Joshua 16
Deuteronomy « Joshua 15 ‹ Joshua 16 › Joshua 17 » Judges
ԵՓՐԵՄԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
1Յովսէփի որդիներուն ելած վիճակը՝ Երիքովի դիմաց եղող Յորդանանէն, Երիքովի ջուրին արեւելեան կողմէն կ’երթայ այն անապատը՝ որ Երիքովէն Բեթէլի լեռը կը բարձրանայ։
2Սահմանը Բեթէլէն դուրս կ’ելլէ դէպի Լուզ, Ատարոթէն կ’անցնի՝ Արքիի հողամասին մօտ,
3արեւմտեան կողմէն՝ Յեփալթիի հողամասը կ’իջնէ, մինչեւ Ստորին Բեթորոնին հողամասը ու մինչեւ Գազեր, եւ ծովը կը յանգի։
4Յովսէփի որդիները՝ Մանասէ ու Եփրեմ՝ ա՛յս ժառանգութիւնը առին։
ԵՓՐԵՄ
5Եփրեմի որդիներուն հողամասը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ եղաւ։ Անոնց ժառանգութեան սահմանը՝ արեւելեան կողմէն Ատարոթ-Ադար է, մինչեւ Վերին Բեթորոնը։
6Սահմանը հիւսիսային կողմէն ծովը դուրս կ’ելլէ՝ Մաքմեթաթի մօտ. եւ այս սահմանը կը դառնայ դէպի արեւելք՝ մինչեւ Թէանթսելով, անկէ կ’անցնի արեւելեան կողմէն՝ դէպի Յանովէ,
7Յանովէէն կ’իջնէ Ատարովթ ու Նաարա, Երիքովի կը հասնի եւ Յորդանանէն դուրս կ’ելլէ։
8Այս սահմանը Թափուայէն Կանա վտակը կ’երթայ՝ արեւմտեան կողմէն, ու ծովը կը յանգի։ Ա՛յս է Եփրեմի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ,
9նաեւ Եփրեմի որդիներուն համար զատուած քաղաքները՝ Մանասէի որդիներուն ժառանգութեան մէջ, այս բոլոր քաղաքները՝ իրենց աւաններով։
10Անոնք Գազեր բնակող Քանանացիները չվտարեցին. հետեւաբար Քանանացիները Եփրեմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր, հարկատու հպատակներ ըլլալով։