Loading...

Joshua 15

Deuteronomy  «  Joshua 14  ‹  Joshua 15  ›  Joshua 16  »  Judges


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

1

Յուդայի որդիներուն տոհմին վիճակը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմի հողամասը կը հասնէր. հարաւային կողմէն՝ Սինի անապատը անոնց հարաւային սահմանին ծայրն էր։

2

Անոնց հարաւային սահմանը՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն դէպի հարաւ նայող ծոցէն 1կը սկսի՝՝,

3

հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերէն դուրս ելլելով Սին կ’անցնի, ու հարաւային կողմէն Կադէս-Բառնեայ բարձրանալով Եսրոն կ’անցնի. յետոյ դէպի Ադդար բարձրանալով՝ Կարկայի կողմը կը դառնայ.

4

ապա Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսի վտակէն դուրս կ’ելլէ, եւ այս սահմանը ծովը կը յանգի։ Ա՛յս է ձեր հարաւային սահմանը։

5

Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է՝ մինչեւ Յորդանանի ծայրը։ Հիւսիսային կողմի սահմանը՝ Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի.

6

այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կը բարձրանայ, Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կ’անցնի, եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բահանի քարը կը բարձրանայ։

7

Յետոյ այս սահմանը Աքովրի հովիտէն Դաբիր կը բարձրանայ, հիւսիսային կողմէն կը դառնայ դէպի Գաղգաղա, որ այդ վտակին հարաւային կողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դիմաց է։ Այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգէլի աղբիւրը կը յանգի.

8

այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորէն կը բարձրանայ դէպի Յեբուսի՝ այսինքն Երուսաղէմի հարաւային կողմը. յետոյ այս սահմանը կը բարձրանայ մինչեւ այն լերան գագաթը, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դիմաց է, իսկ հիւսիսային կողմէն Ռափայիններու հովիտին ծայրն է։

9

Այս սահմանը լերան գագաթէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը 2հասնի, ու Եփրոն լերան քաղաքներէն դուրս կ’ելլէ. ապա այս սահմանը մինչեւ Բահաղա՝ այսինքն Կարիաթ-Յարիմ կը հասնի։

10

Այս սահմանը Բահաղայէն դէպի արեւմուտք՝ Սէիրի լեռը կը դառնայ, եւ հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերան քովէն՝ այսինքն Քեսաղոնէն կ’անցնի, Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնայէն կ’անցնի։

11

Այս սահմանը Ակկարոնի քով դուրս կ’ելլէ՝ դէպի հիւսիս. այս սահմանը Սաքարոն հասնելով՝ Բահաղա լեռնէն կ’անցնի եւ Յաբնէլէն դուրս կ’ելլէ. այս սահմանը ծովը կը յանգի։

12

Արեւմտեան սահմանը Մեծ ծովուն եզերքն է։ Ա՛յս է Յուդայի որդիներուն հողամասը՝ շրջակայքով, իրենց գերդաստաններուն համեմատ։


ՔԱՂԷԲ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՔԵԲՐՈՆԸ ԵՒ ԴԱԲԻՐԸ (Դատ. 1. 11-15)

13

Ինչպէս Տէրը Յեսուի հրամայեր էր, Ենակի հօր՝ Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ։

14

Քաղէբ անկէ վտարեց Ենակի երեք որդիները՝ Սէսին, Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակի զաւակները։

15

Յետոյ անկէ բարձրացաւ Դաբիրի բնակիչներուն դէմ. (Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)

16

Քաղէբ ըսաւ. «Ո՛վ որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու զայն գրաւէ, աղջիկս՝ Աքսան անոր պիտի տամ իբր կին»։

17

Գոթոնիէլ, Քաղէբի եղբօր՝ Կենեզի որդին, զայն գրաւեց եւ Քաղէբ իր աղջիկը՝ Աքսան անոր տուաւ իբր կին։

18

Երբ անոր քով հասաւ, զայն դրդեց որ իր հօրմէն արտ մը խնդրէ։ Իշուն վրայէն իջաւ, ու Քաղէբ իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ կը խնդրես»։

