Loading...

Joshua 10

Deuteronomy  «  Joshua 9  ‹  Joshua 10  ›  Joshua 11  »  Judges


ԱՄՈՐՀԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆ

1

Երբ Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը լսեց թէ Յեսու Գային գրաւեց ու զայն աւերեց, թէ Գայիի եւ անոր թագաւորին ըրաւ այնպէս՝ ինչպէս Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրեր էր, եւ թէ Գաբաւոնի բնակիչները Իսրայելացիներուն հետ խաղաղութիւն ըրին ու անոնց մէջ են,

2

ինք եւ իր ժողովուրդը չափազանց վախցան, քանի որ Գաբաւոն թագաւորանիստ քաղաքի մը պէս մեծ քաղաք մըն էր. ան Գայիէն մեծ էր, ու անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։

3

Հետեւաբար Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը՝ Քեբրոնի Հոհամ թագաւորին, Յերիմութի Փիրամ թագաւորին, Լաքիսի Յափիէ թագաւորին ու Էգղոնի Դաբիր թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով.

4

«Իմ քո՛վս բարձրացէք եւ ինծի՛ օգնեցէք, որպէսզի Գաբաւոնը զարնենք. քանի որ Յեսուի հետ ու Իսրայէլի որդիներուն հետ խաղաղութիւն ըրաւ»։

5

Ուստի Ամորհացիներուն հինգ թագաւորները, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը հաւաքուեցան, եւ իրենք ու իրենց բոլոր բանակները բարձրացան, Գաբաւոնի դիմաց բանակեցան եւ անոր դէմ պատերազմեցան։

6

Գաբաւոնի մարդիկը Յեսուի մարդ ղրկեցին՝ Գաղգաղայի բանակավայրը, ըսելով. «Քու ծառաներէդ ձեռքդ մի՛ քաշեր, շուտո՛վ մեր քով բարձրացիր, ազատէ՛ մեզ եւ օգնէ՛ մեզի. քանի որ լեռնաբնակ Ամորհացիներուն բոլոր թագաւորները մեզի դէմ հաւաքուեցան»։

7

Ուստի Յեսու Գաղգաղայէն բարձրացաւ, ինք եւ իրեն հետ ամբողջ պատերազմի ժողովուրդը, բոլոր զօրաւոր կտրիճները։

8

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանի զանոնք քու ձեռքդ մատնեցի. անոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի կարենայ առջեւդ կայնիլ»։

9

Յեսու Գաղգաղայէն ամբողջ գիշերը 1քալելով՝ յանկարծակի անոնց վրայ հասաւ։

10

Տէրը զանոնք խուճապի մատնեց Իսրայէլի առջեւ, որ զանոնք Գաբաւոնի մօտ մեծ 2պարտութեան մատնեց՝՝, զանոնք Բեթորոն բարձրացող ճամբային վրայ հալածեց, եւ զանոնք մինչեւ Ազեկա ու Մակեդա զարկաւ։

11

Երբ անոնք Իսրայէլի առջեւէն կը փախչէին եւ Բեթորոնի 3զառիվայրէն կ’իջնէին՝՝, Տէրը անոնց վրայ երկինքէն կարկուտի մեծ քարեր նետեց մինչեւ Ազեկա, ու մեռան։ Կարկուտի քարերէն մեռնողները՝ Իսրայէլի որդիներուն սուրով մեռցուցածներէն շատ էին։

12

Այն ատեն Յեսու Տէրոջ հետ խօսեցաւ, այն օրը երբ Տէրը Ամորհացիները Իսրայէլի որդիներուն 4ձեռքը մատնեց, եւ Իսրայէլի 5առջեւ ըսաւ. «Արե՛ւ, Գաբաւոնի՛ դիմաց 6կեցիր. իսկ դուն՝ լուսի՛ն՝ Այեղոնի՛ հովիտին դիմաց»։

