Loading...

Joshua 6

Deuteronomy  «  Joshua 5  ‹  Joshua 6  ›  Joshua 7  »  Judges


ԵՐԻՔՈՎԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

1

Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով 1ամուր կերպով՝՝ փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։

2

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովը, անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ մատնեցի։

3

Ուստի դո՛ւք՝ բոլոր պատերազմիկներդ՝ քաղաքին շո՛ւրջը դարձէք, ու մէ՛կ անգամ քաղաքը պաշարեցէք. ա՛յսպէս ըրէք վեց օր։

4

Նաեւ եօթը քահանաներ՝ տապանակին առջեւ թող կրեն եօթը 2Յոբելեանի շեփորները։ Եօթներորդ օրը՝ քաղաքին շուրջը եօ՛թը անգամ դարձէք, եւ քահանաները թող շեփորները հնչեցնեն։

5

Երբ Յոբելեանի եղջիւրը երկար հնչեցնեն ու դուք շեփորին ձայնը լսէք, ամբողջ ժողովուրդը մեծ գոչիւնով թող գոռայ. քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան, եւ ժողովուրդը պիտի բարձրանայ՝ իւրաքանչիւրը շիտակ յառաջ երթալով»։

6

Նաւէի որդին՝ Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Կրեցէ՛ք ուխտին տապանակը, ու Տէրոջ տապանակին առջեւէն՝ եօթը քահանաներ թող կրեն եօթը Յոբելեանի շեփորները»։

7

Յետոյ ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէ՛ք ու քաղաքին շո՛ւրջը դարձէք. զինեալները Տէրոջ տապանակին առջեւէն թող քալեն»։

8

Երբ Յեսու ժողովուրդին խօսեցաւ, եօթը Յոբելեանի շեփորները Տէրոջ առջեւ կրող եօթը քահանաները՝ անցան եւ շեփորները հնչեցուցին. Տէրոջ ուխտին տապանակը անոնց կը հետեւէր։

9

Զինեալները շեփորները հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, իսկ վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն. քահանաները շեփորները հնչեցնելով կ’երթային։

10

Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց. «Բնաւ մի՛ գոռաք, ձեր ձայնը թող չլսուի ու ձեր բերանէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ես ձեզի հրամայեմ որ գոռաք. ա՛յն ատեն գոռացէք»։

11

Տէրոջ տապանակը քաղաքին շուրջը դարձաւ, մէկ անգամ պաշարելով. յետոյ բանակավայրը մտան եւ բանակավայրին մէջ գիշերեցին։

12

Յեսու առտուն՝ կանուխ ելաւ, ու քահանաները Տէրոջ տապանակը կրեցին։

13

Եօթը Յոբելեանի շեփորները կրող եօթը քահանաները՝ Տէրոջ տապանակին առջեւէն կ’երթային, շեփորները հնչեցնելով. զինեալները անոնց առջեւէն կ’երթային, իսկ վերջապահները՝ Տէրոջ տապանակին ետեւէն. քահանաները շեփորները հնչեցնելով կ’երթային։

14

Երկրորդ օրն ալ քաղաքին շուրջը մէկ անգամ դառնալէ ետք բանակավայրը վերադարձան։ Վեց օր այսպէս ըրին։

15

Եօթներորդ օրը՝ կանուխ ելան, արշալոյսին 3ծագած ատենը, ու քաղաքին շուրջը եօթը անգամ դարձան նոյն կերպով. միայն ա՛յդ օրը քաղաքին շուրջը եօթը անգամ դարձան։

16

Եօթներորդ անգամին, մինչ քահանաները շեփորները կը հնչեցնէին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Գոռացէ՛ք, քանի որ Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը մատնեց։

17

Քաղաքը Տէրոջ համար նզովուած պիտի ըլլայ, ան եւ ամէն ինչ որ անոր մէջ է. միայն Ռախաբ պոռնիկը ողջ պիտի մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ տան մէջ իրեն հետ բոլոր եղողները, քանի որ մեր ղրկած 4լրտեսները պահեց։

18

Իսկ դուք ամէն կերպով զգուշացէ՛ք նզովուածէն, որպէսզի նզովուածէն առնելով՝ դուք ալ նզովուած չըլլաք, Իսրայէլի բանակը 5նզովքի մէջ չձգէք՝՝ ու զայն չդժբախտացնէք։

19

Ամբողջ արծաթը, ոսկին, եւ պղինձէ ու երկաթէ անօթները Տէրոջ համար սրբացուած պիտի ըլլան. Տէրոջ գանձարանը պիտի մտնեն»։

20

Ուստի ժողովուրդը գոռաց, մինչ քահանաները շեփորները կը հնչեցնէին։ Երբ ժողովուրդը շեփորներուն ձայնը լսեց, եւ ժողովուրդը մեծ գոչիւնով գոռաց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը քաղաքը բարձրացաւ, իւրաքանչիւրը շիտակ յառաջ երթալով, ու քաղաքը գրաւեցին։

21

Քաղաքին մէջ եղող ամէն ինչ — այր մարդ թէ կին, երիտասարդ թէ ծեր, արջառ, ոչխար եւ էշ — սուրի բերանէ անցընելով անճիտեցին։

22

Յեսու այդ երկիրը լրտեսող երկու մարդոց ըսաւ. «Մտէ՛ք այդ պոռնիկ կնոջ տունը, եւ ինչպէս անոր երդում ըրիք՝ անկէ դո՛ւրս հանեցէք կինն ու անոր ամբողջ ունեցածը»։

23

Ուստի այդ լրտես երիտասարդները մտան, եւ Ռախաբը, անոր հայրը, մայրն ու եղբայրները, եւ անոր ամբողջ ունեցածը դուրս հանեցին. անոր ամբողջ գերդաստանն ալ դուրս հանեցին, ու զանոնք Իսրայէլի բանակավայրէն դուրս դրին։

24

Յետոյ քաղաքը եւ ամէն ինչ որ անոր մէջ էր՝ կրակով այրեցին. միայն արծաթը, ոսկին, եւ պղինձէ ու երկաթէ անօթները Տէրոջ տան գանձարանին մէջ դրին։

25

Այսպէս՝ Յեսու ողջ պահեց Ռախաբ պոռնիկը, անոր հօր ընտանիքը եւ ամբողջ ունեցածը. ան Իսրայէլի մէջ բնակեցաւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ պահեց այն 6լրտեսները՝ որ Յեսու ղրկեր էր Երիքովը լրտեսելու համար։

26

Այդ ատեն Յեսու երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Տէրոջ առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ պիտի կանգնի եւ այս Երիքով քաղաքը կառուցանէ. իր 7անդրանիկով անոր հիմը պիտի դնէ, ու իր 8կրտսերով անոր դռները կանգնեցնէ»։

27

Այսպէս Տէրը Յեսուի հետ էր, եւ անոր համբաւը ամբողջ երկրին մէջ 9տարածուեցաւ։



1 Եբր.՝ գոցուած
2 Կամ՝ խոյի եղջիւրէ
3 Եբր.՝ ելած
4 Եբր.՝ լրաբերները
5 Եբր.՝ նզովք չընէք
6 Եբր.՝ լրաբերները
7 Եբր.՝ անդրանիկին վրայ
8 Եբր.՝ կրտսերին վրայ
9 Եբր.՝ եղաւ