19

Ինք ալ պատասխանեց. «Ինծի 3ընծա՛յ մը տուր. քանի ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի 4ջուրի աղբիւրնե՛ր՝՝ ալ տուր»։ Ուստի անոր տուաւ վերին աղբիւրներն ու ստորին աղբիւրները։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

20

Ահա՛ւասիկ Յուդայի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ.—

21

Եդովմի հողամասին քով, հարաւային կողմը, Յուդայի որդիներուն տոհմին ծայրագոյն քաղաքներն են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր,

22

Կինա, Դեմոնա, Ադադա,

23

Կադէս, Հասոր, Յեթնան,

24

Զիփ, Տելէմ, Բաալոթ,

25

Հասոր-Ադաթա, 5Կարիոթ, Եսրոն՝՝, այսինքն՝ Հասոր,

26

Ամամ, Սամա, Մոլադա,

27

Ասեր-Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ,

28

Ասեր-Սուաղ, Բերսաբէ, Բազիոթիա,

29

Բահաղա, Իյիմ, Ասէմ,

30

Էլթուղադ, Քեսիլ, Հորմա,

31

Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա,

32

Լաբաովթ, Սելհէմ, Ային ու Ռեմոն. բոլորը՝ քսանինը քաղաք, եւ անոնց աւանները։

33

Դաշտագետինին մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա,

34

Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ,

35

Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա,

36

Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերոթայիմ). տասնչորս քաղաք, եւ անոնց աւանները։

37

Սենան, Ադասա, Մագդաղգադ,

38

Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ,

39

Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն,

40

Քաբբոն, Լամաս, Քիթլիս,

41

Գադերոթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա. տասնվեց քաղաք, եւ անոնց աւանները։

42

Լեբնա, Եթեր, Ասան,

43

Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ,

44

Կէիլա, Աքեզիբ ու Մարեսա. ինը քաղաք, եւ անոնց աւանները։

45

Ակկարոն՝ իր 6գիւղերով ու աւաններով։

46

Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթի 7մօտերը եղող բոլոր քաղաքները՝ իրենց աւաններով։

47

Ասեդովթ՝ իր գիւղերով եւ աւաններով։ Գազա՝ իր գիւղերով ու աւաններով, մինչեւ Եգիպտոսի վտակը եւ մինչեւ Մեծ ծովը՝ իր եզերքով։

48

Լեռնակողմը՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով,

49

Դաննա, Կարիաթ-Սաննա, այսինքն՝ Դաբիր,

50

Անաբ, Եսթեմով, Անիմ,

51

Գոսոմ, Քողոն ու Գեղոն. տասնմէկ քաղաք, եւ անոնց աւանները։

52

Երեբ, Դումա, Եսան,

53

Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա,

54

Քամմատա, Կարիաթ-Արբա, այսինքն՝ Քեբրոն, ու Սիովր. ինը քաղաք, եւ անոնց աւանները։

55

Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա,

56

Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով,

57

Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք, եւ անոնց աւանները։

58

Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր,

59

Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք, եւ անոնց աւանները։

60

Կարիաթ-Բահաղ, այսինքն՝ Կարիաթ- Յարիմ, ու Ռաբբա. երկու քաղաք, եւ անոնց աւանները։

61

Անապատին մէջ՝ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա,

62

Նեբսան, Աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք, եւ անոնց աւանները։

63

Բայց Յուդայի որդիները չկրցան Երուսաղէմ բնակող Յեբուսացիները վտարել. հետեւաբար Յեբուսացիները Երուսաղէմ կը բնակին մինչեւ այսօր՝ Յուդայի որդիներուն հետ։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ գծուի
3 Եբր.՝ օրհնութիւն
4 Կամ՝ ջրակոյտե՛ր
5 Կամ՝ Կարիոթ-Եսրոն
6 Եբր.՝ աղջիկներով
7 Եբր.՝ ձեռքին տակ