Loading...

Joshua 13

Deuteronomy  «  Joshua 12  ‹  Joshua 13  ›  Joshua 14  »  Judges


ԴԵՌ ՉԱՌՆՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

1

Երբ Յեսու ծերացաւ եւ 1տարիքը յառաջացաւ՝՝, Տէրը անոր ըսաւ. «Դուն ծերացար ու տարիքդ յառաջացաւ, բայց տակաւին յոյժ շատ երկիր կը մնայ տիրանալու։

2

Ահա՛ւասիկ մնացած երկիրը.— Փղշտացիներուն բոլոր շրջանները եւ ամբողջ Գեսուրը,

3

Եգիպտոսի դիմաց եղող Սիովրէն մինչեւ Քանանացիներուն սեպուած Ակկարոնի հողամասը՝ դէպի հիւսիս, այսինքն՝ Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները, Գազացիներուն, Ազովտացիներուն, Ասկաղոնացիներուն, Գեթացիներուն, ու Ակկարոնացիներուն, նաեւ Աւացիներուն երկիրը։

4

Հարաւային կողմէն՝ Քանանացիներուն ամբողջ երկիրն ու Սիդոնացիներու Մէարան, մինչեւ Ափէկ ու մինչեւ Ամորհացիներուն հողամասը.

5

Գեբաղացիներուն երկիրը եւ ամբողջ Լիբանանը, դէպի արեւելք, Հերմոն լերան ստորոտը եղող Բահաղ-Գադէն մինչեւ Եմաթի մուտքը.

6

բոլոր լեռնաբնակները՝ Լիբանանէն մինչեւ Մասրեփոթ-Մայիմ, բոլոր Սիդոնացիները։ Ե՛ս զանոնք պիտի վտարեմ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն. դուն միայն այս երկիրը իբր ժառանգութիւն վիճակով բաժնէ Իսրայելացիներուն, ինչպէս քեզի պատուիրեցի»։


ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

7

«Ուստի հիմա այս երկիրը իբր ժառանգութիւն բաժնէ՛ ինը տոհմին ու Մանասէի կէս տոհմին»։

8

Արդարեւ Ռուբէնեաններն ու Գադեանները անոր միւս կէսին հետ ստացան իրենց ժառանգութիւնը, որ Մովսէս անոնց տուաւ Յորդանանի միւս կողմը՝ դէպի արեւելք, Տէրոջ ծառային Մովսէսի տուածին համեմատ.—

9

Առնոն վտակին եզերքը եղող Արոէրէն, ձորին մէջտեղը եղող քաղաքէն եւ ամբողջ Մեդաբայի լեռնադաշտէն մինչեւ Դեբոն.

10

Եսեբոնի մէջ թագաւորող Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին բոլոր քաղաքները՝ մինչեւ Ամմոնի որդիներուն հողամասը.

11

Գաղաադը, Գեսուրացիներուն ու Մաքաթացիներուն հողամասը, ամբողջ Հերմոն լեռը եւ ամբողջ Բասանը՝ մինչեւ Սելքա.

12

Բասանի մէջ՝ Ովգի ամբողջ թագաւորութիւնը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը թագաւորէր եւ հսկաներու մնացորդէն ի՛նք մնացած էր. բայց Մովսէս զանոնք զարկաւ ու վտարեց։

13

Սակայն Իսրայէլի որդիները Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները չվտարեցին. ուստի Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները մինչեւ այսօր Իսրայելացիներուն մէջ կը բնակին։

14

Միայն Ղեւիի տոհմին ժառանգութիւն չտուաւ. անոր ժառանգութիւնը Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն մատուցանուած պատարագներն են, ինչպէս անոր ըսեր էր։


ՌՈՒԲԷՆԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

15

Մովսէս Ռուբէնի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւն տուաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։

