Joshua 14
Deuteronomy « Joshua 13 ‹ Joshua 14 › Joshua 15 » Judges
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ
1Ահա՛ւասիկ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգած տեղերը, որ Եղիազար քահանան, Նաւեան Յեսու եւ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերուն նահապետները իբր ժառանգութիւն տուին անոնց։
2Ինն ու կէս տոհմերուն վիճակով տրուեցաւ անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը Մովսէսի 1միջոցով հրամայեր էր.
3քանի որ Մովսէս երկուք ու կէս տոհմերուն Յորդանանի միւս կողմը ժառանգութիւն տուեր էր, բայց անոնց մէջ՝ Ղեւտացիներուն ժառանգութիւն տուած չէր։
4Արդարեւ Յովսէփի որդիները երկու տոհմ էին, Մանասէ ու Եփրեմ. հետեւաբար երկրին մէջ Ղեւտացիներուն բաժին չտուին, հապա միայն քաղաքներ՝ բնակելու համար, նաեւ անոնց արուարձանները՝ իրենց խաշինքին եւ ինչքին համար։
5Իսրայէլի որդիները ըրին այնպէս՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, ու երկիրը բաժնեցին։
ՔԵԲՐՈՆ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ՔԱՂԷԲԻ
6Յուդայի որդիները Գաղգաղայի մէջ Յեսուի ներկայացան, ու Կենեզեան Յեփոնէի որդին՝ Քաղէբ անոր ըսաւ. «Դուն գիտես այն խօսքը, որ Տէրը Կադէս-Բառնեայի մէջ Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի ըսաւ ինծի եւ քեզի համար։
7Ես քառասուն տարեկան էի երբ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս զիս Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց՝ երկիրը լրտեսելու համար, ու սիրտիս մէջ եղածին համաձայն լուր բերի անոր։
8Ինծի հետ բարձրացող եղբայրներս ժողովուրդին սիրտը հալեցուցին. իսկ ես Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս լման հետեւեցայ։
9Նոյն օրը Մովսէս երդում ըրաւ՝ ըսելով. “Այն երկիրը՝ որուն վրայ ոտքերդ կոխած են, անշո՛ւշտ քեզի ու քու որդիներուդ յաւիտեան ժառանգութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս լման հետեւեցար”։
10Հիմա ահա՛ Տէրը այս քառասունհինգ տարիները զիս ողջ պահած է՝ իր ըսածին համաձայն, այն ժամանակէն ի վեր՝ երբ Տէրը այս խօսքը Մովսէսի ըսաւ, մինչ Իսրայէլ անապատին մէջ կը քալէր. հիմա ահա՛ այսօր ութսունհինգ տարեկան եմ,
11եւ այսօր տակաւին ուժեղ եմ, ինչպէս էի այն օրը՝ երբ Մովսէսի զիս ղրկեց. ինչպէս էր ոյժս այն ատեն, հիմա ալ ոյժս նոյնպէս է՝ պատերազմելու, ելլելու եւ մտնելու համար։
12Ուստի հիմա տո՛ւր ինծի այս լեռը, որուն համար Տէրը այդ օրը խօսեցաւ. արդարեւ դուն այդ օրը լսեցիր թէ հոն բնակող Ենակիմները մեծ, պարսպապատ քաղաքներ ունին. թերեւս Տէրը ինծի հետ ըլլայ, ու ես զանոնք վտարեմ, ինչպէս Տէրը ըսաւ»։
13Յեսու զինք օրհնեց, եւ Քեբրոնը իբր ժառանգութիւն տուաւ Յեփոնեան Քաղէբի։
14Հետեւաբար Քեբրոն մինչեւ այսօր Կենեզեան Յեփոնէի որդիին՝ Քաղէբի ժառանգութիւնը եղաւ, որովհետեւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն լման հետեւեցաւ։
15Քեբրոնի անունը առաջ 2Կարիաթ-Արբա էր, եւ այդ Արբան Ենակիմներուն մէջ մեծ մարդ մըն էր։ Ու երկիրը պատերազմէն հանդարտեցաւ։