Loading...

Joshua 7

Deuteronomy  «  Joshua 6  ‹  Joshua 7  ›  Joshua 8  »  Judges


ԱՔԱՐԻ ՄԵՂՔԸ

1

Բայց Իսրայէլի որդիները նզովքին հանդէպ ուխտազանց եղան. քանի որ Յուդայի տոհմէն՝ Զարայի որդիին 1Զաբդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար նզովուածէն առաւ։ Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի որդիներուն դէմ բորբոքեցաւ։

2

Յեսու Երիքովէն մարդիկ ղրկեց դէպի Գայի, որ Բեթաւանի մօտ է՝ Բեթէլի արեւելեան կողմը, ու անոնց ըսաւ. «Բարձրացէ՛ք եւ այդ երկի՛րը լրտեսեցէք»։ Այդ մարդիկն ալ բարձրացան ու Գային լրտեսեցին։

3

Ապա Յեսուի վերադարձան եւ անոր ըսին. «Ամբողջ ժողովուրդը թող չբարձրանայ. միայն երկու կամ երեք հազարի չափ մարդիկ թող բարձրանան ու Գային զարնեն։ Ամբողջ ժողովուրդը հոն տանելով մի՛ յոգնեցներ, քանի անոնք փոքրաթիւ են»։

4

Ուստի ժողովուրդէն երեք հազարի չափ մարդիկ հոն բարձրացան, բայց Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։

5

Գայիի մարդիկը անոնցմէ երեսունվեց մարդու չափ զարկին, որովհետեւ զանոնք դրան առջեւէն մինչեւ Սեբարիմ հալածեցին, ու զառիվայրին վրայ զանոնք զարկին. ուստի ժողովուրդին սիրտը հալեցաւ եւ ջուրի պէս եղաւ։

6

Յեսու իր հանդերձները պատռեց, Տէրոջ տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետին ինկաւ մինչեւ իրիկուն, թէ՛ ինք, եւ թէ Իսրայէլի երէցները, ու իրենց գլուխին վրայ հող 2ցանեցին։

7

Յեսու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը Յորդանանի այս կողմը անցուցիր, որպէսզի մեզ Ամորհացիներուն ձեռքը մատնես եւ մեզ կորսնցնես. երանի՜ թէ հաւանելով Յորդանանի միւս կողմը մնայինք։

8

Ո՜հ, Տէ՛ր, Իսրայէլ իր թշնամիներուն առջեւ 3կռնակ դարձնելէն ետք՝ ա՛լ ես ի՞նչ ըսեմ.

9

որովհետեւ Քանանացիներն ու երկրին բոլոր բնակիչները լսելով՝ մեզ պիտի շրջապատեն, եւ մեր անունը երկրի վրայէն պիտի ջնջեն. այն ատեն քու մեծ անունիդ համար ի՞նչ պիտի ընես»։

10

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր. ինչո՞ւ այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես.

11

Իսրայէլ մեղանչեց, եւ անոնց պատուիրած ուխտս անտեսեցին. որովհետեւ նզովուածէն առին, գողցան, ստեցին ու իրենց առարկաներուն մէջ դրին։

12

Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկարենան իրենց թշնամիներուն առջեւ կանգնիլ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն՝ քանի որ նզովուած եղան, եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ՝ եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն չբնաջնջէք։

13

Ոտքի՛ ելիր, ժողովուրդը սրբացո՛ւր ու ըսէ՛. “Վաղուան համար դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք. որովհետեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կ’ըսէ. "Ո՛վ Իսրայէլ, քու մէջդ նզովուած կայ. թշնամիներուդ առջեւ պիտի չկարենաս կանգնիլ, մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք"”։

14

Ուստի առտուն ներկայացէ՛ք ձեր տոհմերով. Տէրը ո՛ր տոհմը որ վիճակով բռնէ, անիկա՛ իր գերդաստաններով թող ներկայանայ. Տէրը ո՛ր գերդաստանը որ բռնէ, անիկա՛ իր ընտանիքներով թող ներկայանայ. ու Տէրը ո՛ր ընտանիքը որ բռնէ, անիկա՛ իր 4մարդոցմով թող ներկայանայ։

15

Ո՛վ որ նզովուածով բռնուի, կրակով պիտի այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ իր ամբողջ ունեցածը. քանի որ Տէրոջ ուխտը անտեսեց ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեց»։

16

Ուստի Յեսու առտուն՝ կանուխ ելաւ, եւ Իսրայէլը իր տոհմերով ներկայացուց. Յուդայի տոհմը բռնուեցաւ։

17

Յուդայի գերդաստանները ներկայացուց, ու Զարայեաններու գերդաստանը բռնուեցաւ։ Զարայեաններու գերդաստանը իր մարդոցմով ներկայացուց, եւ Զաբդի բռնուեցաւ։

18

Յետոյ անոր ընտանիքը իր մարդոցմով ներկայացուց, ու Յուդայի տոհմէն՝ Զարայի որդիին Զաբդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ։

19

Հետեւաբար Յեսու Աքարի ըսաւ. «Որդի՛ս, կ’աղերսե՛մ, Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն փա՛ռք տուր, եւ մեղքդ անոր խոստովանէ՛. քու ըրածդ այժմ ինծի իմացո՛ւր, ինձմէ մի՛ պահեր»։

20

Աքար Յեսուի պատասխանելով՝ ըսաւ. «Ի՛րապէս Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն դէմ մեղանչեցի։ 5Ահա՛ւասիկ ինչ որ՝՝ ըրի.—

21

աւարին մէջ վայելչագեղ Բաբելոնի վերարկու մը, երկու հարիւր սիկղ արծաթ ու յիսուն սիկղ կշռող ոսկի լեզու մը տեսայ, անոնց ցանկացի, զանոնք առի. ահա՛ անոնք հողին տակ թաղուած են՝ իմ վրանիս մէջտեղը, եւ արծաթը անոր տակն է»։

22

Յեսու պատգամաւորներ ղրկեց՝ որ վրանը վազեցին, ու ահա՛ անոնք իր վրանին մէջ թաղուած էին, արծաթն ալ անոր տակն էր։

23

Զանոնք վրանին մէջտեղէն առին, Յեսուի եւ ամբողջ Իսրայէլի որդիներուն բերին, ու զանոնք Տէրոջ առջեւ դրին։

24

Այն ատեն Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Զարայեան Աքարը առին, նաեւ արծաթը, վերարկուն, ոսկի լեզուն, անոր որդիները, աղջիկները, արջառները, էշերը, ոչխարները, վրանը եւ ամբողջ ունեցածը, ու զանոնք Աքովրի հովիտը բարձրացուցին։

25

Յեսու ըսաւ. «Ինչո՞ւ դուն մեզ դժբախտացուցիր. Տէրն ալ քեզ պիտի դժբախտացնէ այսօր», եւ ամբողջ Իսրայէլը զայն 6քարկոծեց։ Զանոնք քարկոծելէ ետք՝ կրակով այրեցին,

26

յետոյ անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը կանգնեցուցին՝ որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Հետեւաբար Տէրը իր 7բորբոքած բարկութիւնը՝՝ կասեցուց։ Ասոր համար այդ տեղին անունը 8Աքովրի հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։



1 Կամ՝ Զամբրիի
2 Եբր.՝բարձրացուցին
3 Եբր.՝ծոծրակ
4 Եբր.՝ զօրաւոր մարդոցմով
5 Եբր.՝ Սա՛պէս եւ սա՛պէս
6 Եբր.՝ քարերով քարկոծեց
7 Եբր.՝ բարկութեան բորբոքումը
8 Այսինքն՝ Դժբախտութեան