16

Անոնց հողամասը՝ Առնոն վտակին եզերքը եղող Արոէրէն, ու ձորին մէջտեղը եղող քաղաքէն մինչեւ Մեդաբայի քով՝ ամբողջ լեռնադաշտը եղաւ,

17

նաեւ Եսեբոնը եւ անոր լեռնադաշտին բոլոր քաղաքները՝ Դեբոն, Բամոթ-Բահաղ, Բեթ-Բահաղ-Մէոն,

18

Յասսա, Կադեմոթ, Մեփայաթ,

19

Կարիաթեմ, Սեբամա, Սարեթ- Սահառ՝ 2Եմակ լերան վրայ,

20

Բեթփէովր, Ասեդովթ-Փասգա, Բեթեսիմոթ,

21

լեռնադաշտին բոլոր քաղաքներն ու Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին ամբողջ թագաւորութիւնը, որ Եսեբոնի մէջ կը թագաւորէր։ Մովսէս զայն զարկաւ Մադիամի իշխաններուն՝ Եւիի, Րոկոմի, Սուրի, Ուրի եւ Ռոբէի հետ, որոնք Սեհոնի 3նախարարներն էին ու այդ երկրին մէջ կը բնակէին։

22

Իսրայէլի որդիները Բէովրեան Բաղաամ դիւթն ալ սուրով մեռցուցին՝ իրենց միւս մեռցուցածներուն հետ։

23

Յորդանանը՝ իր եզերքով՝ Ռուբէնի որդիներուն սահմանը եղաւ։ Ա՛յս է Ռուբէնի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։


ԳԱԴԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

24

Մովսէս Գադի տոհմին, Գադի որդիներուն, ժառանգութիւն տուաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։

25

Անոնց հողամասը՝ Յազեր, բոլոր Գաղաադի քաղաքները եւ Ամմոնի որդիներուն երկրին կէսը եղաւ՝ մինչեւ Արոէր, որ Ռաբբայի դիմաց է,

26

նաեւ Եսեբոնէն մինչեւ Մասփայի Ռամովթը ու Բոտանիմ, եւ Մանայիմէն մինչեւ Դաբիրի սահմանը,

27

իսկ հովիտին մէջ՝ Բեթարամ, Բեթնամրա, Սոկքովթ ու Սափոն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին թագաւորութեան մնացորդը, Յորդանանը՝ իր եզերքով՝ մինչեւ Քեներէթի ծովուն ծայրը, Յորդանանի միւս կողմը՝ դէպի արեւելք։

28

Ա՛յս է Գադի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները ։


ՄԱՆԱՍԷԻ ԿԷՍ ՏՈՀՄԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

29

Մովսէս Մանասէի կէս տոհմին ալ ժառանգութիւն տուաւ, որ Մանասէի որդիներուն կէս տոհմին եղաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։

30

Անոնց հողամասը՝ Մանայիմէն սկսեալ՝ ամբողջ Բասանը եղաւ.— Բասանի Ովգ թագաւորին ամբողջ թագաւորութիւնը, ու Յայիրի բոլոր գիւղաքաղաքները՝ որ Բասանի մէջ են, վաթսուն քաղաք։

31

Գաղաադի կէսը, Աստարովթ ու Եդրայի, Ովգի թագաւորութեան քաղաքները՝ Բասանի մէջ, Մանասեան Մաքիրի որդիներուն եղան, այսինքն Մաքիրի որդիներուն կէսին՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։

32

Ասոնք են այն քաղաքները, որ Մովսէս իբր ժառանգութիւն տուաւ Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դիմաց՝ Յորդանանի միւս կողմը, դէպի արեւելք։

33

Բայց Մովսէս Ղեւիի տոհմին ժառանգութիւն չտուաւ. անոնց ժառանգութիւնը Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածն էր, ինչպէս անոնց ըսեր էր։



1 Եբր.՝ օրերը գացին
2 Կամ՝ հովիտի
3 Եբր.՝ օծեալներն