Loading...

Joshua 11

Deuteronomy  «  Joshua 10  ‹  Joshua 11  ›  Joshua 12  »  Judges


ՅԵՍՈՒ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՅԱԲԻՆԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

1

Երբ Հասորի Յաբին թագաւորը այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին, Սամրոնի թագաւորին, Աքսափի թագաւորին,

2

ու հիւսիսային լեռները, Քեներէթի հարաւային դաշտը, դաշտագետինը, եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի բարձունքին վրայ եղող թագաւորներուն,

3

արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամորհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն, եւ Հերմոնի ստորոտը՝ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։

4

Անոնք ալ իրենց բոլոր բանակներով դուրս ելան — շատ ժողովուրդով՝ ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ, յոյժ շատ ձիերով ու կառքերով։

5

Երբ այս բոլոր թագաւորները իրարու հանդիպեցան, գացին եւ Մառոնի ջուրին քով միասին բանակեցան, որպէսզի Իսրայէլի դէմ պատերազմին։

6

Տէրը Յեսուի ըսաւ. «1Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանի որ վաղը՝ այս ատեն՝ ես անոնց բոլորը Իսրայէլի առջեւ մեռցուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը պիտի կտրես ու կառքերն ալ կրակով պիտի այրես»։

7

Ուստի Յեսու, եւ իրեն հետ ամբողջ պատերազմի ժողովուրդը, յանկարծակի անոնց վրայ հասան Մառոնի ջուրին քով, եւ անոնց վրայ 2յարձակեցան։

8

Տէրը զանոնք Իսրայէլի ձեռքը մատնեց, որ զանոնք զարկաւ ու զանոնք հալածեց մինչեւ Մեծն Սիդոն, մինչեւ Մասրեփոթ-Մայիմ, եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը՝ դէպի արեւելք. զանոնք զարկին՝ մինչեւ որ անոնցմէ ո՛չ մէկ վերապրող թողուցին։

9

Յեսու անոնց ըրաւ այնպէս՝ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց, ու կառքերը կրակով այրեց։

10

Այդ ատեն Յեսու վերադարձաւ, Հասորը գրաւեց եւ անոր թագաւորը սուրով 3մեռցուց, որովհետեւ առաջ՝ Հասոր այդ բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։

11

Անոր մէջ գտնուած բոլոր անձերը սուրի բերանէ անցուցին եւ անճիտեցին. ո՛չ մէկ շնչաւոր մնաց, ու Հասորը կրակով այրեց։

12

Յեսու այդ թագաւորներուն բոլոր քաղաքները գրաւեց, անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք սուրի բերանէ անցընելով անճիտեց, ինչպէս Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս պատուիրեր էր։

13

Սակայն Իսրայէլ ո՛չ մէկը այրեց այն քաղաքներէն՝ որ իրենց 4հողաբլուրներուն վրայ կը կենային, բացի Հասորէն. Յեսու միայն զայն այրեց։

14

Իսրայէլի որդիները իրենց համար կողոպտեցին այդ քաղաքներուն ամբողջ աւարը եւ անասունները, իսկ բոլոր մարդիկը սուրի բերանէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջնջեցին եւ ո՛չ մէկ շնչաւոր թողուցին։

15

Ինչպէս Տէրը իր ծառային՝ Մովսէսի պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուի պատուիրեց, ու Յեսու այնպէս ըրաւ. Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներէն ոչինչ զանց ըրաւ։


ՅԵՍՈՒԻ ԳՐԱՒԱԾ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

16

Յեսու այդ ամբողջ երկիրը առաւ.— լեռնակողմը, ամբողջ հարաւային կողմը, ամբողջ Գոսոմի երկիրը, դաշտագետինը եւ դաշտը, ու Իսրայէլի լեռը եւ անոր դաշտագետինը,

17

Սէիր բարձրացող Քալակ լեռնէն մինչեւ Լիբանանի հովիտին մէջ եղող Բահաղ-Գադը՝ Հերմոն լերան ստորոտը. անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց, զանոնք զարկաւ եւ զանոնք մեռցուց։

18

Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն դէմ երկար ժամանակ պատերազմեցաւ։

19

Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ՝ Իսրայէլի որդիներուն հետ խաղաղութիւն ընող ո՛չ մէկ քաղաք կար. բոլորն ալ պատերազմով առնուեցան։

20

Արդարեւ անոնց սիրտին կարծրանալն ու պատերազմով Իսրայէլի հանդիպիլը Տէրոջմէն եղաւ, որպէսզի զանոնք նզովէ, այսինքն առանց ողորմութեան զանոնք բնաջնջէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

21

Այդ ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն — Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն, Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն — Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով միասին անճիտեց։

22

Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն ո՛չ մէկը մնաց. միայն Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ անոնցմէ մնացին։

23

Այսպէս՝ Յեսու ամբողջ երկիրը գրաւեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ըսեր էր։ Յեսու զայն Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ՝ անոնց տոհմերուն բաժիններուն համեմատ, ու երկիրը պատերազմէն հանդարտեցաւ։



1 Եբր.՝ Անոնց երեսէն
2 Եբր.՝ ինկան
3 Եբր.՝ զարկաւ
4 Եբր.՝ հողակոյտերուն