Loading...

Joshua 9

Deuteronomy  «  Joshua 8  ‹  Joshua 9  ›  Joshua 10  »  Judges


ԽԵՒԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԽԱԲԵՆ ՅԵՍՈՒՆ

1

Երբ Յորդանանի այս կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որ լեռնակողմը, դաշտագետինը եւ Մեծ ծովուն ամբողջ եզերքը՝ մինչեւ Լիբանանի դիմաց կը բնակէին, այսինքն՝ Քետացիները, Ամորհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս բաները լսեցին,

2

միաբանութեամբ հաւաքուեցան՝ որպէսզի Յեսուի եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմին։

3

Գաբաւոնի բնակիչներն ալ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր.

4

բայց իրենք խորամանկութեամբ վարուեցան։ Գացին պաշարներ պատրաստեցին, եւ իրենց էշերուն վրայ մաշած քուրձեր ու մաշած, ճեղքուած եւ 1կարկտնուած գինիի տիկեր 2դրին.

5

իրենց ոտքերուն կօշիկները մաշած ու կարկտնուած էին, եւ իրենց վրայի հանդերձներն ալ մաշած էին. իրենց պաշար առած ամբողջ հացը չորցած ու մգլոտած էր։

6

Յետոյ Յեսուի բանակավայրը գացին՝ Գաղգաղայի մէջ, եւ անոր ու Իսրայէլի մարդոց ըսին. «Մենք հեռաւոր երկրէ կու գանք. ուստի հիմա մեզի հետ դաշի՛նք կնքեցէք»։

7

Բայց Իսրայէլի մարդիկը այդ Խեւացիներուն ըսին. «Թերեւս դուք մեր մէջ բնակիք, ձեզի հետ ի՞նչպէս դաշինք կնքենք»։

8

Իսկ անոնք Յեսուի ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք, եւ ուրկէ՞ կու գաք»։

9

Անոնք ալ անոր ըսին. «Քու ծառաներդ շատ հեռաւոր երկրէ եկած են, քու Աստուծոյդ՝ Եհովայի անունին համար, քանի որ անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք,

10

նաեւ անոր բոլոր ըրածները Յորդանանի միւս կողմը բնակող Ամորհացիներուն երկու թագաւորներուն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին, եւ Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին։

11

Ուստի մեր երէցներն ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի ըսին. “Ձեզի հետ պաշա՛ր առէք ճամբորդութեան համար, զանոնք դիմաւորելո՛ւ գացէք, եւ անոնց ըսէ՛ք. "Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշի՛նք կնքեցէք"”։

12

Այն օրը երբ մենք դուրս ելանք՝ ձեզի գալու համար, մեր այս պաշարի հացը մեր տուներէն տա՛ք առինք. իսկ հիմա ահա՛ չորցած ու մգլոտած է։

13

Այս գինիի տիկերը նո՛ր էին՝ երբ լեցուցինք, բայց ահա՛ ճեղքուեցան. մեր այս հանդերձները եւ կօշիկները մաշեցան՝ շատ երկար ճամբորդութեան պատճառով»։

14

3Անոնց պաշարին նայելով՝ այդ մարդիկը ընդունեցին՝՝, առանց 4Տէրոջ խորհուրդ՝՝ հարցնելու։

15

Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրաւ, եւ անոնց հետ դաշինք կնքեց որ զանոնք ողջ թողու. համայնքին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։

16

Անոնց հետ դաշինք կնքելէն երեք օր ետք լսեցին թէ անոնք իրենց հարեւաններն են ու իրենց մէջ կը բնակին։

17

Իսրայէլի որդիները մեկնելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան. անոնց քաղաքները՝ Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ եւ Կարիաթ-Յարիմ էին։

18

Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, որովհետեւ համայնքին իշխանները անոնց երդում ըրեր էին Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունով. բայց ամբողջ համայնքը իշխաններուն դէմ տրտնջեց։

19

Բոլոր իշխանները ամբողջ համայնքին ըսին. «Մենք Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունով անոնց երդում ըրինք. ուստի հիմա չենք կրնար անոնց դպչիլ։

20

Անոնց սա՛ ընենք. զանոնք ողջ թողունք, որպէսզի մեր վրայ զայրոյթ չըլլայ այն երդումին պատճառով՝ որ անոնց ըրինք»։

21

Ուստի իշխանները անոնց ըսին. «Թող ո՛ղջ մնան, բայց ամբողջ համայնքին փայտահատներն ու ջրկիրները ըլլան»։ Ուստի փայտահատներ եւ ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսեր էին։

22

Յետոյ Յեսու զանոնք կանչեց ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ խաբեցիք եւ ըսիք թէ “ձեզմէ շատ հեռու ենք”, մինչդեռ մեր մէջ կը բնակիք։

23

Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք, ու իմ Աստուծոյս տան համար ձեզմէ ստրուկ — փայտահատ եւ ջրկիր — թող չպակսի»։

24

Անոնք ալ Յեսուի պատասխանեցին. «Որովհետեւ քու ծառաներուդ ստուգապէս հաղորդուեցաւ թէ քու Աստուածդ՝ Եհովան, իր ծառային՝ Մովսէսի պատուիրեր էր այս ամբողջ երկիրը ձեզի տալ եւ այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջնջել. ուստի մենք ձեր պատճառով մեր անձերուն համար շատ վախցանք, ու այս արարքը ըրինք։

25

Ահա՛ հիմա քու ձեռքդ ենք. ըրէ՛ ինչ որ 5քեզի հաճելի եւ ուղիղ կը թուի՝՝ ընել մեզի»։

26

Ուստի անոնց այնպէս ըրաւ. զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց, որպէսզի զանոնք չմեռցնեն։

27

Յեսու նոյն օրը զանոնք փայտահատ ու ջրկիր ըրաւ, որպէսզի մինչեւ այսօր ծառայեն համայնքին եւ Տէրոջ զոհասեղանին՝ Տէրոջ ընտրելիք տեղը։



1 Եբր.՝ կապուած
2 Եբր.՝ առին
3 Կամ՝ Իսրայէլի մարդիկը անոնց պաշարէն առին
4 Եբր.՝ Տէրոջ բերանը
5 Եբր.՝ աչքերուդ լաւ եւ ուղիղ է