13

Ուստի արեւը 7կեցաւ եւ լուսինը իր տեղը 8մնաց մինչեւ որ ազգը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ։ Միթէ ասիկա Ուղիղին գիրքին մէջ գրուած չէ՞. արեւը երկինքին մէջտեղը 9մնաց, ու լման մէկ օրուան չափ մայր մտնելու չփութաց։

14

Ատոր պէս օր չեղաւ, ո՛չ անկէ առաջ եւ ո՛չ անկէ ետք, երբ Տէրը մարդու մը խօսքը մտիկ ըրաւ. որովհետեւ Տէրը Իսրայէլի համար պատերազմեցաւ։


ՅԵՍՈՒ ԳԵՐԻ Կ’ԱՌՆԷ ՀԻՆԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ

15

Ապա Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը Գաղգաղա՝ բանակավայրը վերադարձան։

16

Հինգ թագաւորները փախան ու Մակեդա՝ քարայրին մէջ պահուըտեցան։

17

Ուստի Յեսուի իմացուցին. «Այդ հինգ թագաւորները Մակեդա գտնուեցան՝ քարայրին մէջ պահուըտած»։

18

Յեսու ըսաւ. «Քարայրին բացուածքը մե՛ծ քարեր գլորեցէք եւ անոր քով մարդի՛կ դրէք, որպէսզի զանոնք պահպանեն։

19

Բայց դուք մի՛ կենաք. ձեր թշնամիները հետապնդեցէ՛ք ու անոնց վերջամնացները զարկէ՛ք. անոնց մի՛ թոյլատրէք որ իրենց քաղաքները մտնեն, քանի Տէրը՝ ձեր Աստուածը զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց»։

20

Երբ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն հետ աւարտեց զանոնք յոյժ մեծ պարտութեան մատնելը՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուց, անոնցմէ 10մնացած վերապրողները պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտան։

21

Ամբողջ ժողովուրդը խաղաղութեամբ Յեսուի վերադարձաւ, Մակեդա՝ բանակավայրը, եւ Իսրայէլի որդիներուն դէմ ո՛չ մէկը իր լեզուն շարժեց։

22

Յետոյ Յեսու ըսաւ. «Քարայրին բերա՛նը բացէք, քարայրէն այդ հինգ թագաւորները հանեցէ՛ք ու ինծի՛ բերէք»։

23

Այդպէս ալ ըրին. քարայրէն այդ հինգ թագաւորները — Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը — հանեցին եւ անոր տարին։

24

Երբ այս թագաւորները Յեսուի առջեւ ելան, Յեսու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը կանչեց, ու իրեն հետ գացող պատերազմիկներու մեծաւորներուն ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք եւ ձեր ոտքերը այս թագաւորներուն վիզերո՛ւն վրայ դրէք»։ Անոնք ալ մօտեցան ու իրենց ոտքերը անոնց վիզերուն վրայ դրին։

25

Յեսու անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք եւ մի՛ զարհուրիք, ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք. քանի որ Տէրը ա՛յսպէս պիտի ընէ ձեր բոլոր թշնամիներուն, որոնց դէմ դուք պիտի պատերազմիք»։

26

Ապա Յեսու զանոնք զարկաւ, զանոնք մեռցուց, եւ զանոնք հինգ ծառէ կախեց. ծառերուն վրայ մինչեւ իրիկուն կախուած մնացին։

27

Արեւին մայր մտնելու ատենը Յեսու հրամայեց որ զանոնք ծառերէն իջեցնեն ու զանոնք նետեն քարայրին մէջ՝ ուր պահուըտած էին։ Քարայրին բացուածքը մեծ քարեր դրին, որոնք կը կենան մինչեւ այսօր։


ՅԵՍՈՒ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

28

Յեսու նոյն օրը Մակեդան ալ գրաւեց. զայն սուրի բերանէ անցուց, անոր թագաւորն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը անճիտեց, եւ ո՛չ մէկ վերապրող թողուց։ Մակեդայի թագաւորին ալ ըրաւ այնպէս՝ ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրեր էր։

