝ անոր ըսաւ. «Մեզմէ՞ ես, թէ մեր հակառակորդներէն ես»։
14Ան ալ ըսաւ. «Ո՛չ, հապա ես Տէրոջ սպարապետն եմ, ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետին ինկաւ, երկրպագեց եւ անոր ըսաւ. «Իմ Տէրս ի՞նչ կ’ըսէ իր ծառային»։
15Տէրոջ սպարապետը Յեսուի ըսաւ. «Ոտքէդ հանէ՛ կօշիկդ, որովհետեւ այն տեղը ուր կայնած ես՝ սուրբ է»։ Յեսու ալ այնպէս ըրաւ։