Joshua 12
Deuteronomy « Joshua 11 ‹ Joshua 12 › Joshua 13 » Judges
ՄՈՎՍԷՍԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ
1Ահա՛ւասիկ այդ երկրին թագաւորները, որ Իսրայէլի որդիները զարկին եւ անոնց երկրին տիրացան՝ Յորդանանի միւս կողմը, դէպի արեւելք, Առնոն վտակէն մինչեւ Հերմոն լեռը՝ արեւելեան կողմին ամբողջ դաշտով.—
2Ամորհացիներուն Սեհոն թագաւորը, որ Եսեբոն կը բնակէր, Գաղաադի կէսին վրայ կը տիրէր, Առնոն վտակին եզերքը եղող Արոէրէն ու ձորին մէջտեղէն մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղող Յաբոկ վտակը.
3նաեւ դաշտին վրայ կը տիրէր, մինչեւ Քեներէթի ծովը՝ դէպի արեւելք, ու մինչեւ դաշտին ծովը՝ այսինքն Աղի ծովը՝ արեւելեան կողմը, Բեթեսիմոթի ճամբան, իսկ հարաւային կողմը՝ Ասեդովթ-Փասգայի ստորոտը։
4Ահա՛ւասիկ հսկաներու մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին հողամասը. ան Աստարովթի եւ Եդրայիի մէջ կը բնակէր,
5ու Հերմոն լերան, Սելքայի եւ ամբողջ Բասանի վրայ կը տիրէր՝ մինչեւ Գեսուրացիներուն ու Մաքաթացիներուն հողամասը, նաեւ Գաղաադի կէսին վրայ, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին հողամասն էր։
6Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ասոնք զարկաւ Իսրայէլի որդիներուն հետ, եւ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ասոնց երկիրները իբր ստացուածք տուաւ Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս տոհմին։
ՅԵՍՈՒԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ
7Ահա՛ւասիկ այդ երկրին թագաւորները, որ Յեսու եւ Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանի այս կողմը՝ դէպի արեւմուտք, Լիբանանի հովիտին մէջ եղող Բահաղ-Գադէն մինչեւ Քալակ լեռը, որ դէպի Սէիր կը բարձրանայ (Յեսու Իսրայէլի տոհմերուն իբր ստացուածք տուաւ՝ իրենց բաժիններուն համեմատ՝
8լեռնակողմը, դաշտագետինը, դաշտերուն մէջ, լեռներուն ստորոտները, անապատը եւ հարաւային կողմը բնակող Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Քանանացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն եւ Յեբուսացիներուն երկիրները).—
9Երիքովի թագաւորը՝ մէկ, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը՝ մէկ,
10Երուսաղէմի թագաւորը՝ մէկ, Քեբրոնի թագաւորը՝ մէկ,
11Յերիմութի թագաւորը՝ մէկ, Լաքիսի թագաւորը՝ մէկ,
12Էգղոնի թագաւորը՝ մէկ, Գազերի թագաւորը՝ մէկ,
13Դաբիրի թագաւորը՝ մէկ, Գադերի թագաւորը՝ մէկ,
14Հորմայի թագաւորը՝ մէկ, Արադի թագաւորը՝ մէկ,
15Լեբնայի թագաւորը՝ մէկ, Ոդողոմի թագաւորը՝ մէկ,
16Մակեդայի թագաւորը՝ մէկ, Բեթէլի թագաւորը՝ մէկ,
17Թափուայի թագաւորը՝ մէկ, Ոփերի թագաւորը՝ մէկ,
18Ափէկի թագաւորը՝ մէկ, Լասարոնի թագաւորը՝ մէկ,
19Մադոնի թագաւորը՝ մէկ, Հասորի թագաւորը՝ մէկ,
20Սամրոն-Մառոնի թագաւորը՝ մէկ, Աքսափի թագաւորը՝ մէկ,
21Թանաքի թագաւորը՝ մէկ, Մակեդդովի թագաւորը՝ մէկ,
22Կադէսի թագաւորը՝ մէկ, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը՝ մէկ,
23Դովրի բարձունքին վրայ եղած Դովրի թագաւորը՝ մէկ, Գաղգաղա եղած Գոյիմի թագաւորը՝ մէկ,
24Թերսայի թագաւորը՝ մէկ. այս բոլոր թագաւորներուն թիւը՝ երեսունմէկ էր։