Loading...

Joshua 8

Deuteronomy  «  Joshua 7  ‹  Joshua 8  ›  Joshua 9  »  Judges


ԳԱՅԻԻ ԳՐԱՒՈՒՄՆ ՈՒ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

1

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. ա՛ռ քեզի հետ ամբողջ պատերազմի ժողովուրդը, կանգնէ՛ եւ բարձրացի՛ր դէպի Գայի։ Նայէ՛, Գայիի թագաւորը, անոր ժողովուրդը, անոր քաղաքն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ մատնեցի։

2

Գայիի եւ անոր թագաւորին ըրէ՛ ինչպէս որ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրիր. միա՛յն անոր աւարը եւ անոր անասունները ձեզի համար կողոպտեցէք։ Քաղաքին ետեւի կողմէն դարա՛ն դիր»։

3

Ուստի Յեսու եւ ամբողջ պատերազմի ժողովուրդը կանգնեցան, որպէսզի դէպի Գայի բարձրանան. Յեսու երեսուն հազար մարդ — զօրաւոր կտրիճներ — ընտրեց ու զանոնք գիշերը ղրկեց։

4

Անոնց պատուիրեց. «Նայեցէ՛ք, դուք քաղաքին ետեւէն՝ այդ քաղաքին համար դարան պիտի մտնէք. քաղաքէն շատ մի՛ հեռանաք, եւ բոլո՛րդ ալ պատրաստ եղէք։

5

Ես քաղաքին պիտի մօտենամ՝ ինծի հետ եղող ամբողջ ժողովուրդով, ու երբ անոնք դուրս ելլեն՝ մեր դիմաց, առաջին անգամին պէս, անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։

6

Անոնք մեր ետեւէն դուրս պիտի ելլեն, մինչեւ որ զանոնք քաղաքէն 1հեռացնենք։ Արդարեւ անոնք պիտի ըսեն. “Մեր առջեւէն փախան՝ առաջին անգամին պէս”, ու մենք անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։

7

Այն ատեն դարանէն 2ելէ՛ք ու քաղաքը գրաւեցէ՛ք՝՝, քանի Տէրը՝ ձեր Աստուածը զայն ձեր ձեռքը պիտի մատնէ։

8

Երբ քաղաքը գրաւէք, քաղաքը կրակո՛վ վառեցէք. Տէրոջ հրամանին համաձայն ըրէք։ Նայեցէ՛ք, ձեզի պատուիրեցի»։

9

Յեսու զանոնք ղրկեց, եւ անոնք գացին դարանը մտնելու Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Գայիի արեւմտեան կողմը։ Յեսու այդ գիշեր ժողովուրդին մէջ իջեւանեցաւ։

10

Յեսու առտուն՝ կանուխ ելաւ, ժողովուրդը աչքէ անցուց, ու ժողովուրդին առջեւէն դէպի Գայի բարձրացաւ, ինք եւ Իսրայէլի երէցները։

11

Իրեն հետ եղող ամբողջ պատերազմի ժողովուրդն ալ բարձրացաւ, մօտեցաւ, քաղաքին դիմաց հասաւ ու Գայիի հիւսիսային կողմը բանակեցաւ. անոնց եւ Գայիի մէջտեղ ձոր մը կար։

12

Յեսու հինգ հազարի չափ մարդ առաւ ու զանոնք դարանի մէջ դրաւ Բեթէլի եւ Գայիի մէջտեղ, 3քաղաքին արեւմտեան կողմը։

13

Երբ ժողովուրդը — ամբողջ բանակը — քաղաքին հիւսիսային կողմը դրին, իսկ իրենց դարանակալները՝ քաղաքին արեւմտեան կողմը, Յեսու այդ գիշերը հովիտին մէջտեղը գնաց։

14

Երբ Գայիի թագաւորը ասիկա տեսաւ, քաղաքին մարդիկը շտապեցին ու կանուխ ելան. ինք եւ իր ամբողջ ժողովուրդը դուրս ելան՝ Իսրայէլի դիմաց, որպէսզի սահմանուած ատենին դաշտին վրայ պատերազմին. սակայն չէր գիտեր թէ քաղաքին ետեւը իրեն համար դարան դրուած էր։

15

Յեսու եւ ամբողջ Իսրայէլը զիրենք անոնց առջեւ պարտուած ձեւացնելով՝ անապատի ճամբան փախան։

16

Քաղաքին մէջ եղող ամբողջ ժողովուրդը 4կանչուեցաւ՝ որպէսզի զանոնք հետապնդեն, ու Յեսուն հետապնդելով՝ քաղաքէն 5հեռացան։

17

Գայիի եւ Բեթէլի մէջ մարդ չմնաց, որ դուրս չելլէ՝ Իսրայէլի ետեւէն. ուստի քաղաքը բաց թողուցին ու Իսրայէլը հետապնդեցին։

18

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Ձեռքդ եղող տէգը երկարէ՛ դէպի Գայի, քանի որ զայն քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։ Յեսու ձեռքը եղած տէգը դէպի քաղաքը երկարեց.