29

Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Մակեդայէն Լեբնա անցան, ու Լեբնայի դէմ պատերազմեցան։

30

Տէրը զայն ալ անոր թագաւորով Իսրայէլի ձեռքը մատնեց։ Զայն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը սուրի բերանէ անցուցին եւ ո՛չ մէկ վերապրող թողուցին։ Անոր թագաւորին ըրին այնպէս՝ ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրեր էին։

31

Ապա Յեսու ու իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Լեբնայէն Լաքիս անցան, եւ անոր դիմաց բանակելով՝ անոր դէմ պատերազմեցան։

32

Տէրը Լաքիսը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց, ու երկրորդ օրը զայն գրաւելով՝ զայն եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը սուրի բերանէ անցուցին, ինչպէս Լեբնայի ըրեր էին։

33

Այն ատեն Գազերի Հորամ թագաւորը բարձրացաւ՝ Լաքիսի օգնելու։ Յեսու զայն ու անոր ժողովուրդը զարկաւ, այնպէս որ անոնցմէ ո՛չ մէկ վերապրող մնաց։

34

Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Լաքիսէն Էգղոն անցան, ու անոր դիմաց բանակելով՝ անոր դէմ պատերազմեցան։

35

Նոյն օրը զայն գրաւելով՝ սուրի բերանէ անցուցին, եւ Յեսու նոյն օրը անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը անճիտեց, ինչպէս Լաքիսի ըրեր էր։

36

Ապա Յեսու ու իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Էգղոնէն Քեբրոն բարձրացան, եւ անոր դէմ պատերազմեցան։

37

Զայն գրաւելէ ետք՝ սուրի բերանէ անցուցին զայն, անոր թագաւորը, անոր բոլոր քաղաքներն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը, եւ ո՛չ մէկ վերապրող թողուցին, ինչպէս Էգղոնի ըրեր էին. այսպէս զայն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը անճիտեցին։

38

Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը՝ Դաբիր վերադարձան ու անոր դէմ պատերազմեցան։

39

Զայն, անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները գրաւեցին, զանոնք սուրի բերանէ անցուցին ու անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը անճիտեցին, եւ ո՛չ մէկ վերապրող թողուցին. ինչպէս Քեբրոնի ըրեր էին, եւ ինչպէս Լեբնայի ու անոր թագաւորին ըրեր էին, նոյնպէս ալ Դաբիրի եւ անոր թագաւորին ըրին։

40

Յեսու ամբողջ երկիրը զարկաւ.— լեռնակողմը, հարաւային կողմը, դաշտագետինը եւ լեռներուն ստորոտը, նաեւ անոնց բոլոր թագաւորները. ո՛չ մէկ վերապրող թողուց, հապա ամէն շնչաւոր անճիտեց, ինչպէս Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը պատուիրեր էր։

41

Յեսու զանոնք զարկաւ Կադէս-Բառնեայէն մինչեւ Գազա, եւ ամբողջ Գոսոմի երկիրը՝ մինչեւ Գաբաւոն։

42

Յեսու մէկ անգամէն գրաւեց այս բոլոր թագաւորներն ու անոնց երկիրը, քանի որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը կը պատերազմէր Իսրայէլի համար։

43

Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ ամբողջ Իսրայէլը Գաղգաղա՝ բանակավայրը վերադարձան։



1 Եբր.՝ բարձրանալով
2 Եբր.՝ հարուածով զարկաւ
3 Եբր.՝ զառիվայրն էին
4 Եբր.՝ առջեւ
5 Եբր.՝ աչքերուն
6 Եբր.՝ լուռ կեցիր
7 Եբր.՝ լուռ կեցաւ
8 Եբր.՝ կանգ առաւ
9 Եբր.՝ կանգ առաւ
10 Եբր.՝ վերապրած