19

դարանակալները շուտով իրենց տեղէն կանգնեցան՝ երբ ան իր ձեռքը երկարեց, վազեցին, քաղաքը մտան եւ զայն գրաւեցին. ապա շտապելով քաղաքը կրակով վառեցին։

20

Գայիի մարդիկը իրենց ետեւը դարձան ու նայեցան, եւ ահա՛ քաղաքին մուխը մինչեւ երկինք կը բարձրանար. հոս կամ հոն փախչելու 6զօրութիւնը չունէին, որովհետեւ անապատը փախչող ժողովուրդն ալ զինք հետապնդողներուն դէմ դարձաւ։

21

Երբ Յեսու եւ ամբողջ Իսրայէլը տեսան թէ դարանակալները քաղաքը գրաւեցին ու քաղաքին մուխը կը բարձրանար, վերադարձան եւ Գայիի մարդիկը զարկին։

22

Միւսներն ալ քաղաքէն դուրս ելան՝ իրենց դիմաց. ուստի Գայիի մարդիկը, մէկ կողմէն ասոնք ունենալով, ու միւս կողմէն ալ՝ անոնք, Իսրայելացիներուն մէջտեղը մնացին, որոնք զիրենք զարկին՝ մինչեւ որ իրենցմէ ո՛չ մէկ վերապրող կամ ազատած մնաց։

23

Գայիի թագաւորը ողջ բռնեցին ու զայն Յեսուի ներկայացուցին։

24

Երբ Իսրայելացիները Գայիի բոլոր բնակիչները ամբողջովին ջարդեցին դաշտավայրին վրայ, այն անապատին մէջ՝ ուր զիրենք հալածեր էին, եւ անոնք բոլորն ալ սուրի բերանէ իյնալով սպառեցան, բոլոր Իսրայելացիները Գայի վերադարձան ու զայն սուրի բերանէ անցուցին։

25

Այդ օրը ինկածները, թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ, տասներկու հազար էին, այսինքն Գայիի բոլոր մարդիկը։

26

Յեսու իր ձեռքը՝ որով տէգը երկարած էր՝ ետ չքաշեց, մինչեւ որ Գայիի բոլոր բնակիչները անճիտեց։

27

Իսրայելացիները միայն անասուններն ու քաղաքին աւարը իրենց համար կողոպտեցին, Տէրոջ Յեսուի հրամայած խօսքին համեմատ։

28

Յեսու Գային այրեց, եւ զայն 7մշտնջենաւոր փլատակ ըրաւ, մինչեւ այսօր տեւող ամայութիւն։

29

Գայիի թագաւորը ծառէ մը կախեց՝ մինչեւ իրիկուն. երբ արեւը մայր մտաւ, Յեսու հրամայեց որ անոր դիակը ծառէն իջեցնեն. զայն քաղաքին դրան մուտքը նետեցին ու անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը կանգնեցուցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։


ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ ԳԵԲԱՂ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ

30

Այն ատեն Յեսու զոհասեղան մը կառուցանեց Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն, Գեբաղ լերան վրայ,

31

ինչպէս Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեր էր։ Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածին համաձայն՝ Յեսու այս զոհասեղանը 8անտաշ քարերէ կառուցանեց, որոնց երկաթ 9դպած չէր, եւ անոր վրայ Տէրոջ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։

32

Եւ հոն՝ այդ քարերուն վրայ գրեց Մովսէսի Օրէնքի գիրքին օրինակը, որ ան Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գրեր էր։

33

Ամբողջ Իսրայէլը, նաեւ իր երէցները, ոստիկաններն ու դատաւորները, տապանակին մէկ կողմը եւ միւս կողմը կայնած էին, Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող Ղեւտացի քահանաներուն առջեւ, թէ՛ գաղթականները եւ թէ բնիկները։ Անոնց կէսը Գարիզին լերան դիմաց կայնեցաւ, ու կէսն ալ՝ Գեբաղ լերան դիմաց, ինչպէս Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս նախապէս պատուիրեր էր, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը օրհնեն։

34

Յետոյ Օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ անէծքները, ամէն ինչ որ գրուած էր Օրէնքի գիրքին մէջ։

35

Մովսէսի բոլոր պատուիրածներէն բնա՛ւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու չկարդայ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին, նաեւ անոնց կիներուն ու մանուկներուն, եւ անոնց մէջ շրջող գաղթականներուն առջեւ։



1 Եբր.՝ դուրս քաշենք
2 Եբր.՝ կանգնեցէ՛ք ու քաղաքին տիրացէ՛ք
3 Կամ՝ Գայիի
4 Կամ՝ աղաղակով կանչուեցաւ
5 Եբր.՝ դուրս հանուեցան
6 Եբր.՝ ձեռքը
7 Եբր.՝ յաւիտենական
8 Եբր.՝ ամբողջ
9 Եբր.՝ երերցուած